Jump to content

Արեւմտեան Հայաստան

Նախկին Օսմանեան Կայսրութեան Վեց Հայկական Վիլայեթներու քարտէսը (ռուսերէն)
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը ըստ Սեւրի պայմանագիրի

Արեւմտեան Հայաստան, պատմական Հայաստանի արեւմտեան մասի պայմանական անուանում։ 387 թուականին Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ Մեծ Հայքի բաժանման արդիւնքով առանձնացած ու Բիւզանդիոնին անցած հայկական տարածք։[1][2][3]

Օսմանեան Տիրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1555 թուականին Ամասիոյ պայմանագիրով Արեւմտեան Հայաստանը ինկած է օսմանեան Թուրքիոյ գերշիխանութեան տակ։[4]

1514 թուականին Չալտըրանի մէջ Իրանի նկատմամբ տարած յաղթանակէն ետք օսմանեան թուրքերը ջանացած են փոխել Արեւմտեան Հայաստանի նախնական դիմագիծը՝ անոր տարածքին բնակեցնելով քիւրտ աշիրեթներու, թէեւ Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը ընդգրկող էյալեթը պաշտօնապէս կոչուած է Էրմանիստան։[5]

Օսմանեան տիրապետութեան հաստատումէն ետք Արեւմտեան Հայաստանէն դէպի Կոստանդնուպոլիս ներհոսած են հայ վաճառականական եւ արհեստաւորական դասերու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ։ Ատոր նպաստած են Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատիրարքութեան հիմնումը (1461) եւ հայերուն տրամադրուող առանձնաշնորհումները, որոնց շնորհիւ յառաջացած է չելեպիական, ապա՝ ամիրայական դասը։[6]

Ամասիոյ պայմանագիրի կնքումէն քիչ ետք վերսկսուած ռազմական գործողութիւնները երկու բռնապետութիւններու միջեւ փոփոխական յաջողութիւններով շարունակուած են մինչեւ Կարս–Շիրինի պայմանագիրը (1639), որ իրենց միջեւ սահմանագիծ հաստատած է Ջաւախքի լեռները, Ախուրեան գետը (մինչեւ Արաքսի հետ միացման վայրը), Հայկական Պարը, Վասպուրականի լեռները եւ Զաղրոսի լեռնաշղթան։ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը բաշնուած է Էրզրումի, Կարսի, Վանի, Պայազիտի, Չըլդըլրի, Տիարպեքիրի եւ Սեբաստիոյ փաշայութիւններու միջեւ, ուր իրենց գոյութիւնը կարողացած էին պահպանել Սասնոյ, Սաւուրի, Ճապաղջուրի, Մանազկերտի, Իսեանի, Խնուսի, Տուժկի կիսաանկախ հայկական համայնքները։ Հակառակ երկարատեւ պատերազմներուն, բռնի եւ կամաւոր արտագաղթերուն, քրտական աշիրեթներու վերաբնակեցման՝ ընդհուպ մինչեւ 19–րդ դար Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը հայեր էին։

1897 թուականին արդէն Արեւմտեան Հայաստանը բաժնուած էր Վանի, Էրզրումի, Սեբաստիոյ (Սվազ), Պիթլիսի, Տիարպեքիրի, Խարբերդի, Տրապիզոնի վիլայէթներու, որոնք չնչին փոփոխութիւններով յարատեւեցին մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը։[7]

Իրադրութիւնը Արեւմտեան Հայաստանին մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ է կրած 19-րդ դարուն։ Մէկ կողմէ՝ օսմանեան բռնապետական լուծին դէմ բռնկած ազգային–ազատագրական յուժկու շարժումը Պալքաններու մէջ եւ 19-րդ դարու ռուս–թրքական պատերազմները, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքը եւ օսմանեան դժնդակ տիրապետութիւնը թօթափելու ձգտումը, միւս կողմէ՝ ատոր հակազդելու թրքական կառավարութեան ջանքերը վատթարացուցած են արեւմտահայութեան կացութիւնը։ 1828-1829 թուականին ռուս–թրքական պատերազմը եզրափակած Ատրիանապոլսոյ հաշտութեան պայմանագիրով (1829) Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի գաւառները անցած են ռուսական տիրապետութեան տակ, եւ ռուսական զօրքերու գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն շուրջ 90 հազար հայեր գաղթած են Արեւելեան Հայաստան, որուն հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանը տնտեսական անկում ապրած է, յօգուտ իսլամադաւան տարրի փոխուած է իր ժողովրադագրական պատկերը։

1820-1830-ական թուականներուն Ոսմանեան Կայսրութեան մէջ ստեղծուած ծանր կացութիւնը կառավարող վերանախաւի յառաջադիմականօրէն տրամադրուած տարրերուն հարկադրած է քայլեր ձեռնարկել վարչակարգի եւրոպականացման ուղղութեամբ։ 1839 թուականին Թանզիմաթի առաջին ակտով (Գիւլհանէի հաթթը շերիֆ) նախատեսուած է, անկախ կրօնական պատկանելիութենէն, բոլոր հպատակներու անձի, ունեցուածքի, պատիւի անձեռնմխելիութիւն, հարկերու գանձման կապալային համակարգի վերացում եւ հարկերու կարգաւորում, դրամական վարչութեան, դատավարութեան բարելաւում եւ այլն։ Սակայն, հանդիպելով իսլամական հետադիմական շրջաններու կատաղի դիմադրութեան, այդ բարեփոխումները մնացած են թուղթի վրայ։ Ղրիմի պատերազմի ժամանակաշրջանին յառաջացած ճգնաժամային նոր կացութիւնը, Անգլիոյ, Ֆրանսայի ու Աւստրիոյ գործադրած ճնշումը սուլթանական կառավարութեան ստիպած են 18 Փետրուար 1856–ին հրապարակել Հաթթը հումայունը, որ, կրկնելով հանդերձ Հաթթը շերիֆը, լրացուցիչ իրաւունքներ կը վերապահէր քրիստոնեաներուն։ Սակայն հետագայ հողային, վարչական եւ միւս օրէնքերը ոչ մէկ փոփոխութիւն չեն մտցուցած Արեւմտեան Հայաստանի հասարակական–տնտեսական վիճակի մէջ։

Արեւմտահայերու կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւնն էր Ազգային Սահմանադրութեան (1860) ստեղծումը, որ կոչուած էր կարգաւորելու եւ վարելու արեւմտահայերու կրօնական, կրթական, հասարակական կեանքը։

1877-78 թուականներու ռուս–թրքական պատերազմը, Սան Սթեֆանոյի նախնական պայմանագիրը եւ Պերլինի պայմանագիրը (1878) նոր իրավիճակ ստեղծած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի պայմանագիրի 61–րդ յօդուածներով միջազգային դիւանագիտութեան հարցի վերածուած է Հայկական հարցը։ Այս հանգամանքը՝ մէկ կողմէ, Պուլկարիոյ ազատագրումը եւ Եւրոպայէն Օսմանյան կայսրութեան փաստական դուրս մղումը՝ միւս կողմէ, օսմանեան թուրքերու առջեւ ծռած են սեփական հայրենիք ստեղծելու միտումը եւ իրենց հայեացքը դարձնել դէպի կայսրութեան արեւելեան ծայրերը, յատկապէս՝ Արեւմտեան Հայաստան։ Օգտուելով եւրոպական մեծ տիրութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական հակասութիւններէն՝ սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ը վիժեցուցած է բարեփոխումներու անցկացումը զանազան ստապատիր պատրուակներով եւ իբր թէ ամբողջ կայսրութեան մէջ բարեփոխումներ անցկացնելու մտադրութեամբ։ Իրականութեան մէջ սանձազերծուած է հակահայկական պատմութիւն, մշակուիլ Հայկական հարցը հայերու տեղահանութեան ու կոտորածներու միջոցով լուծելու քաղաքական հեռագնայ ծրագիր։ Այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերէն մէկը եղած է քրտական համիտիէ հեծելագունդերու ստեղծումը (1891), այնուհետեւ ծաւալուած են հայկական կոտորածները (1894-1896 թուականներուն), որոնց զոհ գացած են աւելի քան 300000 արեւմտահայեր։

Ազատագրական Պայքար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի հակադրութեան սուլթանական կառավարութեան՝ արեւմտահայերու նկատմամբ կիրառած վայրագ բռնութիւններու, սկզբնաւորուած է ֆետայական շարժումը՝ որպէս ազգային–ազատագրական պայքարի իւրատեսակ ձեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ 1890 – ական թուականներէն արեւմտահայութեան ազգային–ազատագրական պայքարը ղեկավարած են նորաստեղծ ազգային – քաղաքական կուսակցութիւնները (Արմենական, Հնչակեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն)։ Բայց գործողութիւններու անհամաձայնութիւնը, ներկուսակցական եւ միջկուսակցական երբեմն բուռն պայքարը, արեւմտահայութեան շերտընդմէջ բնակեցուածութիւնը իսլամներու հետ, որոնց թիւը երթալով կ'աւելնար Եւրոպայէն արտաքսուած մուհաջիրներու եւ Կովկասէն գաղթած չերքեզներբւ հաշիւին, մեծապէս դժուարացուցած են արեւմտահայութեան ազգային–ազատագրական պայքարը, որ այնպէս ալ համընդհանուր ապստամբական շարժման չէ վերածուած։

Կը բուէր, թէ 1908 թուականին երիտթուրքերի յեղաշրջումը, որ իրագործուեցաւ ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն նշանաբանով, եւ որուն յաջողութեան մեծապէս սատարեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, պէտք է արմատապէս յեղաբեկեր հպատակ ժողովուրդներու կացութեան, բայց Ատանայի հայերու կոտորածը (1909) վկայեց, որ երիտթուրքերը Ապտուլ Համիտ Բ.-ի քաղաքականութեան ընթացքի հաւատարիմ հետեւորդներն են։ 1911 թուականին երիտթուրք պարագլուխներու Սալոնիկի գաղտնի խորհրդակցութիւնը վճռած է Հայկական հարցը լուծել հայերը բնաջնջելով։

1912-13 թուականներուն Պալքանեան պատերազմներու ընթացքը եւ արեւմտահայերու համար ստեղծուած մղձաւանջային կացութիւնը ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե.-ին հարկադրեց դիմել ռուսական կառավարութեան եւ վերստին բարձրացնել Արեւմտյան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ գործադրելու հարցը։ Ռուսական կառավարութեան ներկայացուցած բարենորգումներու ծրագիրը դարձած է դիւանագիտական երկարատեւ սակարկումներու առարկայ։ 26 Յունուար 1914–ին ստորագրուած ռուս–թրքական համաձայնագիրի համաձայն՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուէին երկու հատուածներ, որոնցմէ մէկը պիտի ընդգրկէր Էրզրումի, Տրապիզոնի եւ Սեբաստիոյ (Սվազ), միւսը՝ Վանի, Պիթլիսի, Տիարպեքիրի եւ Խարբերդի վիլայէթները, իսկ ատոնց գլուխ կարգուող եւրոպական երկու ընդհանուր տեսուչները պիտի հետեւէին բարենորոգումներու ընթացքին։ Սակայն վերահաս Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը ի չիք դարձուց այդ համաձայնագիրը։

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ եւ Եղեռն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին համաշխարհային պատերազմին երիտթուրքերու կողմէ կառավարուող օսմանեան Թուրքիան միացած է գերմանական պլոկին՝ ընդդէմ Անտանտի երկիրներու։ Օգտուելով պատերազմական վիճակէն՝ երիտթուրքերը ձեռնամուխ եղած են արեւմտահայութեան զանգուածային բնաջնջման եւ իրենց բուն հայրենիքի իւրացման։ Սարիղամիշի մօտ թրքական բանակի կրած ջախջախիչ պարտութիւնը (14 Դեկտեմբեր 1914) ամրապնդած է իրենց հրէշային մտադրութիւնը։ Օսմանեան հայրենիքը պաշտպանելու պատրուակով բանակ զօրակոչուած 18–էն մինչեւ 60 տարեկան զէնք կրելու ընդունակ հայ տղամարդկանց զինաթափած են իբր աշխատանքային գումարտակներու մէջ օգտագործելու համար եւ կոտորել։ 24 Ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտավորականութեան ներկայացուցիչները ուղարկզծ են Անատոլիոյ խորքերը եւ գազանաբար ոչնչացուցած են զանոնք։ Երիտթրքական բարբարոսները այնուհետեւ տեղահանութեան պատրուակով սկսսծ են բնակավայրերէն հանել կանանց, երեխաներն ու ծերունիները եւ աներեւակայելի խոշտանգումներու ենթարկելով ոչնչացնել։ Եւ եթէ հայութեան փոքրաթիւ բեկորներ, այնուամենայնիւ, հասած են Միջագետքի աւազուտներ, ապա սոսկ ցոյց տալու համար, որ եղած է տեղահանութիւն եւ ոչ թէ կոտորած։ Բայց երբ, հակառակ բոլոր հնարքներուն, եւրոպական եւ ամերիկեան հասարակայնութիւնը իրազեկ դարձած է կատարուածին, որպէս արդարացուցիչ հանգամանք պատրուակ բերուած է առաջին հերթին 1915 թուականի Վանի հերոսամարտը, որ մատուցուած է որպէս դաւաճանական ապստամբութիւն օսմանեան բանակի դէմ։

Ամէնուր եւ միշտ չէ, որ երիտթրքական վանտալներուն յաջողած է հեշտութեամբ ի կատար ածել իրենց դժոխային ծրագիրը։ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայաբնակ բազմաթիւ վայրերու մէջ հայ ժողովուրդը զէնքը ձեռքին ծռած է դարաւոր ոսոխի դէմ՝ գիտակցելով, որ փրկութեան այլ ելք չկայ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարեգրութեան էջերուն մէջ ընդմիշտ կը մնան Վանի, Շատախի, Հայոց Ձորի, Արճէշի, Թիմարի, Սասնոյ, Մշոյ, Մուսա Լերան, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի հերոսամարտերը։

1915-16 թուականներուն ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ռուսական զօրքերը գրաուած են Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի նշանակալի մասը։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութիւնը 29 Դեկտեմբեր 1917–ին հրապարակեց Թրքահայաստանի մասին դեկրետը, որով կը պաշտպանուէր Ռուսաստանի յատկացուած Թրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն։ Երաշխիքներ կը համարուէին ռուսական զօրքերու դուրսբերումը եւ հայ ժողովրդական միլիցիայի կազմակերպումը, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող գաղթական եւ վտարանդի, պատերազմի ժամանակ բռնի արտաքսուած հայերու անարգել վերադարձը։ Սակայն այս դեկրետը հազիւ թէ իրական հիմքեր ունէր, որովհետեւ ռուսական զօրքերու դուրսբերումը ինքնըստինքեան հարցականի տակ կը դնոէր դեկրետի հիմնադրոյթներու կենսագործումը։ 1918 թուականին Պրեսթի հաշտութեան պայմանագիրի 4–րդ յօդուածին մէջ ըսուած էր. Ռուսաստանը կ'ընէ այն ամէնը, ինչ որ իրենմէ կախուած է, որպէսզի ապահովէ իր զօրքերու դուրսբերումը Արեւելեան Անատոլիոյ նահանգներէն եւ վերջիններուս կանոնաւոր վերադարձը Թուրքիոյ։ Պայմանագիրին մէջ Թրքահայաստանը վերածուած է Արեւելեան Անատոլիոյ, որուն նահանգները պէտք է վերադարձուէին Թուրքիոյ՝ լիովին անտեսելով Թրքահայաստանի մասին դեկրետը։ Աւելին՝ ռուսական զօրքերը պէտք է դուրս բերուէին նաեւ 1877-78 թուականներուն ռուս–թրքական պատերազմի հետեւանքով Ռուսաստանին անցած Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի մարզերէն, եւ իրենց ապագայ կացութիւնը պէտք է սահմանուէր Թուրքիոյ համաձայնութեամբ։ Պրեսթ–Լիթովսկի պայմանագիրը առաւել քան ողբերգական հետեւանքներ ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար (ռազմաճակատի մերկացում, մուսաւաթական–մենշեւիկեան պլոկի հակահայկական վարքագիծ, թուրք զօրքերոպ ներխուժում Անդրկովկաս, Պաքուի ու այլ վայրերու մէջ կազմակերպուած հայկական նոր ջարդեր)։

Պարտութիւն կրելով առաջին համաշխարհային պատերազմին՝ Թուրքիան, այնուամենայնիւ, պահպանած էր իր տիրապետութիւնը Արեւմտեան Հայսստանի նկատմամբ։ Դաշնակիցները Արեւմտյան Հայաստանի եւ առհասարակ Հայաստանի հարցը լայնօրէն քննարկած են Սան Ռեմոյի կոնֆերանսին ընթացքին (1920)։ Հայաստանի Հանրապետութեան պէտք է տրուէին Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի վիլայէթներէն մասեր՝ դէպի ծով ելք ունենալու պայմանով։ Հայաստանի մանդատը կ'առաջարկուէր ԱՄՆ–ու, իսկ հրաժարելու պարագային կը խնդրուէր ԱՄՆ–ու նախագահէն՝ անցնել սահմանագիծին։

10 Օգոստոս 1920–ին կնքուած Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրով Թուրքիան ճանչցած է Հայաստանը որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն՝ հրաժարելով իրեն անցած տարածքի նկատմամբ բոլոր իրաւունքներէն։ Սակայն Մուսթաֆա Քեմալ փաշայի գլխաւորած Անքարայի Ազգային մեծ ժողովի կառավարութիւնը չճանչցաւ Սեւրի պայմանագիրը, Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութեան նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ պայքար ծաւալեց ատոր դէմ՝ ծպտուած համաշխարհային յեղափոխոխութեան յառաջամարտիկի դիմակով։

Յետպատերազմեան Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

27 Նոյեմբեր 1945–ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ.-ն դիմեց Ի. Սթալինին, Հ. Տրումենին եւ Կ. Էտիլին՝ խնդրելով օգնել վերացնելու պատմական անարդարութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանը միացնելու Խորհրդային Հայաստանին, հնարաւորութիւն ընձեռնած է աշխարհասփիւռ հայերուն՝ վերադառնալ մայր հայրենիք։ Այդ հարցը բարձրացուած է նաեւ 1947 թուականի Ապրիլին Նիւ–Եորքի մէջ գումարուած Հայկական համազգային քոնկրէսին մէջ, բայց՝ ապարդիւն։

Արեւմտյան Հայաստանը մնաց թրքական տիրապետութեան տակ, սակայն հայ ժողովուրդը երբեք չհաշտուեցաւ իր հայրենիքի մեծագոյն մասի կորսուտին հետ 1989 թվականին ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդը դատապարտեց հայերու ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ 1987 թուականին համապատասխան որոշում ընդունեց Եւրոխորհրդարանը։ 20-րդ դարու մարդկության դէմ կատարուած առաջին ոճրագործութիւնը պէտք է ճանչնան բոլոր պետութիւնները եւ միջազագային ատեանները։ Արեւմտեան Հայաստանը պէտք է վերադարձուի օրինական տիրոջը՝ հայ ժողովուրդին։[8] 1894-1923 թուականներու ցեղասպանութենէ ետք գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկուած է հայ բնակչութենէ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Myhill John (2006)։ Language, Religion and National Identity in Europe and the Middle East: A historical study։ Amsterdam: J. Benjamins։ էջ 32։ ISBN 978-90-272-9351-0 
  2. "About Government" Archived 2023-04-15 at the Wayback Machine.. The Government of the Republic of Western Armenia (Armenia).
  3. «Western Armenians are preparing»։ A1+։ 16 November 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 27 September 2008-ին 
  4. Wallimann Isidor, Dobkowski Michael N. (March 2000)։ Genocide and the Modern Age: Etiology and Case Studies of Mass Death։ Syracuse University Press։ ISBN 9780815628286։ արտագրուած է՝ 30 December 2014 
  5. Tozer Henry Fanshawe (1881)։ Turkish Armenia and Eastern Asia Minor։ Longmans, Green, and Company։ ISBN 9780404164621 
  6. Laderman Charlie (2019)։ Sharing the Burden: The Armenian Question, Humanitarian Intervention, and Anglo-American Visions of Global Order։ Oxford University Press։ էջ 42։ ISBN 9780190618605 
  7. Timothy C. Dowling Russia at War: From the Mongol Conquest to Afghanistan, Chechnya, and Beyond pp 728–729 ABC-CLIO, 2 December 2014 1598849484
  8. Հայկական հարց հանրագիտարան, Երեւան, 1996 թուականին։