Էպոլա
Էպոլա | ||
---|---|---|
Գիտական դասակարգութիւն | ||
|
||
Լատիներէն անուանում | ||
Ebolavirus
| ||
|
Էպոլա հիւանդութիւնը ժահրային հազուագիւտ եւ մահացու հիւանդութիւն մըն է։ Յաճախ անիկա կը կոչուի Էպոլա արիւնահոսութեան հիւանդութիւն, որովհետեւ անոր յատուկ ախտանշաններէն կարեւորագոյնը անսպասելի արիւնահոսութիւնն է։
Ի՞նչ է Էպոլան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս հիւանդութեան ժահրը Էպոլա ժահրն է, որ առաջին անգամ յայտնուեցաւ 1976-ին Սուտանի մէջ եւ Քոնկոյի Էպոլա գետին շրջակայքը։ Այս ժահրը կը պատկանի Filoriridae ժահրերու խմբաւորումին։ Էպոլա անուանումը կը վերագրուի Քոնկոյի Էպոլա գետին։ Այս երկու երկիրներուն մէջ էպոլա հիւանդութիւնը շուտով տարածուեցաւ եւ վերածուեցաւ համաճարակի։
Էպոլա հիւանդութիւնը երկրորդ անգամ յայտնուեցաւ 2012-ին Ուկանտայի եւ դարձեալ Քոնկոյի մէջ։ 2014-ի համաճարակը երրորդն է, որ աւելի ահազանգային եւ բարդ է։ Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու, 2014-ի համաճարակը տարածուած է մասնաւորապէս Կինէի, Սիէրա Լէոնէի եւ Լիպերիոյ մէջ։ Մինչեւ օրս էպոլան խլած է 11,315-է աւելի մարդոց կեանքը։ Յայտնաբերուած են 28,638 պարագաներ[1][2]:
Էպոլան շատ արագ կը տարածուի Ափրիկէի այլ շրջաններու մէջ։ Մահեր արձանագրուած են նաեւ Սենեկալի եւ Քոնկոյի մէջ։
Փոխանցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էպոլա ժահրը առաւելաբար հիւրընկալուած է Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու կապիկներու, շեմբանզէներու եւ չղջիկներու կողմէ։ Այսինքն ժահրը կ՛ապրի այս կենդանիներու մարմնին մէջ։ Էպոլա ժահրը կը փոխանցուի մարդուն, երբ ան դպչի այս կենդանիներուն մորթին եւ կամ անոնց մարմինէն արտադրուող հեղուկներուն, այսինքն՝ արեան, սերմնահեղուկին (semen), կրծքակաթին, մէզին եւ լորձունքին։ Իսկ էպոլա ժահրի փոխանցումը վարակուող անձէ մը առողջ անձի մը, տեղի կ՛ունենայ նոյն ձեւով։ էպոլա ժահրի փոխանցումը եւ տարածումը օդի, ջուրի եւ ուտեստեղէններու միջոցաւ չի կատարուիր։ Թխսումի շրջանը (incubation period) 10-21 օր է, այսինքն՝ հիւանդութեան ախտանշանները կը յայտնուին վարակումէն 10-21 օրեր ետք։ Անոր փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ՛ունենայ հիւանդութեան ախտանշաններու յայտնուելէն ետք[3][4][5][6]: Ժահրի մուտքի անցքերէն են քիթը, բերանը, աչքերը, բաց վէրքերը, կտրուածքները եւ քերուածքները[5][7][8][9][10]:
Էպոլա ժահրը վարակուող անձի մարմնին մէջ մտնելէ ետք կը տկարացնէ անոր ախտամերժութեան (immunity) համակարգը եւ կը հարուածէ մարմնի զանազան օրկանները։ Վարակուողներուն 50-90 տոկոսը կը մահանայ[11]: Չմահացողները կը կրեն էպոլա ժահր եւ կրնան փոխանցել զայն ուրիշներու՝ սերմնահեղուկի միջոցաւ։
Ախտանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էպոլա հիւանդութեան ախտանշանները կը նմանին դողտենդի (malaria) եւ ընդերային տենդի (typhoid) ախտանշաններուն, հետեւաբար էպոլան պէտք է զատորոշել այս երկուքէն[12]:
Էպոլա հիւանդութեան ախտանշաններն են՝ բարձր ջերմ, մարմնական տկարութիւն եւ յոգնածութիւն, մկանային ցաւ, սաստիկ գլխացաւ, փորի ցաւ, նողկանք, փսխունք, փորհարութիւն, հազ, կրծքացաւ, կոկորդի կարմրութիւն, մորթի դեղնութիւն-դեղնախտ (jaundice), անսպասելի արիւնահոսութիւն, աւշագեղձերու ծաւալում (lymph node hypertrophy), զառանցանք (delirium), անզգայութիւն (stupor) եւ հաւանական մահաքուն (coma):
Արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի տարբեր ձեւերով։ Առաջին քանի մը օրերուն տեղի կ՛ունենայ մորթային մակերեսային կէտաւոր արիւնազեղում (petechiae) եւ ենթամորթային արիւնազեղում (ecchymosis): Ասոնց կը յաջորդէ բացայայտ՝ բերանային, սրբանային եւ հեշտոցային արիւնահոսութիւն։ Կը տեսնուի նաեւ մորթային բշտիկաւոր ցան (rash)[12]:
Էպոլա հիւանդութենէ վարակուած անհատը կ՛ունենայ հետեւեալ երկու ընթացքներէն մէկը.
- Երկրորդ շաբթուան ընթացքին հիւանդին ախտանշանները կը մեղմանան ինքնաբերաբար եւ որոշ բարելաւում կ՛արձանագրուի։
- Հիւանդութիւնը կը յառաջանայ եւ բարդութիւններ կը յայտնուին մարմնի զանազան օրկաններու գործունէութեան մէջ։ Այս պարագային ախտանշանները կը զօրանան, բարելաւում տեղի չ՛ունենար եւ ընդհակառակն՝ կը սկսին լեարդի կրկնուող բորբոքումներ, աչքի անօթապատեանաբորբ (uvietis), ամորձաբորբ (orchitis), բացայայտ արիւնահոսութիւն եւ մահ։
Դէմ Դնել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաճարակներու ընթացքին մահացութեան միջին տոկոսը (mortality rate) կը հասնի 50-ի։
Էպոլա հիւանդութենէ չմահացող անհատը կ՛ունենայ 10 տարուան ախտամերժողականութիւն էպոլա ժահրին դէմ։
Էպոլա հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը փաստուի գտնելով էպոլա ժահրը հիւանդին արեան եւ կամ անոր վարակուած հիւսկէններուն մէջ։ Կը կատարուին նաեւ արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, լեարդի գործունէութեան, արիւնահոսութեան եւ մէզի քննութիւններ։
Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, մինչեւ օրս էպոլա հիւանդութեան դէմ յատուկ պատուաստ եւ հակաժահրային դարմանում գոյութիւն չունին։ Սակայն շատ մը երկիրներու առողջապահական հաստատութիւնները շատ մեծ աշխատանք կը տանին գտնելու համար պատուաստ մը։
Յամենայնդէպս, վարակուած անձը պէտք է խմէ առատ ջուր եւ կամ անոր պէտք է ներարկել ներերակային յատուկ հեղուկներ։ Ֆիզիքական հանգիստը շատ կարեւոր է։ Հակաջերմն ու ցաւազերծ դեղերը ունին մեծ դերակատարութիւն։ Զօրաւոր արիւնահոսութեան պարագային արեան փոխներարկումը կը դառնայ պարտաւորիչ։
Վարակուած անձը պէտք է մեկուսացուի։ Կանխամեկուսացումի (quarantine) միջոցառումները պարտաւորիչ են, որպէսզի համաճարակներ տեղի չունենան։ Նախազգուշական միջոցները պարտաւորիչ են համաճարակներու ընթացքին։ Հիւանդանոցներու անձնակազմը պէտք է գործածէ յատուկ ձեռնոցներ, գոգնոց եւ դիմակ կամ քթաբերանակ (mask), իսկ բժշկական բոլոր գործիքները պէտք է հականեխուին մեծ ուշադրութեամբ։ Ժողովրդային առողջապահական դաստիարակութիւնը խիստ կարեւոր է։
Անոր Մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս օրերուս ամբողջ աշխարհը կը խօսի մասին։ Պետութիւններ ահազանգի մատնուած են էպոլայով։ Նոյնիսկ միջազգային համաժողովներու ընթացքին էպոլան նկատուած է մարդկութեան առաջնահերթ վտանգ։
Կը լսենք ու կը կարդանք ամէն օր էպոլա հիւանդութեան մահասփիւռ տարողութեան մասին, Ափրիկեան էպոլա համաճարակ երկիրներէ ամէնօրեայ կոչեր կ՛ուղղուին համայն աշխարհին՝ անմիջական բժշկական անսահման պէտքերուն հասնելու, որպէսզի կարողանան դիմագրաւել էպոլա «հրէշը»: Այս ափրիկեան երկիրները բժշկական բաւարար կեդրոններ եւ հարկաւոր միջոցներ չունին պայքարելու դէմ ու ընդունելու եւ դարմանելու էպոլայէն վարակուող բոլոր անհատները։
Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնները առաջին օրէն իրենց ամբողջական կազմերով հասած են օժանդակելու այս երկիրներու ժողովուրդներուն։ Միջազգային դրամատունը մինչեւ օրս տրամադրած է 400 միլիոն տոլար՝ պայքարելու համար էպոլա հիւանդութեան դէմ եւ օժանդակելու այս երկիրներուն։ Օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպաման Միացեալ Ազգերու համաժողովին՝ անդրադառնալով էպոլային, ըսած է. «Բաւարար չէ այն, ինչ կը կատարուի էպոլան դիմագրաւելու համար»: Ուստի, նախագահ Օպամայի որոշումով 3000 բանակայիններ շուտով պիտի ուղարկուին ափրիկեան այս երկիրները, օգտակար դառնալու դէմ պայքարին։ Քանատայի կառավարութիւնը, իր կարգին, ղրկած է օգնական անձնակազմ մը, շարժական տարրալուծարաններ, հինգ միլիոն տոլար նիւթական օժանդակութիւն եւ դէմ հազար դեղաքանակ (dose) փորձարական պատուաստ։
Էպոլա հիւանդութիւնը կը տարածուի երկրէ երկիր՝ վարակուած մարդոց ճամբորդութեան պատճառով։ Այս իսկ պատճառով էպոլան հասած է Միացեալ Նահանգներ։ Թոմաս Տանքըն ամերիկացի ճամբորդ մըն է, որ դէմ յանդիման եկած է Լիպերիոյ մէջ էպոլա հիւանդութենէ վարակուած անձերու։ Վերադառնալէ ետք Ամերիկա, կը փաստուի անոր էպոլայով վարակուած ըլլալը։ Ան այժմ կը դարմանուի մեկուսացուած կեդրոնի մը մէջ փորձարական «Brincidofovir» դեղով։ Անոր առողջական վիճակը լուրջ վտանգի մէջ է։ Երկու սպանացի քարոզիչներ Ափրիկէի մէջ էպոլայով վարակուելէ ետք կը վերադառնան Սպանիա եւ մեկուսացուած դարմանումի կ՛ենթարկուին, սակայն երկուքն ալ կը մահանան։ Այն հիւանդապահուհին, որ խնամած է այս քարոզիչները վարակուած է էպոլայով եւ ներկայիս մեկուսացեալ կը դարմանուի Սպանիոյ մէջ։ Էպոլա ժահրը կրնայ գործածուիլ պատերազմներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու ընթացքին։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «CDC urges all US residents to avoid nonessential travel to Liberia, Guinea and Sierra Leone because of an unprecedented outbreak of Ebola.»։ CDC։ 31 July 2014։ արտագրուած է՝ 2 August 2014
- ↑ «2014 Ebola Outbreak in West Africa»։ CDC։ 4 August 2014։ արտագրուած է՝ 5 August 2014
- ↑ «Ebola (Ebola Virus Disease) Transmission»։ CDC։ 5 November 2014։ արտագրուած է՝ 7 November 2014
- ↑ Drazen JM, Kanapathipillai R, Campion EW, Rubin EJ, Hammer SM, Morrissey S, Baden LR (November 2014)։ «Ebola and quarantine»։ N Engl J Med 371 (21): 2029–30։ PMID 25347231։ doi:10.1056/NEJMe1413139
- ↑ 5,0 5,1 «Q&A on Transmission, Ebola»։ CDC։ September 2014։ արտագրուած է՝ 3 October 2014
- ↑ Donald G. McNeil Jr. (3 October 2014)։ «Ask Well: How Does Ebola Spread? How Long Can the Virus Survive?»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 24 October 2014
- ↑ «How Ebola Is Spread» (PDF)։ Centers for Disease Control and Prevention (CDC)։ November 1, 2014
- ↑ «Sexual transmission of the Ebola Virus : evidence and knowledge gaps»։ who.int։ 4 April 2015։ արտագրուած է՝ 16 April 2015
- ↑ Wu Brian (May 2, 2015)։ «Ebola Can Be Transmitted Through Sex»։ Science Times։ արտագրուած է՝ May 3, 2015
- ↑ Varkey JB, Shantha JG, Crozier I, Kraft CS, Lyon GM, Mehta AK, Kumar G, Smith JR, Kainulainen MH, Whitmer S, Ströher U, Uyeki TM, Ribner BS, Yeh S (7 May 2015)։ «Persistence of Ebola Virus in Ocular Fluid during Convalescence.»։ The New England Journal of Medicine 372: 2423–7։ PMID 25950269։ doi:10.1056/NEJMoa1500306
- ↑ Ruzek edited by Sunit K. Singh, Daniel (2014)։ Viral hemorrhagic fevers։ Boca Raton: CRC Press, Taylor & Francis Group։ էջ 444։ ISBN 9781439884294
- ↑ 12,0 12,1 «Ebola virus disease Fact sheet No. 103»։ World Health Organization։ September 2014
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Ազդակ» օրաթերթ, Առողջապահական - Բժշկագիտական, դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, 16 Հոկտեմբեր, 2014: