Jump to content

Խաչակիրներու Ը․ Արշաւանք

The printable version is no longer supported and may have rendering errors. Please update your browser bookmarks and please use the default browser print function instead.
Խաչակիրներու Ը․ Արշաւանք
Խաչակիրնեու Արշաւանքներ
Լուիս IX-ի մահը Թունիսի պաշարման ժամանակ
Թուական 1270
Վայր Թունիս
Արդիւնք Պայմանագրի կնքում Թունիսի հետ
  • Առեւտրային յարաբերութիւններ Թունիսի հետ
  • Լուիս IX-ի մահը
Հակառակորդներ
Ֆրանսայի Թագաւորութիւն
Հրամանատարներ
Լուիս IX
Կարլ I Նեբալցի
ԹեոպալդտII Նաւարացի
Մուհամմատ I ալ-Մուստանսիր

Խաչակիրներու ութերորդ արշաւանք, Անգլիական խաչակրաց արշաւանք, սկսած է 1270–ին Ֆրանսայի թագաւոր Լուիս IX-ի կողմէ՝ ընդդէմ Թունուզ քաղաքի։ Անգլիական խաչակրաց արշաւանքը միաժամանակ կը համարուի որպէս եօթներորդ, եթէ Ֆրետերիկ II-ի հինգերորդ եւ վեցերորդ արշաւանքները որպէս առանձին խաչակրաց արշաւանքներ կը համարուին։ Խաչակիրներու իններորդ արշաւանքը նոյնպէս անգլիական խաչակրաց արշաւանքին մասը կը համարուի։ Խաչակրաց արշաւանքը անյաջողութեան կը մատնէ Լուիսի մահէն ետք։ Յետագային՝ կարճ ժամանակ ետք, անոր բանակը Եւրոպայի մէջ կը ցրուի[1]։

Նախաբան

Կ'ըսուի, թէ Լուիս IX-ը ափսոսացած է, որ արշաւանքը զինք միացուցած է մամլուքներուն։ 20 տարի ետք, իր գահակալութեան վերջը՝ 56 տարեկանին, ծրագիրներ կը յօրինէ, եւրոպական կարգավիճակը Սուրբ Երկրին մէջ պարտադրելու համար[2]։

Լուիսը անհանգստացած էր Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակէն, ուր սուլթան Բեյբարսը յարձակումներ կը գործէր խաչակիրներու տարածքներու մնացորդներու վրայ։

Բեյբարսը Սենթ Սաբաթի պատերազմէն ետք առիթը կ'օգտագործէ իրար դէմ հանելու Վենեցիա եւ Ճենովա քաղաքները 1256-1270 թուականներուն, այս մէկը ուժասպառ կ'ընէր մարդկային եւ նիիւթական աղբիւրները սուրիական նաւահանգիստներուն մէջ, որոնք երկու քաղաքներուն կողմէ կը վերահսկուէին։ 1265–ին Բեյբարսը կը տիրապետէ Նազարէթի, Հայֆայի, Տորոնի եւ Արսուֆի վրայ։ Կիպրոսի Հուգո III-ը՝ Երուսաղէմի թագաւորութեան անուանական թագաւորը, Ակրա կու գայ` քաղաքը պաշտպանելու համար. այդ ընթացքին Բեյբարսը կը շարժի դէպի Հայաստանի հիւսիսային շրջանը, որ այդ ժամանակ Մոնկոլի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ 1268–ին հնամեայ քաղաք Անտիոքը կ'իյնայ Բեյբարսի տիրապետութեան տակ, բնակիչները սուրէ կ'անցնին։

Թունուզի պաշարում

Այս իրադարձութիւններով առաջնորդուելով, 1267–ին Լուիսը խաչակիրներու նոր արշաւանքի կոչ կ'ընէ եւ աւելի ուշ, չնայած որ փոքր աջակցութիւն ունէր։ Ճին տը Ջուինվիլլը՝ ժամանակագիրը, որ Լուիսին կ'ուղեկցէր խաչակիրներու եօթներորդ արշաւանքի ժամանակ, կը հրաժարի անոր հետ երթալէ։ Սկզբը, ինչպէս բոլոր խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ, անոնք որպէս թիրախ ունէին ծովափնեայ շրջանները՝ Երուսաղէմը գրաւելու վերջնական նպատակով։ Սակայն եղբայրը՝ Չարլ Անժուացին, շուտով Լուիսին կը համոզէ առաջինը նախ Թունուզ արշաւել, որ անոնց մեծ հնարաւորութիւն կու տար Եգիպտոս արշաւելու համար։ Լուիսի կեդրոնանալը նախորդ խաչակրաց արշաւանքին վրայ, նոյնպէս բարենպաստ էր, որքան անոնցմէ առաջ եղած խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքը։ Երկուքն ալ յաղթած էին։ Չարլ, որպէս Սիկիլիոյ թագաւոր, սեփական հետաքրքրութիւններ ունէր Միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ։ Թունուզի խալիֆը` Մուհամմատ ալ-Մուսթանսիրը, նոյնպէս կապեր ունէր Սպանիոյ քրիստոնեաներուն հետ։ Ան երկմտումներ ունէր, որ Չարլի հետաքրքրութիւնը աւելի շատ տնտեսական բնոյթ ունի, քան կրօնական։ 1268–ին Չարլ կրցաւ իր տիրապետութիւնը ապահովել Սիկիլիոյ վրայ։ Հոհենշտաուֆէններէն Կոնրադին յաղթելէ ետք, Լուիսը հսկայական նաւատորմով հեռացաւ հարաւային Ֆրանսայէն։ Ան ափ իջաւ Ափրիկեան կղզիին մէջ յունիս 1270–ին. եղանակը շատ անբարենպաստ էր ափ իջնելու համար։ Բանակի մեծ մասը հիւանդացաւ խմելիք ջուրի պակասէն։ Լուիսը մահացաւ 25 Օգոստոս 1270-ին` Չարլի ժամանումէն մէկ օր առաջ։ Անոր վերջին բառը Երուսաղէմ էր[3]։

Չարլը Լուիսի որդիին՝ Ֆիլիպ III-ին հռչակեց նոր թագաւոր։

Յղումներ

Al-Maqrizi, Al Selouk Leme'refatt Dewall al-Melouk, Dar al-kotob, Cairo 1997. Idem in English: Bohn, Henry G., The Road to Knowledge of the Return of Kings, Chronicles of the Crusades, AMS Press, 1969. Richard, Jean: The Crusades, C.1071-c.1291, Cambridge University Press, 1999. ISBN 0-521-62566-1 Throop, Palmer A., "Criticism of Papal Crusade Policy in Old French and Provençal." Speculum, Vol. 13, No. 4. (October, 1938), pp. 379–412. Lyric allusions to the crusades and the Holy Land Beebe, Bruce, "The English Baronage and the Crusade of 1270," in Bulletin of the Institute of Historical Research, vol. xlviii (118), November 1975, pp. 127–148.

Ծանօթագրութիւններ

  1. "The Crusades of St. Louis". Britannica Retrieved 28 May 2015
  2. "The Crusades of Luis" Britannica. Retrieved 28 May 2015
  3. The English Crusade