Jump to content

Արլինկթընի Ազգային Գերեզմանատուն

The printable version is no longer supported and may have rendering errors. Please update your browser bookmarks and please use the default browser print function instead.
Արլինկթընի ազգային գերեզմանատունը

Արլինկթընի ազգային գերեզմանատուն (անգլերէն՝ Arlington National Cemetery)՝ ամերիկեան ռազմական գերեզմանատուն Ուաշինկթընի արուարձան Արլինկթընի մէջ։ Գերեզմանատան տարածքին թաղուած են պատերազմներու մասնակիցներ, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ, Գերագոյն դատարանի նախագահներ եւ աստղանաւորդներ:

Ներկայիս հոն թաղուածներու քանակը 320 հազար է, մակերեսը 2.53 քմ2 է:[1]

Պատմութիւն

Հիմնուած է 1865-ին եւ նախատեսուած էր Քաղաքացիական պատերազմին զոհուած զինուորները թաղելու համար: Գերեզմանատան հողակտորը առգրաւուած է Քաղաքացիական պատերազմին Հարաւի բանակի գլխաւոր հրամանատար Ռապըրթ Լիէն:

Յուղարկաւորութեան Կանոնները

Գերեզմանատունէն ներս կրնան թաղուիլ պատերազմներու մասնակիցներ եւ անոնց ընտանիքներու անդամներ, ծառայութեան մէջ գտնուած եւ պաշտօնաթող զինուորականներ, նախագահներ, պետական պարգեւներու արժանացած դէմքեր:

Կան նաեւ սահմանափակումներ, զոր օրինակ գերեզմանատունէն ներս չեն կրնար թաղուիլ յանցագործութիւններու համար մահապատժի կամ ցմահ բանտարկութեան արժանացած անձինք:

Ըստ կանոններու, ընտանիքին անդամները կրնան պահանջել, որ գերեզմանի մարմարեայ սալին վրայ նշուի թաղուածի կրօնական պատկանելութեան խորհրդանիշը:

Բաժանումներ

Գերեզմանատունը բաժնուած է 70 մասերու, հարաւարեւելեան եւ արեւմտեան քանի մը տեղամասեր կը պահուին հետագայ օգտագործման համար:[2] 60-րդ տեղամասը նախատեսուած է 2001-էն ետք ահաբեկչութիւններու զոհերու համար:[3] 21-րդ տեղամասը յայտնի է նաեւ Բուժքոյրերու տեղամաս անունով:[4] Մէկ այլ տեղամաս՝ Քահանաներու տեղամասն է, ուր կը գտնուին հրէական, բողոքական եւ կաթողիկէ զինուորական քահանաներու յուշաքարեր: 1901-ին, Զինուորներուն Տունէն ներս թաղուած են Համադաշնութեան զինուորներ:

Գերեզմանատունէն Ներս Թաղուած Նշանաւոր Անձինք

Ճոն Քենետիի անմար կրակը
Յուշարձան սպանիա-ամերիկեան պատերազմի (անգլերէն՝ Spanish-American War, 1898) բուժքոյրերուն

Պետական քարտուղարներ՝

Գերագոյն դատարանի նախագահներ՝

  • Արուեստի եւ մշակոյթի գործիչներ՝
    • Դերասաններ՝
      • Լի Մարվին (անգլերէն՝ Lee Marvin, մ. 1987)
      • Ճեքի Քուփըր (անգլերէն՝ Jackie Cooper, մ. 2011)՝ ծովային ծառայելու պատուին
    • Երգահան եւ երաժիշտ Կլէն Միլլեր (անգլերէն՝ Alton Glenn Miller, մ. 1944)
    • Գրող Տաշիլ Հէմմիթ (անգլերէն՝ Dashiel Hammet, մ. 1961)
  • Զինուորականներ՝
    • Ժեներալ Ճորճ Մարշըլ (անգլերէն՝ George Catlatt Marshall, Jr., մ. 1979)
    • Ժեներալ, հրամանատար Ճոն Շալիքաշվիլի (անգլերէն՝ John Malchase David Shalikashvili, վրաց.՝ ჯონ მალხაზ დევიდ შალიკაშვილი)
  • Այլ՝

Ծանօթագրութիւններ

  1. Arlington National Cemetery trying to account for missing $12 million
  2. «Interactive map of Arlington National Cemetery»։ Arlington National Cemetery։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 18, 2015-ին։ արտագրուած է՝ January 20, 2013 
  3. «Mementos adorn 'saddest acre'»։ CNN։ May 23, 2009։ արխիւացուած բնօրինակէն August 8, 2009-ին։ արտագրուած է՝ August 5, 2009 
  4. «Nurses Memorial»։ Arlington National Cemetery։ արտագրուած է՝ August 5, 2009 
  5. «Biography of William Howard Taft, President of the United States and Chief Justice of the U.S. Supreme Court»։ Historical Information։ Arlington National Cemetery։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ December 6, 2006-ին։ արտագրուած է՝ February 24, 2016 
  6. Gresko Jessica (May 25, 2011)։ «Supreme Court at Arlington: Justices are Chummy Even in Death»։ արտագրուած է՝ February 24, 2016 
  7. [1]
  8. «Elvera S. Burger, Supreme Court Spouse» 
  9. Woodward Bob, Scott Armstrong (2005)։ The Brethren: Inside the Supreme Court։ New York City: Siomn & Schustler։ էջ 385։ ISBN 0-7432-7402-4 
  10. "Earl Warren Buried In Arlington Cemetery", Pittsburgh Post-Gazette, Washington (AP), July 13, 1974, page 3.
  11. [2]