«Փաթրիք Տէվէճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
No edit summary |
|||
Տող 1. | Տող 1. | ||
{{ Տեղեկաքարտ Անձ |
{{ Տեղեկաքարտ Անձ}} |
||
| ամուսին = Sophie Vanbremeersch |
|||
}} |
|||
'''Փաթրիք Տեւեճեան''', ({{ԱԾ}}), ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, նախարար, [[Ֆրանսաայի Ազգային ժողով]]ի անդամ, իշխող Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան ([[ԺՇՄ]], UMP) նախկին գործադիր գլխաւոր քարտուղար։ [[1983]]-[[2002]] թթ. Անթոնիի քաղաքապետն էր, [[2007]] թուականէն ի վեր Օ-տե-Սեն նահանգի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահը։ [[2014]] թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուեր է [[Պատւոյ շքանշան]]ով<ref>[https://president.am/hy/decrees/item/1350 Փաթրիք Տեւեճեանին Պատւոյ Շքանշանով Պարգեւատրելու մասին]</ref>։ |
'''Փաթրիք Տեւեճեան''', ({{ԱԾ}}), ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, նախարար, [[Ֆրանսաայի Ազգային ժողով]]ի անդամ, իշխող Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան ([[ԺՇՄ]], UMP) նախկին գործադիր գլխաւոր քարտուղար։ [[1983]]-[[2002]] թթ. Անթոնիի քաղաքապետն էր, [[2007]] թուականէն ի վեր Օ-տե-Սեն նահանգի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահը։ [[2014]] թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուեր է [[Պատւոյ շքանշան]]ով<ref>[https://president.am/hy/decrees/item/1350 Փաթրիք Տեւեճեանին Պատւոյ Շքանշանով Պարգեւատրելու մասին]</ref>։ |
19:33, 29 Մարտ 2020-ի տարբերակ
Փաթրիք Տեւեճեան, (26 Օգոստոս 1944[1][2][3][…], Ֆոնթենեպլօ[3] - 28 Մարտ 2020[3][4], Անթոնի[5][3]), ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, նախարար, Ֆրանսաայի Ազգային ժողովի անդամ, իշխող Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան (ԺՇՄ, UMP) նախկին գործադիր գլխաւոր քարտուղար։ 1983-2002 թթ. Անթոնիի քաղաքապետն էր, 2007 թուականէն ի վեր Օ-տե-Սեն նահանգի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահը։ 2014 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուեր է Պատւոյ շքանշանով[11]։
Փաթրիք Տեւեճեանը մահացեր է 2020 թ. Մարտի 29-ին՝ Քովիտ 2019-ի համաճարակի պատճառով՝ քանի մը օր առաջ դրական ախտորոշումէն յետոյ Անթոնիի հիւանդանոց տեղափոխուելէն յետոյ: Իրեն փոխարինող Ժաք Լըկռանը՝ Անթոնիի փոխքաղաքապետը, յաջորդեց իրեն նահանգային խորհուրդին մէջ:
Կենսագրութիւն
Ծնած է հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Հայրը ծագումով Սեբաստիան էր: Փոքր տարիքին կորսնցուցած է մօրը: Ուսանած է Սեւրի հայկական քոլէճի մէջ, ապա՝ Փարիզ II համալսարանի մէջ: Հինգ անգամ ընտրուեր է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու նախաձեռնողն ու համահեղինակն էր: 2002 թ. նշանակուեր է Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման հարցերով նախարար, 2004—2005 թթ. եղեր է արդիւնաբերության նախարար, ապա՝ տնտեսական զարգացման ծրագիրներու նախարար: Տեւեճեանը յայտնի է Հայ դատի համար իր պայքարով: ԱՍԱԼԱ-յի մարտիկներու դատավարութեան ժամանակ հանդէս եկեր է որպէս անոնց փաստաբան: Շարունակաբար աջակցեր է Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն:Ան Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրակի փաստաբանն էր եւ Նիքոլա Սարքոզիի ընկերը, Իր հիմնական գաղափարակիցներէն մեկը:
Երիտասարդութիւն եւ ընտանեկան կեանք
Հայրը՝ Ռոլան Տեւեճեանը, հայ ճարտարագէտ, ծնած էր Սիվասի մէջ՝ Թուրքիա եւ ներգաղթեր Ֆրանսա Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով: Մայրը՝ Մօնիք Վալուան, ծնած էր Պուլոնյ-սիւռ-Մեռում: Փաթրիք Ռոլան Գարեգին Տեւեճեանը աշակերտեր է Ֆռեթ-սիւռ-Սենի համայնքային դպրոցին մէջ, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատ հայկական քոլէճին մէջ, այնուհետեւ Ֆենըլոնի դպրոցի եւ Lycée Condorcet մէջ:
Փաթրիք Տեւեճեանը ուսումը շարունակած է Ասասի Իրաբաւանական կաճառի մէջ, այնուհետեւ Փարիզի Քաղաքական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ, որու տիպլոմը չի ստանար: Ալժէրիոյ մէջ պատերազմը ան կ'ընկալէ որպէս հակամարտութիւն իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, որը իրեն կը յիշեցնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որմէ փախեր էր իր հայրը[12], եւ այսպիսով, այս ամէնը իրեն կը դրդէ երիտասարդական ազգային ներգրաւուածութեան: 1963 թուականին՝ 17 տարեկանին, ան կը միանայ «Արեւմուտք» հիմնադիր խումբին (որը կը լուծարուի 1968 թուականին եւ կրկին կը կազմաւորուի «Նոր կարգ» անուանումով): 2014 թ. «Մոնտ»-ին տրուած հարցազրոյցին մէջ ան կը յայտարարէ. «Ես լիովին սխալուեր եմ եւ կ'ընդունիմ, սակայն ոչ մէկ յանցագործութեան համար պատասխանատու չեմ,[13]»:
1969 թուականին ան կ'ամուսնանայ Սօֆի Ֆանպրեմերշի հետ, որ ճեներալ Քլոտ Ֆանպրեմերշի աղջիկն էր: Զոյգը կ'ունենան չորս երեխայ, որոնցմէ Թոման[14], Պետական կառավարման բարձրագոյն դպրոցի ուսանող եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ է:
Փաթրիք Տեւեճեանը 1970 թուականէն Փարիզի փաստաբաններու պալատի փաստաբան է: Ան ստանձներ է Ժաք Շիրաքի եւ Շառլ Փասքայի դատական գործերու պաշտպանութիւնը:
Քաղաքական ճանապարհ
Սկիզբը, ծայրայեղ աջակողմեան
1964 թուականին Փաթրիք Տեւեճեանը, ինչպես Ալեն Մատլենը, Էտուէ Նովելին, Քլոտ Կոասկենը կամ Ժեռառ Լոնկէն, կը միանայ Փիեռ Սիտոյի հիմնադրած «Արեւմուտք» աջ ծայրայեղական ակտիվստական խմբին: 1965 թուականի նոյեմբերին Դռակինեանի ուղղիչ թրիպունալը Փաթրիք Տեւեճեանին եւ Ալէն Մատլէնին կը դատապարտէ մէկ տարուայ պայմանական ազատազրկման զէնքի գողութեան եւ անօրինական պահելու համար[15][16][17]:
Փաթրիք Տեւեճեանը «Արեւմուտք» խմբաւորումէն իր հեռանալը կը համարէ 1966 թուականին, երբ հանդիպեցաւ Ռէյմոն Առոնին: Մինչդեռ, 1966 թուականի Ապրիլին ան այլ ուլտրանացիոնալիստների հետ, որոնցմէ մէկն ալ Ալէն Մատլէնն էր, աշխուժօրէն կը մասնակցի Օտէոնի թատրոնի դիմաց կազմակերպուած ցոյցերուն՝ ընդդէմ Ժան Ժընեի «Paravents» ներկայացմանը, որն աջ ծայրայեղականները կ'ընկալէին որպէս ոտնձգութիւն գաղութարար Ֆրանսայի քաջ կեցուածքի: Ըստ լրագրող Ֆռետեռիք Շառփիէի, ով յղում կ'ընէ «Լիպեռասիոն» օրաթերթին, Տեւեճեանը այս միաւորման անդամ էր առնուազն մինչեւ 1967 թուականի Յունուարը, իսկ իր հեռացումը այդ ժամանակ իշխող կործանարար մթնոլորտի հետեւանքն էր: Իրեն կը մեղադրեն 1967 թուականի Յունուարին «Արեւմուտք»-ի կազմակերպած խափանարարական խումբի մը մասնակցութեան մէջ, որը Ռուանի մէջ յարձակած էր ծայրայեղ ձախերու ուսանողներու վրայ, 1967 թուականի Յուլիսի 12-ին կը դատապարտուի 12 ծայրայեղ աջ այլ անդամներու հետ որպէս «բարոյական հեղինակ» կանխամտածուած եւ զէնքի ուժով գործադրուած բռնութեան համար: Զինք կը կասկածին խումբի այլ անդամներուն մատնելու մէջ, ան ջուրով տանջանքներու կ'ենթարկուի եւ խումբը կը յայտարարէ իրեն հեռացման մասին 1967 թուականի Նոյեմբերին: Այնուհետեւ, ան հրապարակայնօրէն ընդուներ եւ զղջացեր է այն, ինչ որ ինք կը համարէ երիտասարդական սխալ:
1970 թուականին Ճոռճ Լիէպեռի հետ կը ստեղծէ «Contrepoint» (Հակակաշիռ) հանդէսը` Ռեյմոն Առոնի հովանաւորութեամբ:
Անդամակցություն «Հանրապետութեան համար միաւորմանը» եւ ընտրութիւն Անթոնիի մէջ
Յաջորդող տարիներուն իր փաստաբանական գործունէութիւնն ու քաղաքական համոզումները զինք կը մղեն յարիլ Կոլիսթական շարժմանը: Ան կ'անդամակցի «Հանրապետութեան դեմոկրատներու միութեանը» 1971 թուականին եւ կ'աջակցի բոլորովին նոր «Հանրապետութեան համար միաւորմանը»: Վերջինիս կանոնադրութիւնը կը գրէ իր մտերիմ Շառլ Փասքայի հետ:
1977 թուականին կոմունիստ ծերակուտական Անտռէ Օպռիի կազմած ձախերու ցուցակով թեկնածուական մասնացկութիւնը Անթոնիի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն կը յաղթէ: Տեւեճեանը հակակոմունիստ էր եւ իր թեկնածութիւնը կ'առաջադրէ «Հանրապետութեան համար միաւորում»-էն քաղաքի ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու համար:
Ան կը պարտուի 1978 թուականի օրէնսդրական ընտրութիւններուն, ինչպես նաեւ 1982 թվականի կանտոնային եւ 1983 թվականի մունիցիպալ ընտրություններին: Մինչդեռ, Պետական խորհրդի վարչական թրիպունալ դիմելէն յետոյ, 1983 թուականի քաղաքապետարանի ընտրութիւնը կը չեղարկուի զեղծարարութեան պատճառով: Ան կը յաղթէ երկրորդ ընտրութիւններուն եւ կ'ընտրուի Անթոնիի քաղաքապետ: Իր ընտրական ցուցակին մէջ Ժան-Իվ Լը Կալուն կը դառնայ մշակութային օգնական՝ որպէս Հանրապետական կուսակցութեան անդամ: 1985 թուականին, երբ վերջինս կ'անդամակցի «Ազգային ճակատ»-ին, Փաթրիք Տեւեճեանը զայն կը հեռացնէ քաղաքապետարանի մեծամասնութիւնէն:
Փաթրիք Տեւեճեանը Անթոնիի քաղաքապետ է եղել 19 տարի՝ 1983 թուականէն մինչեւ 2002 թուականը եւ իրեն նուիրեր քաղաքի արդիականացմանը, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ իր մահը: Ան կը վերընտրուի իր պաշտօնին մէջ 1989, 1995 եւ 2001 թուականներին: Վերջին տարին կայացած ընտրութիւններուն ան իր ընտրական ցուցակով առաջին անգամ յաղթանակ կը տանի ընտարական առաջին փուլին մէջ:
Օ-տը-Սենի պատգամաւորութեան առաջին Յանձնարարութիւնները
Փաթրիք Տեւեճեանը 1986 թուակականին ընտրվում է պատգամաւոր եւ մինչեւ 2002 թուականն Ազգային ժողովի ֆինանսներու յանձնաժողովի անդամ էր: Առեւտուրի եւ թարիֆներու գլխաւոր համաձայնագրի զեկուցող էր 1993 թուականին, իսկ 1997-2002 թթ.՝ Արդարադատութեան նախարարութեան պիւճէի զեկուցող: Ան «Հանրապետութեան համար միաւորման» այն եզակի խորհրդարանականներէն է, ով քուէարկեր է 1992 թ. Մաասթրիխթի պայմանագրի համար:
1995 թուականի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին Նիքոլա Սարքոզիի հետ Էտուառ Պալատիւռի ջերմեռանդ կողմնակիցն էր: «Հանրապետութեան համար միաւորման» մէջ ապաշխարանքի ճանապարհ կ'անցնի, ինչպէս պալատիւռիսթներու մեծամասնութիւնը: Ան կրկին աջակցութիւն կը ստանայ 2002 թուականի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին:
Նախարար Ժաք Շիրաքի կառավարման ընթացքին
Աջակողմեանները կը յաղթեն 2002 թուականին: Նիքոլա Սարքոզիի կառավարման ընթացքին, երբ վերջինս դեռ Ներքին գործերու նախարարն էր, ան կը նշանակուի Տեղական ազատութիւններու լիազօրուած նախարար, երբ կիրառութեան կը դնէ Ապակենտրոնացման երկրորդ վճիռը: Ժաք Շիրաքը կը պահաջէ, որպէսզի նախարարներն ալ չբախուին գործադիր յանձնարարութեան, ան հրաժարական կու տայ Անփոնիի քաղաքապետի պաշտօնէն՝ իր խորհրդականներէն մէկուն՝ Ռեյմոն Սիպիյիի օգտին: Իր փոխարինող Ժոռժ Սիֆրետին կը դառնայ պատգամաւոր՝ ըստ օրէնքով նախատեսուած դրոյթի:
Երբ Նիքոլ Սարքոզիին կը նշանակեն տնտեսութեան եւ ֆինանսներու նախարար, Փաթրիք Տեւեճեանը կը դառնայ Արդյունաբերութեան լիազօրուած նախարար մինչեւ 2005 թուականի մայիսը, երբ ալ մաս չի դառնար Վիլփենի կառավարութեան անդամներու: 13-րդ վարչական շրջանի Օ-տը-Սենի (Անթոնի, Պուռ-լա-Ռեն, Շաթընէ-Մալապռի, Սօ) պատգամաւոր կը վերընտրուի 2005 թուականի հոկտեմբերին:
Որպէս Նիկոլա Սարկոզիի քաղաքական խորհրդական՝ Փաթրիք Տեւեճեանը «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» այն առաջին անդամներէն էր, ովքեր հրապարակայնօրէն կողմ արտայայտուեցան Առաջին աշխատանքի պայմանագրի չեղարկմանը՝ հակառակակ, որ ան նախապէս քանի մը անգամ պաշտպաներ էր այն, քանի որ իր քաղաքական կուսակցութեան առաջադրած դրոյթներէն էր:
Նիկոլա Սարքոզիի նախագահութեան շրջանին ստանձնած գործառոյթներ
2007 թ. նախագահական ընտրութիւնների ընթացքին ան, բնականաբար, կը սատարէ Նիքոլա Սարքոզիի թեկնածութիւնը: 2007 թ. Մայիսի 18-ին Փաթրիք Տեւեճեանը չի դառնար Ֆրանսուա Ֆիոնի կառավարութեան անդամ եւ իր բարկութիւնը կ'արտայայտէ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէն կատարուած գովաբանական բացմանը՝ յայտարարելով հետեւեալը. «Ես անկեղծ կառավարութեան կողմնակիցն եմ, ինչպէս նաեւ սարքոզիսթներու, այսպիսով ամէնը ըսուած է»:
Դժգոհ Արդարադատութդան նախարարի պաշտօնին Ռաշիտա Տաթիի նշանակումէն՝ պաշտօն մը, որը Նիքոլ Սարքոզին իրեն նախօրոք խոստացեր էր, Փաթրիք Տեւեճեանը, այնուամենայնիւ, 2007 թ. Յունիսի 1-ին կը յաջորդէ Նիքոլա Սարքոզիին Օ-տը-Սենի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահութեան պաշտօնի մէջ եւ կը դառնայ «Ժողովրդական շարժման միութեան» նախագահ՝ որպէս լիազօր գլխաւոր քարտուղար՝ փոխարինելով Պռիս Օռթըֆիոյին: Իսկ 2007 թ. Սեպտեմբերի 25-ին կը դառնայ գլխաւոր քարտուղար:
2008 թ. Դեկտեմբերի 5-ին կը լքէ մեծամասնական կուսակցութեան ղեկավարի իր պաշտօնը, երբ կը նշանակուի նախարար եւ աշխուժացման ծրագրի կիրառման համար պատասխանատու, որը կառավարական ժամանակաւոր պաշտօն էր՝ Ֆինանսական ճգնաժամին յաջորդած Ֆրանսայի տնտեսութեան աշխուժացման ծրագիրի իրագործելու համար: Մինչդեռ, ան չի դառնար Ֆրանսուա Ֆիոնի կառավարութեան անդամ, որը կը կազմաւորուի 2010 թ. Նոյեմբերի 14-ին:
Օ-տը-Սենի նահանգային խորհրդի նախագահ
Գլխաւոր խորհրդի նախագահութեան պաշտօնին իր ընտրուելէն մէկ տարի անց Փաթրիք Տեւեճեանը «L'Express»-ի մէջ 2008 թ. Յուլիսի 17-ին կը յայտարարէ հետեւեալը. «Ի շարունակականութիւն Նիքոլա Սարքոզիի նախաձեռնութեան, ինծի տարած են մաքրելու «Աւկեան ախոռները» Օ-տը-Սենի նահանգի մէջ»: Այս խօսքը թշնամանք կը յարուցէ Փաթրիք Տեւեճեանի եւ նահանգի այլ ընտրեալներու միջեւ:
Ընդդէմ Փաթրիք Տեւեճեանի կամքի՝ Ժան Սարքոզին կ'ըննտրուի գլխաւոր խորհրդի մեծամասնական խմբի նախագահ: Այս ընտրութիւնը նոր ճնշումներու առիթ կու տայ, եւ Փաթրիք Տեւեճեանը կը հաստատէ. «Նիքոլա Սարքոզիի եւ մեր միջեւ իր տղան է»: Երիտասարդ ընտրուած պաշտօնեան այնուհետեւ կը ցանկայ յաջորդել Փաթրիք Տեւեճեանին՝ Պաշտպանութեան տեղամասի կարգաւորման համար հանրային հաստատութեան ղեկավար այն բանէն յետոյ, երբ վերջինիս չհաջողուեցաւ փոխել այդ պաշտօնը զբաղեցնելու համար սահմանուած տարիքային շէմը: Հանրային կարծիքը թշնամաբար կը վերաբերուի, այնունամենայնիւ, Ժան Սարքոզին կը հրաժարի իր թեկնածութիւնէն:
2010 թ. նոյեմբերին, Ֆրանսուա Ֆիոնի կազմած երկրորդ կառավարութեան կազմի մէջ կրկին չ'ընդգրկուելէն յետոյ, Փաթրիք Տեւեճեանը կը պարտուի «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» դաշնութեան նախագահի թեկանութեան Օ-տը-Սենի ընտրութիւններուն, որուն մէջ կը յաղթէ Ժան-Ժաք Կիյէն՝ 64% մեծամասնութեամբ: Փաթրիք Տեւեճեանը կը մեղադրէ Նիքոլա Սարքոզիի միջավայրին իր դէմ կազմակերպած խուսավարութեան համար:
2011 թ. Գաւառային կամ նահանգային ընտրութիւններու մօտենալուն զուգընթաց Փաթրիք Տեւեճեանը կրկին կասկած կը յայտնէ առ այն, որ Ժան Սարքոզին կ'ուզէ զբաղեցնել գլխաւոր խորհուրդի նախագահութեան իր պաշտօնը: «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» շատ ընտրուածներ ձեռնպահ են կը մնան կարծիք յայտնելէ, իսկ Ժան Սարքոզին կոչ կ'ընէ սառնարիւնութիւն պահպանել: Ընտրութիւններու հետեւանքով կը փոխուի իրադրութիւնը. քանի որ Փաթրիք Տեւեճեանը կը վերընտրուի Անթոնիի մէջ, սարքոզիսթներէն շատերը (յատկապէս Իզապէլ Պալքանին եւ Մառի-Սեսիլ Մենառը), կը պարտուին: Նիքոլա եւ Ժան Սարքոզիները կը տեղեկացնեն, որ իրենք չեն ընդդիմանար գլխաւոր խորհուրդի նախագահի վերընտրուելուն:
2012 թ. հունիսին, նախագահական ընտրութիւններուն Նիքոլա Սարքոզիի պարտութիւնէն յետոյ, Փաթրիք Տեւեճեանի կաբինետի ղեկավարը՝ Մարի-Սեսիլ Կիյոմը, հրատարակեց կարեւոր վէպ մը՝ «Մոնարխը, իր տղան, իր կալուածքը», որն ըստ իրեն՝ կը պատմէ Սարքոզիի կլանի կողմէն Փաթրիք Տեւեճեանի դէմ կատարուած խուսավարութեան մասին: Ամբողջովին ներկայացնելով Փաթրիք Տեւեճեանի տեսակէտը՝ գիրքը մեծ յուզմունք կ'առաջացնէ սարքոզիսթներու եւ Օ-տը-Սենի «Ժողովրդավարական շարժման միութեան» անդամներու մէջ: Փաթրիք Տեւեճեանին կը մեղադրեն գիրքը պատուիրելու համար, սակայն վերջինս այդ մեղադրանքը չի ընդունիր, սակայն վերջ ի վերջոյ կը համաձայնի աշխատանքէն ազատիլ իր խորհրդասենեակի ղեկավարին:
Փաթրիք Տեւեճեան ը 13-րդ վարչական շրջանի Օ-տը-Սենի պատմագաւոր կրկին կը դառնայ 2010 թ. Դեկտեմբերին: Ան կը վերընտրուի 2012 թ. Յունիսին՝ 200 ձայն առաւելութեամբ յաղթելով իր մրցակից Ժիւլիէն Լանտֆրիտին: Իր վերընտրութիւնը կը չեղարկուի 2012 թ. Հոկտեմբերին Սահմանադրական խորհուրդի կողմէն անընտրելիութեան եւ իր փոխարինող Ժորժ Սիֆրետիի պատճառով, որ արդէն Ծերակոյտի մէջ «Հանրապետութեան համար միաւորման» փոխարինողն էր եւ, այսպիսով, չէր կարող մասնակցիլ օրէնսդրական ընտրութիւններուն: Որու հետեւանքով, մասնակի օրէնսդրական ընտրութիւն մը կը կազմակերպուի 2012 թ. Դեկտեմբերին Փաթրիք Տեւեճեանը կը վերընտրուի երկրորդ փուլին մէջ՝ 60% ձայներով:
Ան կը սատարէ Ֆռանսուա Ֆիոնի թեկնածութիւնը «Հանրապետութեան համար միաւորման» նախագահութեան համար 2012 թ. աշնանը տեղի ունեցած համաժողովին:
Ընդդէմ Փաթրիք Օլիէի առաջադրուած թեկնածու «Հանրապետութեան համար միաւորում»-էն Փարիզի մեթրոփոլի նախագահութեան թեկնածութեան համար, ան 2014 թ. Դեկտեմբերի 19-ին ան կ'ընտրուի Փարիզի մեթրոփոլի խառն սենտիքայի գործակալութեան նախագահ՝ յաջորդելով ընկերվարական Տանիէլ Կիռոյին եւ, այսպիսով, ստանձնելով Մեծ Փարիզի մեթրոփոլի իրագործումը 2016 թ. Յունուարի մէկին:
2015 թ. նահանգային ընտրութիւններու ընթացքին ան կ'ընտրուի նահանգային խորհրդական Անթոնիի նոր գաւառի համար: Ան այնուհետեւ կը վերընտրուի Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ (գլխավոր խորհրդի նոր անվանումն է):
2016 թ. Յունիսին ան կը յայտարարէ, որ չի մասնակցելու 2017 թ. օրէնսդրական ընտրութիւններուն: կը հովանաւորէ Նաթալի Քոշուսքօ-Մոռիզէին Հանրապետականներու 2016 թ. նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին, բայց կ'աջակցի Ալէն Ժիւպէին:
Յանձնարարութիւններու եւ գործառոյթներու բնութագրութիւն
Կառավարութեան մէջ
- 2002 թ. Մայիսի 7-ից 2004 թ. մարտի 30. Ներքին գործերու, Ներքին անվտագնության եւ տեղական ազատությունների նախարարին կից լիազոր նախարար, Ռաֆարենի կառավարություն (2002 թ. մայիս-հունիս եւ 2002 թ. հունիս - 2004 թ. մայիս),
- 2004 թ. Մարտի 31-ից 2005 թ. մայիսի 31. Պետական քարտուղարին, Տնտեսության, ֆինանսների եւ արդյունաբերության նախարարին կից լիազոր նախարար, Արդյունաբերության նախարարության պատասխանատու, Ռաֆարենի կառավարություն (2004 թ. Մարտից 2005 թ. մայիս),
- 2008 թ. Դեկտեմբերի 5-ից 2010 թ. նոյեմբերի 13. վարչապետին կից նախարար, ակտիվացման պլանի կիրառման համար պատասխանատու Ֆիյոնի կառավարությունում:
Ազգային ժողովի մէջ
Օ-տը-Սենի պատգամաւոր՝
- 1986 թ. ապրիլի 2-ից 2002 թ. հուլիսի 16. ընտրվել է 1986 մարտի 16-ին, վերընտրվել 1988 թ. հունիսի 12ին, 1993 թ. մարտի 28-ին, 1997 թ. հունիսի 1-ին եւ 2002 թ. հունիսի 16-ին (2002 թ. հուլիսի 16-օմ իր պաշտոնը փոխանցում է իր փոխարինողին՝ Ներքին գործերի, Ներքին անվտագնության եւ տեղական ազատությունների նախարարին կից լիազոր նախարարի գործառույթների ստանձնման կապակցությամբ),
- 2005 թ. հոկտեմբերի 4-ից 2009 թ. հունվարի 5-ը. ընտրվել է 2005 թ. հոկտեմբերի 2-ին եւ վերընտրվել 2007 թ. հունիսի 17-ին,
- 2010 թ. դեկտեմբերի 14-ից ի վեր կրկին ինքնաբերաբար ստանձնում է իր պաշտոնը կառավարական գործառույթների ավարտով պայմանավորված եւ 2012 թ. հունիսի 17-ին վերընտրվում է երկրորդ փուլում, որը չեղարկվում է 2012 թ. հոկտեմբերի 18-ի Սահմանադրական խորհրդի որոշմամբ: Վերընտրվում է օրենսդրական մասնակի ընտրությունների երկրորդ փուլում՝ 2012 թ. դեկտեմբերի 16-ին:
Քաղաքապետական եւ միջհամայնքային յանձնարարութիւններ
- 1983 թ. Հոկտեմբերի 16-ից 2002 թ. Մայիսի 29, Անթոնիի քաղաքապետ,
- 2002 թ. Մայիսի 30-էն 2005 թ. Հոկտեմբերի 27, Անթոնիի քաղաքապետի երկրորդ տեղակալ (Օ-տը-Սեն),
- 2002 թ. Հոկտեմբերի 11-էն 2005 թ. Հոկտեմբերի 25, Օ տը Պիէվռի համախմբուած համայնքի նախագահ (անդամ՝ 2002-2008 թթ.):
Նահանգային յանձնարարութիւններ mandates
- 2004 թ. Մարտի 29-էն 2020 թ. Մարտի 29, նահանգային խորհրդական (ընտրուած Պուռ-լա-Ռենի Գաւառի մէջ) եւ գլխաւոր խորհուրդի փոխնախագահ՝ մինչեւ 2007 թ.,
- 2007 թ. Յունիսի 1-ից 2020 թ. Մարտի 29, Օ-դը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ:
Կուսակցութիւններու մէջ
- 1984 թ., «Հանրապետութեան համար միաւորման» կեդրոնական կոմիտէի անդամ,
- 1986-1988 թթ., դաշնութիւններու ազգային քարտուղար,
- 1998-1999 թթ., «Հանրապետութեան համար միաւորման» ազգային քարտուղար, Ընկերային հարցերու պատասխանատու,
- 1999-2001 թթ., «Հանրապետութեան համար միաւորման» խօսնակ,>
- 2001-2002 թթ., «Հանրապետութեան համար միաւորման» նախագահ Միշել Ալիո-Մառիի քաղաքական խորհրդական:
«Հանրային շարժման միութիւն»
- 2002 թ., «Հանրային շարժման միութեան» հիմնադիրներու եւ գործադիր կոմիտէի անդամ,
- 2007 թ. Սեպտեմբերի 25-էն 2008 թ. Դեկտեմբերի 5, «Հանրային շարժման միութեան» գլխաւոր քարտուղար:
Այլ
- Լուվրի ընկերներու ընկերակցութեան փոխնախագահ,
- 2017-20 թթ., Լուվրի թանգարանի հանրային հաստատութեան ղեկավարութեան խորհուրդի անդամ[18]:
Հայկական համայնք
Փաթրիք Տեւեճեանը, ով ընդգրկուած է Ֆրանսայի հայկական համայնքի մէջ, որուն անդամ է եւ ինքը, կը պայքարէր յատկապես Թուրքիոյ կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական ճանաչման համար: Այս այլ կողմէն խորհրդարանական վերանայումի օրակարգի մէջ է՝ 8 տարի անց ձախակողմեաններու կողմէն անյաջող փորձէն յետոյ, որը կը վերաբերէր 2006 թ. Հոկտեմբերին ընդունուած օրէնքին, որմով Ֆրանսան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը[19]:
Երեսունհինգ տարի առաջ՝ 1985 թ., Պատրիկ Դևեջյանն Ասալայի գործողությունները որակել էր «դիմադրություն», որը 1975-83 թթ. ընթացքում մի շարք գործողություններ է արել՝ Թուրքիայի եւ միջազգային հանրության կողմից Հայոց ցեղասպանության ճանաչման պարտադրման նպատակով: Նա, ի դեպ, Ասալայի որոշ անդամների փաստաբանն է եղել:
Թուրքիայի անդամակցութիւնը ԵՄ-ին
Փաթրիք Տեւեճեանը դեմ է(ր) Թուրքիայի անդամակցութեանը Եւրոպական միութեանը՝ համարելով, որ այն չի յարգեր Քոփենհակենեան չափանիշները: Ըստ իրեն՝ Թուրքիան չի ընդունիր իր անցեալը (Հայոց ցեղասպանութեան ժխտում), չի ճանաչեր ԵՄ որոշ անդամ-պետութիւններուն (Կիպրոսի հանրապետութիւնը) եւ կը հալածէ ազգային որոշ փոքրամասնութիւններու (քիւրտերուն):
Իր՝ «Խօսքի նախարարութիւնը» գիրքին մէջ, ան գրած է.
- « Ես, այսպիսով, շատ բարեացամ եմ Թուրքիայի հետ երկխօսութեանը՝ հակառակ, իր բիրտութեանն ու անընդունելի վերաբերմունքին, որը կը խորհրդանշուի եւրոպական տարածքի մէկ մասի ռազմական գրաւումով. Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը՝ այն ժամանակ, երբ Թուրքիան կը խնդրէէ իրաւաբանօրէն դառնալ անդամ» (էջ 190),
- Թուրքիայի անդամակցութիւնն անհամատեղելի է եւրոպական նախագիծին հետ, որը իրապէս կը յենուի իրեն անդամակցող ամէն մէկ պետութեան ազգայնականութեան ցաւի վրայ: Այդ է պատճառը, որ Թուրքիան կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատի կու տայ անոնց, ովքեր կը զայրանան, ինչպէս գրող Օրհան Փամուկը: Այս կը համարուէր ստորացում: Նոյն կերպ, Կիպրոսի հիւսիսէն tadargovmu եւ Կիպրոսի հարաւի ճանաչումը կը համարուէին պարտութիւն: Վերջապէս ասորմով կը բացատրուի այն, թէ ինչու Թուրքիան չի կարող ընդունիլ պատսպարել քիւրտ փոքրամասնութեան. այս կ'ընկալուէր որպէս ազգի մասնատում, վնաս միասնութեան համար» (էջ 191):
Ծանօթագրութիւններ
- ↑ 1,0 1,1 Sycomore / Assemblée nationale
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Répertoire national des élus — 2019.
- ↑ 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 (unspecified title)
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Who's Who in France — Paris: 1953. — ISSN 0083-9531; 2275-0908
- ↑ Geneanet — 2000.
- ↑ 7,00 7,01 7,02 7,03 7,04 7,05 7,06 7,07 7,08 7,09 Ֆրանսիայի ազգային ժողով — 1958.
- ↑ Patrick Devedjian, président des Hauts-de-Seine et ancien ministre, est mort du Covid-19 // Le Monde / J. Fenoglio — Paris: Société éditrice du Monde, 2020. — ISSN 0395-2037; 1284-1250; 2262-4694
- ↑ Sophie, l'indispensable moitié // L'Express — 2005. — ISSN 0014-5270; 2491-4282
- ↑ Devedjian père et fils ensemble face à la crise // 20 Minutes — Schibsted, 2009. — ISSN 1632-1022
- ↑ Փաթրիք Տեւեճեանին Պատւոյ Շքանշանով Պարգեւատրելու մասին
- ↑ https://www.lexpress.fr/region/un-electron-libre-en-son-fief_485744.html
- ↑ https://www.lemonde.fr/politique/article/2014/02/26/qui-sont-les-anciens-d-occident_4373581_823448.html
- ↑ https://www.20minutes.fr/economie/307765-20090304-devedjian-pere-fils-ensemble-face-a-crise
- ↑ http://edito.nicematin.net/Var/pdf/devedjian_madelin.pdf
- ↑ http://www.cuverville.org/IMG/pdf/NiceMatin_11_11_65.pdf
- ↑ https://www.lemonde.fr/politique/article/2010/05/14/evocation-de-son-passe-judiciaire-devedjian-deboute_1351900_823448.html
- ↑ https://www.legifrance.gouv.fr/affichTexte.do?cidTexte=JORFTEXT000034011323&dateTexte=&categorieLien=id
- ↑ https://www.elwatan.com/spip.php?page=article&id_article=41989
Արտաքին յղումներ
- Փաթրիք Տեւեճեանի մահը, կարելի է ըսել, մեծն Ազնաւուրէն յետոյ, անամոքելի վիշտ է հայ-ֆրանսական բարեկամութեան համար. Վարչապետի ցաւակցականը/ Aysor, 29/03/2020
- Patrick Devedjian, l'amer RPR/ Liberation, 1998
- եմ Փաթրիք Տեւեճեանի մահուան բօթէն. սա ծանր հարուած է ֆրանսահայութեանը, հայ ժողովուրդին, Ֆրանսային». Նիկոլ Փաշինեան
- Տեւեճեան Մարսէյի Մէջ Կը Զօրակցի Վալերի Պուայէի Թեկնածութեան
- Տեւեճեան ընտանիքը 5000 նոր մարզազգեստ կը նուիրէ ՀՀ մարզերու մարմնակրթութեան դպրոցներու աշակերտներուն
- Ֆրանսայի մէջ պսակաձեւ ժահրէն մահացեր է Փաթրիք Տեւեճեան / Ազատութիւն, 2020
- Ֆրանսայի մէջ պսակաձեւ ժահրէն մահացեր է Փաթրիք Տեւեճեանը
|