Կաղապար:Օրվա հոդված/Հունվարի 13, 2016 թ.
Հին Նոր Տարին, կամ Ուղղափառ Նոր Տարին, որ աւանդական տօնն է ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ, ըստ Յուլիական տոմարին, նոր տարուան սկիզբն է: 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն, հին Նոր Տարին կը զուգադիպէր Յուլիական տոմարի Յունուար 14-ին: Հին եւ նոր տոմարներու տարբերութիւնը 13 օր էր, Յունուար 13-ը կը համապատասխանէր Դեկտեմբեր 31-ին:
Նոր՝ Գրիգորեան տոմարը հաստատուած է 1582 թուականի Հոկտեմբերին: Հռոմի Գրիգոր XIII պապը նկատած էր, որ Յուլիական, այսինքն՝ հին տոմարը, մինչեւ 16-րդ դարը ստեղծած է 10 օրուան տարբերութիւն մը: Այդ տարբերութիւնը յայտնի դարձած է գարնանային գիշերահաւասարին՝ Մարտ 21-ին, որովհետեւ Նիկիոյ 325 թուականի ժողովի որոշմամբ գիշերահաւասարի օր համարուած է ոչ թէ Մարտի 21-ը, այլ՝ Մարտի 11-ը: Գրիգոր XIII պապը 1582 թուականի Հոկտեմբեր 4-ին՝ Հինգշաբթի օրուան յաջորդող Ուրբաթ օրը յայտարարած է Հոկտեմբեր 15-ը, բաց թողելով կուտակուած 10 օրերը, որ յառաջացած էր 325-էն 1582 թուականներու ընթացքին: 16-20րդ դարու ընթացքին Յուլիական՝ հին, եւ Գրիգորեան՝ նոր տոմարներուն միջեւ տարբերութիւնը 13 օր կը կազմէ:
Հին Նոր Տարուան աւանդոյթը պահուած է... Ավելին⇒