Jump to content

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

The printable version is no longer supported and may have rendering errors. Please update your browser bookmarks and please use the default browser print function instead.
«ՔրիսթիանօՌօնալտու»
փորթ.՝ Cristiano Ronaldo
Ծննդեան անուն փորթ.՝ Cristiano Ronaldo dos Santos Aveiro
Նաեւ յայտնի է իբրեւ CR7, El Comandante, D7OS, Míster Champions եւ El Bicho[1]
Ծնած է 5 Փետրուար 1985
Ծննդավայր Փորթուկալ
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Փորթուկալ
Մայրենի լեզու Փորթուկալերէն
Ազդուած է Հորմէ եւ նախկին Փորթուկալի լաւագոյն ֆութպոլ խաղացողներէ
Կարողութիւն Ֆութպոլի յարձակող դիրքը յանձն առնել
Մասնագիտութիւն ֆութպոլիստ
Աշխատավայր Ոտնագնդակ խաղացող
Ծնողներ հայր՝ José Dinis Aveiro?, մայր՝ Maria Dolores dos Santos Aveiro?
Երեխաներ Alana Martina dos Santos Aveiro?, Bella Esmeralda? եւ Cristiano Ronaldo Jr?
Կայքէջ cristianoronaldo.com(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (փորթ.՝ Cristiano Ronaldo, ծնած է 5 Փետրուար 1985), ան կը խաղայ իր ազգային խումբէն եւ խմբապետն է, միեւնոյն ատեն Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ խումբէն իբրեւ յարձակող։

2008 թուականին ան ստացաւ Ոսկէ գնդակը իբրեւ աշխարհի լաւագոյն խաղցող. շարունակ իր աշխատանքով ան 2013 եւ

1997 թուականէն մինչեւ 2003 թուական ան խաղցած է Փորթուկալի «Սփորթինկ» խումբին մէջ, ապա 2003 թուականին գնաց Անգլիոյ Մանչեսթըր խումբը:

2003-ին ան իր առաջին խաղը խաղցաւ, որ 18 տարեկան էր։

2014 Յունուարին ան նշանակեց իր 400-րդ կօլը եւ ան արդէն 28 տարեկան էր։

Ան շահած է զանազան բաժակներ Մանչեսթըրի հետ եւ աշխարհի լաւագոյն խաղցող մարզիկը 2008 թուականին։

2004 թուականին Եւրոպայի խաղերուն նշանակեց իր ազգային խումբին առաջին կօլը Յունաստանի դէմ եւ օգնեց իր խումբին աւարտական խաղին մասնակցելու:

2009 թուականին փոխադրուեցաւ Սպանիոյ Րէալ Մատրիտ խումբը եւ այդ թուականին ան եղաւ աշխարհի ամենասուղ խաղցողը։ 2012-ին եղաւ առաջին խաղցողը որ կօլ նշանակեց բոլոր Սպանիոյ խումբերուն դէմ։ Ան այս դարուս Սպանիոյ ամենաշատ կօլ նշանակող անձն է։ Խումբին բերաւ 10-րդ բաժակը:

2014 թուականներուն եւս ստացաւ Ոսկէ գնդակը: Ան նաեւ շահեցաւ «UEFA»-ի լաւագոյն խաղցողը 2013-2014 տարեշրջաններուն։ Ան ստացած է զանազան անձնական բաժակներ եւ խումբին ամենանշանաւորները՝ 2013 եւ 2014 թուականներուն Ոսկէ գնդակ: Եւրոպայի բոլոր խումբերու ախոյեանութիւն։

Ռոնալտօն առաջին փորթուկալցի ոտնագնդակ խաղցողն է, որ ստացած է 3 անգամ Ոսկէ գնդակը եւ 4 անգամ Ոսկէ կօշիկը իբր ամենաշատ կօլ նշանակողը։

2015 թուականին Ռոնալտօն անուանուեցաւ Փորթուկալի բոլոր տարիներու լաւագոյն խաղցողը։

Կենսագրութիւն

Ռոնալտօ ծնած է Փորթուկալի Սանթու Անթոնիու շրջանին մէջ: Անդրանիկ զաւակն է Մարիա Տոլորես Տուշ Սանթուշ Աւեյրօ եւ Ժոզէ Տինիս Աւեյրոյի: Ան Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ է:

Ան 14 տարեկանէն իր մօրը համոզած է, որպէսզի ոտնագնդակ խաղայ:

Մասնակցած խումբերու շարքեր

1997 թուականին մաս կազմած է Փորթուկալի Սփորդինկ խումբին մէջ։ 2003 թուականին Սփորդինկ ընդդէմ Մանչեսթըր Իւնայթըտ խաղը տեղի ունեցաւ եւ Սփորդինկ 3-1 արդիւնքով շահեցաւ: Այդ օրէն Ռոնալտօ Մանչեսթըրի մարզիչ՝ Ալէքս Ֆէրկսնի ուշադրութիւնը գրաւեց եւ մաս կազմեց անոր խումբին մէջ։ Ան եղաւ խումբին առաջին փորթուկալցի խաղցողը եւ ստացաւ թիւ 7 տարազը։ 1 Նոյեմբեր 2003 թուականին նշանակեց իր առաջին կօլը: Մանչեսթըրի խաղցող Կէրի Նէվիլ ըսած է իր մասին, թէ ան աշխարհի լաւագոյն խաղցողներէն մէկը կրնայ ըլլալ։ 2005 թուականին իր պայմանագիրը նորոգուեցաւ մինչեւ 2010-ը: Մանչեսթըրի հետ շահած է զանազան բաժակներ՝ ախոյեանութիւն, Եւրոպայի ամբողջ խումբերու ախոյեանութիւն, Անգլիոյ բաժակ եւ ամենակարեւորը Ոսկէ գնդակ իբր աշխարհի լաւագոյն խաղցող։

2009 թուականին փոխադրուեցաւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ խումբը եւ այդ թուականին ան եղաւ աշխարհի ամենասուղ խաղցողը: Ան ստացաւ թիւ 9 տարազը նախագահ Ալֆրէտ Տի Սթեֆանոյի կողմէ։ Իրեն հիւրընկալեցին 80.000 մարդիկ։ Իր առաջին կօլը նշանակեց 27 Յուլիս 2009-ին: 2010 թուականին Րաուլ Կոնզալէզ մեկնեցաւ խումբէն եւ ան ստացաւ թիւ 7 տարազը։

Ակումբին Գործունէութիւնը

Սկզբնական շրջանին

Ռոնալտոյի սիրելի ակումբը Լիզպոնի «Պենֆիքան» էր։ Ութ տարեկան հասակին ան խաղաց «Անդորինիա» ակումբին մէջ, ուր կ'աշխատէր անոր հայրը։ 1995 թուականին Քրիսթիանօն պայմանագիր կնքեց տեղական «Նասիոնալ» ակումբին հետ։ Յետոյ յաղթարշաւը «Նասիոնալ» հանգեցուց, որ Ռոնալտօն տեղափոխուի եռօրեայ դիտման «Սփորդինկ», իսկ յետոյ ան պայմանագիր կնքեց Լիզպոնի ակումբին հետ[2]:

«Սփորդինկ»

1997 թուականին Ռոնալտօն մտաւ «Սփորդինկ»ի երիտասարդական ակադեմիա։ Ան դարձաւ միակ խաղցողը ակումբին՝ պատմութեան մէջ, որ խաղաց «Սփորդինկ»ի խումբ&nbsp-ի մէջ՝ մինչեւ 16 տարեկան եւ 17-էն ու 18-էն բարձր տարեկաններու, ինչպէս նաեւ հիմնական խումբին մէջ, մէկ մրցաշրջանի ընթացքին[3]:

Անոր առաջին խաղը եղաւ «Սփորդինկ»ի չափահասներու խումբը 15 Օգոստոս 2001 թուականին Լիզպոնի «Ադլեդիքօ»ի դէմ ընկերական խաղը, երկրորդ խաղակէսին փոխարինման մտաւ եւ առանձնացաւ հարուածած գնդակով[4]: Միեւնոյն ժամանակ ան կը խաղար Փորթուկալի հաւաքականի երիտասարդական կազմին՝ մինչեւ 17 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութեան մէջ[5]:

Ռոնալտօն կը հետաքրքրէր բազմաթիւ մարզիչներու, ինչպէս այդ թուականին «Արսենալ»ի մարզիչ՝ Արսէն Վենկերին, «Լիվըրբուլ»ի մարզիչ՝ Ժերար Ուիլեին եւ այլն։ Սակայն, երբ «Իւնայթըտ» կրցաւ 3-1 հաշիւով պարտութեան մատնել «Սփորդինկ»ին Լիզպոնի մարզադաշտին մէջ, «Մանչեսթըր Իւնայթըտ»ի գլխաւոր մարզիչ Ֆերկիւսոնը տպաւորուեցաւ Ռոնալտոյին խաղով։

Մանչեսթըր Իւնայթըտ

2003-2006 Թուականներ

Ռոնալտօն դարձաւ Մանչեսթըր Իւնայթըտի պատմութեան մէջ միակ փորթուկալցի ֆութպոլիստը, որուն համար ակումբը վճարած էր 15 միլիոն սդեռլինկ։ Երբ Ռոնալտօն դարձաւ Իւնայթըտի խաղցող, Ֆերկիւսոնը անոր հարցուց, թէ որ մարզաշապիկի թիւը կ'ուզէ կրել: Ռոնալտօն պատասխանեց 28: Սակայն Ֆերկիւսոնը անոր յանձնեց 7-րդ մարզաշապիկի թիւը։ Նախկին Իւնայթըտի կազմին մէջ 7 համարի մարզաշապիկը կրած էին այնպիսի ֆութպոլիստներ, որոնցմէ են՝ Ճոն Պերին, Էրիք Կանտոնան, Տէյվիտ Պեքհեմը, Օուէնը եւ անոնցմէ ետք արդէն երիտասարդ Ռոնալտօն, իսկ յետոյ արդէն Անթոնիօ Վալենսիան:

Ռոնալտօն իր առաջին խաղը խաղաց «Պոլտոն»ի դէմ՝ փոխարինման դուրս գալով 60-րդ վայրկեանին, երբ խումբը արդէն կը յաղթէր 4-0 հաշիւով։ Ան իր առաջին կօլը ուժեղ հարուածեց «Պորթսմութ»ի դարպասը 1 Նոյեմբեր 2003 թուականին։

Ան հարուածեց Բրիմիէր Լիկայի 100-րդ կօլը 29 Հոկտեմբեր 2005 թուականին։ Ան բոլոր մրցաշարերուն հարուածեց 10 կօլ եւ դարձաւ 2005 թուականի աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը։

Ռոնալտօն իր երկրորդ տիտղոսը նուաճեց 2005-2006 թուականներուն, երբ խումբը 4-0 հաշիւով յաղթահարեց «Ուիկան»ի նկատմամբ եւ յաղթեց Լիկայի գաւաթը։ Այդ խաղին իր խումբին երրորդ կօլը նշանակեց Ռոնալտօն։

2006-2007 Թուականներ

2006 թուականի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն Ռոնալտօն ճանչցուեցաւ Բրեմիէր Լիկայի լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ դառնալով երրորդ ֆութպոլիստը՝ Ռոպի Ֆոուլերէն եւ Տենիս Պերկգամպէն ետք, որուն կարիք եղած է յաղթանակի մէկ մրցաշրջան՝ նման արդիւնք նուաճել։ Ան հարուածեց իր խումբին 50-րդ կօլը Մանչեսթըր Սիթիի ընդդէմ եւ պարգեւեց խումբին Բրեմիէր Լիկայի յաղթանակի կոչումը վերջին 4 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ։ Տարուան վերջին շրջանին Ռոնալտօն երկրորդ անգամ արժանացաւ «տարուայ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ»ի կոչումին։ Ընդհանուր՝ ան արժանացաւ «տարուայ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ», Բրեմիէր Լիկայի լաւագոյն ֆութպոլիստ, երկրպագուներու կարծիքով՝ «լաւագոյն ֆութպոլիստ» կոչումներուն։

2007-2008 Թուականներ

2007 թուականին Աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանաչումը ստացաւ պրազիլցի Քաքան, նոյն տարին Ռոնալտօն երրորդն էր, իսկ երկրորդը Լիոնել Մեսսին։

Ռոնալտօն իր առաջին հեթ-թրիքը ձեւակերպեց «Մանչեսթըր Իւնայթըտ»ի կազմին մէջ 12 Յունուար 2008 թուականին, երբ խումբը Օլտ Թրաֆորտի մէջ 6-0 հաշիւով ջախջախեց «Նիւքասլ Իւնայթըտ»ին եւ բարձրացաւ Բրեմիէր Լիկայի աղիւսակի առաջին հորիզոնականը։ Առաջնութեան իր 23-րդ կօլը հարուածեց «Ռետինկ»ի դէմ, ուր «Իւնայթըտ» կրցաւ յաղթանակ տանիլ 2-0 հաշիւով։ Չեմբյընզ Լիկայի առաջին շրջանի խաղի ընթացքին, ուր «Իւնայթըտ» կը մրցէր «Լիոն»ի դէմ, «Լիոն»ի երկրպագուներէն մէկը լազերով վնասեց Ռոնալտոյի եւ Նանիի աչքերուն։ Անկէ մօտ մէկ ամիս ետք Լիոն տուգանք վճառեց՝ 2500 ֆոնտ սդեռլինկ։

Ռոնալտօն եւ Դեւեզը Չեմբյընզ Լիկայի խաղէն առաջ

18 Մարտ 2008 թուականին, Ռոնալտօն առաջին անգամ խաղադաշտ դուրս եկաւ որպէս՝ խումբին աւագը եւ հեղինակը դարձաւ իր խումբին երկու կօլերուն «Պոլթոն»ի դէմ խաղին։ Այս կօլը Ռոնալտոյի համար 33-րդն էր, որ լաւագոյն արդիւնքն էր հարուածած կօլերով կիսապաշտպաններու համար։ Ռոնալտոյի արդիւնքը հնարաւորութիւն տուաւ անոր արժանանալու Եւրոպայի «Ոսկէ խաղակօշիկ» տիտղոսը։

2007-2008 թուականներուն Չեմբյընզ Լիկայի եզրափակիչին «Չելսի»ի դէմ խաղին Ռոնալտօն հարուածեց խաղին առաջին կօլը 26-րդ վայրկեանին, սակայն «Չելսի»ն կրցաւ 45-րդ վայրկեանին կօլ նշանակելով հաւասարեցնել խաղին հաշիւը։ Խաղին ելքը պէտք է վճռէր 11 մեթրնոց հարուածաշարը։

Ռոնալտոյին հարուածը կրցաւ ետ մղել «Չելսիի դարպասապահ»ը եւ լաւ հնարաւորութիւն տուաւ իր խումբին յաղթական տիտղոսը, սակայն Չելսիի աւագ Ճոն Թերին չկրցաւ գրաւել «Իւնայթըտի» դարպասը եւ Մանչեսթըրի ակումբը դարձաւ Չեմբյընզ Լիկայի 2007-2008 թուականներու յաղթող խումբը։

Ռոնալտօն մրցաշրջանը աւարտեց 42 կօլով։ Դարձաւ Չեմբյընզ Լիկայի 2007-2008 թուականներու մրցաշրջանի լաւագոյն հարուածողը եւ ճանչցուեցաւ մրցաշարի լաւագոյն ֆութպոլիստ։

2008-2009 Թուականներ

Մրցաշրջանի սկիզբը լուրեր տարածուեցան, որ փորթուկալցի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Մատրիտի «Ռէալ»ը: Բայց նախնական պայմանաւորուածութիւն մը չկար եւ Ռոնալտօն կը շարունակէր մնալ «Իւնայթըտ»ի խաղցող։

Մրցաշրջանի իր առաջին կօլը հարուածեց Լիկայի գաւաթի շրջանակներուն կայացած «Միտլսպրոու»ի դէմ խաղին, ուր Իւնայթըտ կրցաւ 3-1 հաշիւով կոտրել մրցակցի դիմադրութիւնը։

«Սթոք Սիթի»ի դէմ խաղին Ռոնալտօն հարուածեց իր 100-րդ եւ 101-րդ կօլերը՝ երկուքն ալ դարպասի մօտ հարուածով, իսկ խումբը յաղթեց 5-0 հաշիւով։ Բոլորը կը մտածէին, որ Ռոնալտօն նաեւ պիտի հարուածէ միւս 19 խումբերուն դարպասները։

2008 թուականին Ռոնալտօն ճանչցուեցաւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը՝ հաւաքելով 446 միաւոր՝ աւելի քան 115 միաւորով առաջ անցնելով Լիոնել Մեսսիէն։

8 Յունուար 2009 թուականին Ռոնալտօն վտանգի ենթարկուեցաւ իր Ֆերրարի 599 ԳՏԲ Ֆիորանօ ինքնաշարժով։ Բարեբախտաբար ֆութպոլիստը լուրջ վնասուածքներ չէր ստացած։ Անկէ 4 օր ետք ան ճանչցուեցաւ ՖԻՖԱ-ի վարկածով լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ դառնալով Բրեմիէր Լիկայի պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը։

Ռոնալտօն Չեմբյընզ Լիկայի 2008 թուականի իր առաջին կօլը հարուածեց «Ինտր»ի դարպասին եւ խումբին հնարաւորութիւն տուաւ իր ելոյթները շարունակել քառորդ եզրափակիչին։ Քառորդ եզրափակիչին Ռոնալտօն կօլ հարուածեց «Փորթօ»ի դարպասը, եւ «Իւնայթըտ»ը հնարաւորութիւն ստացաւ խաղալ նաեւ կիսաեզրափակիչին։ «Փորթօ»ի դարպասը հարուածած կօլը արժանացաւ ՖԻՖԱՖերենց Պուշկաշի անուան մրցանականին։

Ռոնալտօն մասնակցեցաւ Չեմբյընզ Լիկայի եզրափակիչին արդէն երկրորդ անգամ իր ասպարէզի ընթացքին, սակայն պարտութիւն կրեց «Պարսելոնա»յէն՝ 2-0 հաշիւով։

Ան մասնակցեցաւ 52 խաղերու բոլոր մրցաշարերուն, սակայն հարուածեց 16 (26) կօլ պակաս, քան նախորդ մրցաշրջանին (42)։

«Ռէալ Մատրիտ»

2009-2010 Թուականներ

26 Յունիս 2009 թուականէն Քրիսթիանօն հանդէս կու գայ արքայական ակումբին մէջ։ Մատրիտը անոր գնեց «Մանչեսթըր Իւնայթըտէն»: Փոխարինման արժէքը կազմեց 80 միլիոն բաունտ (94 միլիոն եւրօ), եւ Ռոնալտօն դարձաւ ամենաարժէքաւոր ֆութպոլիստը պատմութէան մէջ։ Համաձայնելով պայմաններուն՝ ստորագրեց վեց տարուան պայմանագիր, որ կ'արժէր 11 միլիոն եւրօ տարեկան աշխատավարձք։ Ան ներկայացաւ ակումբի երկրպագուներուն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներուն որպէս «Ռէալ Մատրիտ»ի խաղցող 6 Յուլիսին, ուր անոր յանձնեցին 9 համարի մարզաշապիկը։ Անոր ողջունելու եկած էին մատրիտեան լեկենտ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօն եւ 80.000-85.000 երկրպագուներ՝ Սանթիակօ Պերնապէու մարզադաշտին մէջ։ Ողջունող երկրպագուներու քանակով գերազանցեց Տիէկօ Մարատոնային (75.000)։

Ռոնալտոյի մատրիտեան առաջին խաղը կայացաւ 21 Յուլիսին: 1-0 հաշիւով Մատրիտը յաղթեց իռլանտական «Շեմրոք Ռովերս»ին։

Անոր առաջին կօլը սպասեցնել չտուաւ։ Մօտ մէկ շաբաթ ետք Ռոնալտօն 11 մեթրնոց հարուածով գրաւեց էկուատորեան «ԼԴՈՒ Կիտօ» խումբին դարպասը։

Ռոնալտոյի առաջին պաշտօնական խաղը Լա լիկայի շրջանակներուն 29 Օգոստոսին էր, երբ խումբը յաղթեց Տեպորթիվոյին, իսկ Ռոնալտօն կրկին 11 մեթրնոց հարուածով հարուածեց իր խումբին երկրորդ կօլը։

15 Սեպտեմբերին Ռոնալտօն Ցիւրիխի մէջ հարուածեց 2 կօլեր՝ դարպասին մօտ ուժեղ հարուածով մը։ Այդ երկու կօլերը առաջիններն էին Ռէալի համար Չեմբյընզ Լիկայի մէջ:

Ռոնալտօն վնասուածք ստացաւ Փորթուկալի կազմին մէջ, երբ հաւաքականը բարեկամական հանդիպում կ'ունենար Հունգարիոյ դէմ։ Վնասուածքը անոր թոյլ չտուաւ մասնակցիլ Չեմբյընզ Լիկայի շրջանակներուն մէջ կայացած Միլանի դէմ խմբային փուլի երկու խաղերուն։ Վնասուածքէն ետք առաջին խաղը խաղաց Պարսելոնայի դէմ՝ 29 Նոյեմբերին։

2009 թուականին Ռոնալտօն երկրորդն էր Ոսկէ գնդակի համար մղուով պայքարին՝ իրմէ առաջ ձգելով Լիօ Մեսսիին: Ան երկրորդն էր նաեւ Ֆիֆայի վարկածով «տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ» կոչման համար մղուող պայքարին։

2010-2011 Թուականներ

Երբ 2010 թուականին խումբէն հեռացաւ առասպելային ֆութպոլիստ սպանացի Ռաուլ Կոնզալէզը, Ռոնալտոյին տրուեցաւ 7 համարի մարզաշապիկը։ 23 Հոկտեմբեր 2010 թուականին ան 4 կօլ հարուածեց Ռասինկի դարպասը։ Անոր ամենաշատ հարուածած կօլերն են մէկ խաղի ընթացքին։

Ռոնալտօն դարձաւ նաեւ հեթ-թրիքի հեղինակ Աթլեթիկ Պիլպաոյի դէմ խաղին, ուր Ռէալը յաղթանակի հասաւ 5-1 հաշիւով։ Տարուան վերջին խաղին ան եւս դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ, ուր Ռէալը 8-0 հաշիւով քանդեց Լեւանթէին Գոպա Տէլ Ռէյի շրջանակներուն մէջ։

Ռոնալտօն սկսաւ 2011 թուականը բաւական խոստումնալից։ Ան իր առաջին երկու կօլերը հարուածեց Խետաֆէի դէմ, ուր Ռէալ Մատրիտը կարողացաւ յաղթանակ նուաճել 3-2 հաշիւով։

Այնուհետեւ՝ Վիլառէալի դէմ խաղին Ռոնալտօն դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ եւ կօլի փոխանցում կատարեց Քաքային՝ օգնելով հարուածել անոր առաջին կօլը վնասուածքէն ետք։

3 Մարտ 2011 թուականին Ռոնալտօն կրկին դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ Մալակայի դէմ խաղին, իսկ Ռէալը Մալակային պարզապէս ջախջախեց 7-0 հաշիւով։ Այդ խաղին վերջին ժամանակներուն Ռոնալտօն վնասուածք ստացաւ եւ ստիպուած էր 10 օր հանգստանալ։

20 Ապրիլին Գոպա Տէլ Ռէյի եզրափակիչին մէջ, ուր Ռէալը կը մրցէր քաթալոնական Պարսելոնայի դէմ, Ռոնալտօն 103-րդ վայրկեանին կրցաւ գլխի հարուածի շնորհիւ բանալ հաշիւը, որ հետագային ինչպէս պարզուեցաւ, այդ խաղի միակ կօլն էր։ Երկրպագուներու ձայներով, այդ կօլը դարձաւ թէ՛ Ռոնալտոյի եւ թէ Ռէալ Մատրիտի այդ մրցաշրջանին հարուածած ամենալաւ կօլը։

Քանի մը օրէն Ռամոն Սանչէզ Բիխուան մարզադաշտին մէջ Ռէալը պիտի հիւրընկալէր Սեւիլլային։ Այդ խաղին Ռոնալտօն դարձաւ «ամբողջ դաշտ խաղացող» հեղինակը եւ օգնեց խումբին յաղթել 6-2 ջախջախիչ հաշիւով։ Հարուածած 4 կօլէն ետք Ռոնալտօն իր հարուածած կոլերուն քանակը մէկ մրցաշրջանի ընթացքին հասցուցած էր 46-ի եւ զարմանալիոօրէն ացնաւ իր իսկ չափանիշը՝ այն է 42 կօլ, սակայն Իւնայթըտի կազմին մէջ։ 3 օր ետք դառնալով հեթ-թրիքի հեղինակ Խետաֆէի դէմ խաղին մէջ աշխոյժ Ռոնալտօն կը գրաւէ արդէն 49 կօլ։

15 Մայիսին Վիլառէալի դէմ երկու կօլ հարուածելով Ռոնալտօն կը գերազանցէ Լա Լիկայի մէկ մրցաշրջանի ընթացքին հարուածած կօլերուն չափանիշը։ 21 Մայիսին Ալմերիոյ դէմ վերջին խաղին, ան եւս երկու կօլ կը հեղինակէ եւ 40 կօլով կ'արժանանայ Պիչիչիին։ Ռոնալտոյին կը յանձնուի Եւրոպայի Ոսկէ խաղակօշիկը։

Ռոնալտօն կ'աւարտէ իր երկրորդ մրցաշրջանը Ռէալի մէջ, դառնալով ընդհանուր առմամբ 53 կօլերու հեղինակը եւ յաղթելով Արքայական գաւաթը։

2011-2012 Թուականներ

Ռէալ Մատրիտի միջմրցաշրջանային առաջին խաղին 4-1 հաշիւով յաղթեց Լոս Անճելես Կելաքսիին. այն խաղին Ռոնալտօն դարձաւ կօլի հեղինակ։ 4 օր ետք Ռոնալտօն դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ Կուատախարայի դէմ խաղին, եւ խումբը յաղթեց 3-0 հաշիւով։

17 Օգոստոս 2011 թուականին Ռոնալտօն Ռէալի կազմին մէջ հարուածեց իր 100-րդ կօլը Պարսելոնայի դարպասը՝ Սպանիոյ Սուբըրգաւաթի պատասխան խաղին ընթացքին, որ կայացաւ Պարսելոնայի մէջ։

27 Օգոստոս 2011 թուականին ան իր կօլերու քանակը բացաւ Սարագոսայի դէմ առած հեթ-թրիքով։ 24 Սեպտեմբերին՝ Ռայօ Վալեկանոյի դէմ խաղին Ռոնալտօն կրկին դարձաւ հեթ-թրիքի հեղինակ՝ օգնելով խումբին յաղթելու 6-2 հաշիւով։ Այս Ռոնալտոյի Լա Լիկայի 9-րդ հեթ-թրիքն էր, իսկ Ռէալի մէջ՝ 10-րդը։

27 Սեպտեմբերին Չեմբյընզ Լիկայի խմբային փուլին մէջ Ռէալը կը մրցէր Այաքսի դէմ։ Այդ խաղի ընթացքին Ռոնալտօն բացաւ խաղին հաշիւը. Ռէալը յաղթեց 3-0 հաշիւով։ Անկէ ետք 3 խաղ անընդմէջ Ռոնալտօն չդարձաւ կօլի մը հեղինակը։ Արդէն 22 Հոկտեմբերին ան իր 10-րդ հեթ-թրիքը ըրաւ Լա Լիկայի մէջ՝ կօլեր հեղինակելով Մալահայի դարպասը։ Միւս հեթ-թրիքը շատ սպասցնել չտուաւ։ 6 Նոյեմբերին կայացած Օսասունայի դէմ խաղին ան իր 11-րդ հեթ-թրիքը ըրաւ Լա Լիկայի մէջ։

19 Նոյեմբերին՝ Վալենսիոյ դէմ խաղին Ռոնալտօն մէկ կօլ հարուածեց, սակայն Ռէալը չկրցաւ խուսափիլ պարտութենէ (2-3)։ 26 Նոյեմբերին՝ Մատրիտի խումբով Ռոնալտօն դարձաւ առաջին խաղին երկու կօլերու հեղինակ։

17 Դեկտեմբերին Սեւիլիոյ դէմ արտաքին խաղին Ռոնալտօն իր տասներկրորդ հեթ-թրիքը ըրաւ եւ օգնեց խումբին յաղթելու 6-2 հաշիւով։

2010-2011 թուականներուն Ռոնալտօն Եւրոպայի մէջ երրորդն էր՝ իրմէ առաջ ձգելով Մեսսին եւ Չաւին։ Իսկ աշխարհի մէջ երկրորդն էր. այս անգամ իրեն միայն Մեսսիին կը գերազանցէր։

Ռոնալտօն նաեւ երկու կօլեր հարուածեց Գոպա Տէլ Ռէյի քառորդ եզրափակիչին՝ Պարսելոնայի դարպասը, սակայն Ռէալը ընդհանուր՝ 4-3 հաշիւով պարտուեցաւ եւ լքեց մրցաշարը։

13 Մայիս 2012 թուականին Ռոնալտօն մէկ կօլ հարուածեց Մալիորկայի դարպասը եւ դարձաւ միակ ֆութպոլիստը Լա Լիկայի պատմութեան մէջ, որ կրցաւ հասնիլ այսպիսի նուաճման։ Ռոնալտօն յաղթեց Լա Լիկան՝ չափանշային 100 միաւորով։ Ան հարուածեց 46 կօլեր Լա Լիկային մէջ եւ 60 կօլեր բոլոր մրցաշարերոով միասին՝ գերազանցելով իր արդիւնքը, որ արձանագրուած էր նախորդ մրցաշրջանին։

2012-2013 Թուականներ

Ռոնալտօն մրցաշրջանը սկսաւ տիտղոսով։ Ռեալը յաղթեց Սպանիոյ Սուբրգաւաթը։

2 Սեպտեմբեր 2012 թուականին Ռոնալտօն հարուածեց իր առաջին կօլը Կրանատայի դարպասը, որ անոր գործունէութեան 200-րդ գնդակն էր։

18 Սեպտեմբերին ան հարուածեց մէկ կօլ Չեմբյընզ Լիկայի մէջ՝ Մանչեսթըր Սիթիի դարպասը։

Ռոնալտօն այս մրցաշրջանին չկրցաւ տիտղոս նուաճել, սակայն զայն գովեցին լաւագոյն առումներով։

2013-2014 Թուականներ

Ռոնալտոյի համար այս մրցաշրջանը լաւագոյններէն մէկն էր, եթէ ոչ լաւագոյնը Ռէալի կազմին մէջ։ Ան դարձաւ Լա Լիկային մէջ 31 կօլերու հեղինակ, իսկ բոլոր մրցաշարերուն հետ միասին 51 կօլերու հեղինակ։ Նուաճեց «աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ»ի կոչումը։ Ռէալի հետ յաղթեց Արքայական գաւաթը, Չեմբյընզ Լիկա, իսկ Լա Լիկային մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը՝ իրմէ առաջ ձգելով Պարսելոնայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտին:

Ռոնալտօն նաեւ չափանիշի հեղինակ դարձաւ Չեմբյընզ Լիկայի մէկ մրցաշրջանի ընթացքին հարուածած կօլերով։ Իսկ Չեմբյընզ Լիկայի լաւագոյն հարուածող ցուցակին մէջ 2-րդն է՝ 4 կօլերով զիջելով միայն առասպելային սպանացի՝ Ռաուլին:

2014-2015 Թուականներ

Ռոնալտօն բաց ձգեց միջմրցաշրջանային պատրաստութիւնը։ Մինչեւ 2015 թուականի Դեկտեմբեր խաղցած է ոչ լաւ մարզավիճակի մէջ եւ Լա Լիկային մէջ հեղինակած է 12 կօլ եւ 3 կօլային փոխանցում։ 2014-2015 թուականներուն մրցաշրջանի Ոսկէ Գնդակի հեղինակ է։

Միջազգային Գործունէութիւն

Ռոնալտօն խաղցած է Փորթուկալ՝ մինչեւ 17, 20, 21, 23 եւ ազգային հաւաքականներուն մէջ։

2004 թուականին՝ երբ իր առաջին միջազգային մրցաշարին Ռոնալտօն հասաւ մինչեւ եզրափակիչ, սակայն եզրափակիչին ցաւալի պարտութիւն կրեց յոյներէն:

Եւրոպայի 2014 թուականի առաջնութեան դուրս եկան խումբէն, ուր ընդգրկուած էին Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Դանիոյ հաւաքականներու հետ։ Փորթուկալը հասաւ մինչեւ կիսաեզրափակիչ, այնտեղ 11 մեթրնոց հարուածաշարով յաղթեց Սպանիոյ հաւաքականին դէմ։

2014 թուականի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլին մէջ փորթուկալցիները խումբին մէջ 2-րդն էին, իրենցմէ առաջ ձգելով Ռուսաստանին։ Անցումային խաղերու շնորհիւ Փորթուկալը յայտնուեցաւ եզրափակիչին մէջ։ Անցումային առաջին խաղին մէջ Ռոնալտոյի հարուածած միակ կօլով Փորթուկալը յաղթանակ տարաւ Շուէտի նկատմամբ, իսկ երկրորդ խաղին Ռոնալտոյի հեթ-թրիքի շնորհիւ Փորթուկալը հնարաւորութիւն ստացաւ մասնակցիլ աշխարհի առաջնութեան, սակայն այնտեղ ձախողեցաւ եւ չկրցաւ դուրս գալ Play-off փուլէն։

Հանդիպումներ «Պարսելոնա»յի դէմ

Ռոնալտօն դարձաւ «Ռէալի» առաջին ֆութպոլիստը, որ վեց խաղ անընդմէջ կօլ հարուածած է «Պարսելոնա»յին «Գամբ-Նու» մարզադաշտին մէջ։

2011 թուականին, Սպանիոյ գաւաթի եզրափակիչին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօն հարուածեց միակ ու յաղթական գնդակը Պարսելոնայի դարպասը եւ յաղթանակ բերաւ «Ռէալին»:

2012 թուականին, Սպանիոյ Սուբրգաւաթի պատասխան խաղին՝ Ռոնալտօն հարուածեց յաղթական գնդակը «Պարսելոնա»յի դարպասը, եւ այդ գնդակը թոյլ տուած «Ռէալ»ին յաղթել 2-1 հաշիւով: Այդ խաղին Ռոնալտօն կրկնեց Իւան Սամորանոյի չափանիշը, պատմութեան մէջ դառնալով երկրորդ ֆութպոլիստը, որ յաջողեցաւ հինգ անընդմէջ գնդակներ հարուածել Էլ Գլասիգոներու ընթացքներուն։ Իսկ յաջորդ Էլ Գլասիգոյին ընթացքին Քրիսթիանօ Ռոնալտօն երկու գնդակ հարուածելով քաթալոնացիներուն դարպասը, մտաւ պատմութեան մէջ, որպէս վեց անգամ անընդմէջ «Պարսելոնա»յին կօլ հարուածած ֆութպոլիստը, նախկին այսպիտի չափանիշ ոչ ոք յաջողած էր նուաճել։

2016 թուականին փորթուկալցին, որ ընթացիկ մրցաշրջանին արժանացած էր բազմաթիւ քննադատութիւններու կարեւոր խաղերուն կօլերու եւ միայն միջակ խումբերուն կօլեր հարուածելու համար, հարուածեց Գլասիգոներուն իր 16-րդ կօլը, որուն յաջորդեց յայտնի ժեստը «Calma, calma» («Հանգիստ, հանգիստ»)։

Խաղաոճը

Ռոնալտօն կը տիրապետէ լաւ գնդակախաղերու, ունի լաւ թեքնիք, հուժկու հարուածներ։ Կրարող է խաղալ կեդրոնական յարձակող եւ յառաջ դիրքերը։

Հովանաւորները

Ռոնալտօն շատ պայմանագիրներ ստորագրած է տարբեր հովանաւորներու հետ։ Պայմանագիրներ ունի Քոքա-Քոլա, Քասթրոլ, Ֆլայ Էմիրէյթս, Կոնամի, Մոթորոլա, ԿՖՍ եւ շատ այլ ընկերութիւններու հետ։

Մականուններ

Ռոնալտոյին երկրպագուները եւ ընկերները զինք կը կանչեն իբրեւ՝ Քրիս, Քրիռօ, Մեքենա, CR7, CR, Ռոն։

Անձնական կեանք

Ռոնալտոյի հայրը՝ Ժոզէ Տինիշ Աւեյրուն, մահացած է ալգոլէ 52 տարեկան հասակին 2005 Սեպտեմբերին, երբ Ռոնալտօն 20 տարեկան էր։

2010-2015 թուականներուն Ռոնալտօն հանդիպում ունեցած է ռուս մոտել Իրինա Շէյքի հետ[6][7]։ 2010 թուականի Յունիսին ծնած է Ռոնալտոյի որդին[8][9]՝ Ռոնալտօ կրտսերը։ Ֆութպոլիստը յայտարարած է, որ որդիին խնամակալութեան իրաւունքը կը պատկանի միայն իրեն[10] եւ երբեք չէ յայտարարած, թէ ո՛վ է անոր մայրը[11]։ 2017 թուականի Յունիսին Ռոնալտօն Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հաստատած է, որ դարձած է երկուորեակներու հայր[12][13]։ Նոյն թուականի Նոյեմբերին ծնած է անոր ու Ճորճինա Ռոտրիկէզի դուստրը[14][15]։

11 Յունիս 2011 թուականին «Մանչեսթըր Իւնայթըտ» համաձայնուեցաւ Ռոնալտոյին՝ ծախել 80 միլիոն ֆոնտ սդեռլինկ՝ վճարուած «Ռէալ Մատրիտ»էն:

Գործունէութեան վիճակագրութիւնը

Գործունէութեան տեսութիւն
Խումբ Ժամանակաշրջան Պաշտօնական
խաղեր
Անպաշտօն խաղեր ընդհանոուր
Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր
Սփորդինկ 2001 - 2003 31 5 27 5 58 10
Մանչեսթըր Իւնայթըտ 2003 - 2009 292 118 15 12 307 130
Ռէալ Մատրիտ 2009 -  394 406 47 24 441 430
Փորթուկալ 2003 -  138 71 0 0 138 71
Փորթուկալ մինչեւ 17 2001 - 2002 9 6 0 0 9 6
Փորթուկալ մինչեւ 20 2003 5 1 0 0 5 1
Փորթուկալ մինչեւ 21 2002 - 2003 10 3 1 0 11 3
Փորթուկալ մինչեւ 23 2004 3 2 0 0 3 2
Այլ 2005 0 0 1 0 1 0
Ընդհամէնը գործունէութեան ընթացքին 520 247 60 22 692 456

Գործունէութիւնը Ակումբէն Ներս

Կաղապար:Updated

Ակումբ Եթերաշրջան Լիկա Գաւաթներ[16] Եւրոպական գաւաթներ[17] Այլ[18]  Արդիւնք Ընկերական
հանդիպումներ
 Ընդհանուր
Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր Խաղեր Կօլեր
Սփորդինկ (Լիզպոն) 2001/02 - - - - - - - - 0 0 5 1 5 1
2002/03 25 3 3 2 3 0 0 0 31 5 14 4 45 9
2003/04 - - - - - - - - 0 0 8 0 8 0
Արդիւնք 25 3 3 2 3 0 0 0 31 5 27 5 58 10
Սփորդինկ Բ
(փոխարինող-ակումբ)
2002/03 2 0 0 0 - - 0 0 2 0 0 0 2 0
Արդիւնք 2 0 0 0 0 0 0 0 2 0 0 0 2 0
Մանչեսթըր Իւնայթըտ 2003/04 29 4 6 2 5 0 0 0 40 6 0 0 40 6
2004/05 33 5 9 4 8 0 0 0 50 9 0 0 50 9
2005/06 33 9 6 2 8 1 0 0 47 12 6 4 53 16
2006/07 34 17 8 3 11 3 0 0 53 23 3 4 56 27
2007/08 34 31 3 3 11 8 1 0 49 42 6 4 55 46
2008/09 33 18 6 3 12 4 2 1 53 26 0 0 53 26
Արդիւնք 196 84 38 17 55 16 3 1 292 118 15 12 307 130
Ռէալ Մատրիտ 2009/10 29 26 0 0 6 7 0 0 35 33 10 3 45 36
2010/11 34 40 8 7 12 6 0 0 54 53 6 2 60 55
2011/12 38 46 5 3 10 10 2 1 55 60 9 8 64 68
2012/13 34 34 7 7 12 12 2 2 55 55 4 2 59 57
2013/14 30 31 6 3 11 17 0 0 47 51 10 6 57 57
2014/15 35 48 2 1 12 10 5 2 54 61 3 2 57 63
2015/16 36 35 0 0 12 16 0 0 48 51 5 1 53 52
2016/17 29 25 2 1 13 12 2 4 46 42 0 0 46 42
Արդիւնք 265 285 30 22 88 90 11 9 394 406 47 24 441 430
Ամբողջ գործունէութեան ընթանցքին 488 372 71 41 146 106 14 10 719 529 89 41 808 570

Այլ տեղեկութիններ

Ռոնալտօն ոտնագնդակ խաղալու կողքին ունի խանութ մը որ անուանած է «CR7» Փորթուկալի մէջ, ուր կը գտնենք տղու վերաբերեալ հագուստներ, կօշիկներ եւ այլ բաներ։

Ռոնալտոյի հօրը մահուան պատճառը եղած է խմիջքը եւ ազդուելով Ռոնալտօն՝ ան երդում ըրած է բնաւ չխմել. ան բարի սիրտ ունեցող անձ մըն է, աղքատներու եւ հիւանդներու հոգատարութեամբ եւ 3 ամիս անգամ մը արիւն տալով պէտք ունեցողներուն։

Ծանօթագրութիւն

  1. https://www.goal.com/en/news/why-is-cristiano-ronaldo-called-el-bicho-manchester-united-star-s-the-bug-nickname-explained/blt1b98e5c28a369927
  2. Profile of Ronaldo at about.com. About.com:
  3. Clash of the titans. ManchesterEveningNews.com:
  4. Протокол матча «Спортинг» - «Атлетико»
  5. Famous players featured in U17 c’ships. UEFAU17.com.
  6. «Cristiano Ronaldo breaks up with girlfriend Irina Shayk» 
  7. «Ronaldo breaks up with Irina Shayk» 
  8. «Cristiano Ronaldo Fast Facts»։ CNN։ 14 July 2014։ արտագրուած է՝ 17 September 2014 
  9. «Cristiano Ronaldo names son Cristiano Ronaldo»։ The Daily Telegraph (London)։ 8 July 2010։ արտագրուած է՝ 8 July 2010 
  10. «Baby 'joy' for Cristiano Ronaldo»։ BBC Sport։ 4 July 2010։ արտագրուած է՝ 4 July 2010 
  11. Bergin Olivia (14 January 2014)։ «Cristiano Ronaldo and Irina Shayk: a very modern family»։ The Daily Telegraph (London)։ արտագրուած է՝ 20 July 2014 
  12. Sharland Pete։ «Cristiano Ronaldo confirms he is a father of twins»։ Eurosport։ արտագրուած է՝ 29 June 2017 
  13. «Estive ao serviço da Seleção Nacional, como sempre acontece, de corpo e alma, mesmo sabendo que os meus dois filhos tinham nascido.»։ Facebook։ Cristiano Ronaldo։ արտագրուած է՝ 29 June 2017 
  14. Juneau Jen (18 July 2017)։ «Cristiano Ronaldo's Girlfriend Pregnant Weeks After Welcoming Twins Via Surrogate»։ People։ արտագրուած է՝ 6 October 2017 
  15. «Cristiano Ronaldo, Georgina Rodriguez confirm birth of baby girl»։ ESPN։ 12 November 2017։ արտագրուած է՝ 13 November 2017 
  16. Փորթուկալի գաւաթ, Անգլիոյ գաւաթ, Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի գաւաթ, Սպանիոյ գաւաթ:
  17. ՈՒԵՖԱ Չեմբյընզ Լիկա, ՈՒԵՖԱ-ի գաւաթ:
  18. Անգլիոյ սուբրգաւաթ, Ֆութպոլի աշխարհի ակումբային առաջնութիւն, Սպանիոյ սուբրգաւաթ, ՈՒԵՖԱ Սուբր գաւաթ: