Jump to content

Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան (Վիեննա)

Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան

Տեսակ բնագիտական թանգարան?[1][2], հավաքածու? եւ ակադեմիական հրատարակիչ?
Երկիր  Աւստրիա[3][1]
Տեղագրութիւն Ներքին Քաղաք[3][1] եւ Վիեննա
Վայր Վիեննա
Հասցէ Museumsplatz 3[3]Burgring?
Հիմնադրուած է 1889
Հիմնադիր Ֆրանց Ժօզէֆ I[4]
Պատուիրող Ֆրանց Ժօզէֆ I
Այցելուներ 564 512
Տնօրէն Քրիստիան Կոեբերլ?[5], Katrin Vohland?[5], Hans Rebel?[5], Hermann Michel?[5], Otto Pesta?[5], Hans Kummerlöwe?[5], Hermann Michel?[5], Hans Strouhal?[5], Karl Heinz Rechinger?[5], Friedrich Bachmayer?[5], Oliver Paget?[5], Heinz Kollmann?[5] եւ Bernd Lötsch?[5]
Հաւաքածոյի չափ 30 000 000
48°12′18″N 16°21′36″E / 48.205131°N 16.359931°E / 48.205131; 16.359931
Կայքէջ nhm-wien.ac.at(գերմ.)(անգլերէն)[6]
Քարտէս
Քարտէս

Բնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան (գերմաներէն՝ Naturhistorisches Museum), բնագիտութեան պատմութեան մեծ թանգարան, կը գտնուի Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ[7]։

Թանգարանի ցուցադրած իրերուն ամէնահին հաւաքածոները ունին 250 տարուան պատմութիւն[7] եւ կը ցուցադրուին 8,700 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ։

Ըստ 2011-ի տուեալներուն, թանգարանին մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 30 միլիոն նմուշներ, իսկ այդ թիւը մշտապէս աճման մէջ է: Հաւաքածուին նմուշները հիմք կը հանդիսանան 60 գիտնական աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններուն, որոնց շրջանակը կ'ընդգրկէ Արեգակնային համակարգի ծագումը, կենդանիներու եւ բոյսերու եւ մարդու եղափոխութիւնը, նախապատմական աւանդոյթներն ու սովորոյթները[7]։

Թանգարանի գմբեթը՝ էրցհերցոգ Կառլի արձանի ետեւէն

Թանգարանի գլխաւոր շէնքը մանրակրկիտ քանդակներով հարուստ պալատ է, ուր 1889 թուականէն սկսեալ կը ծառայէ իբրեւ բնագիտութեան պատմութեան թանգարան[7]։

Շէնքին բարձրակարգ ճարտարապետական ձեւաւորումը, կահոյքը եւ թանկարժէք ցուցանմուշներու համադրութիւնը անոր կու տան ինքնին պատմական պահպանման կարեւորագոյն առարկայի արժէք[7]։

Վերջին յարկին մէջ ցուցադրուած թանկարժէք քարերու, հանածոներու եւ մետեորիտներու կողքին կարելի է տեսնել հոյամողէսի հսկայ կմախք, նախապատմական գեղարուեստական գործեր, բիւրեղեայ հսկայական տոպազ եւ թանկարժէք ադամանդեայ ծաղկեփունջ, որ Մարիա Թերեզան նուիրեր էր իր ամուսինին[7]։

Առաջին յարկին մէջ ցուցադրուած է կենդանական աշխարհի բազմազան տեսակները՝ պարզագոյն ձեւերէն մինչեւ միջատներ ու կաթնասուններ: 200 տարուան նմուշները հետաքրքրական են ո՛չ միայն իբրեւ ցուցանմուշներ, այլեւ՝ իբրեւ գիտութեան պատմութեան մասին պատմական գրառումներ[7]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]