Jump to content

Հոգեբանութեան պատմութիւն

Հոգեբանութեան պատմութիւն, գիտութեան յատուկ բնագաւառ՝ հոգեբանական գիտելիքներու համակարգի ծագման եւ զարգացման օրինաչափութիւններու մասին։ Վերջինիս շրջանակներուն մէջ կ'ուսումնասիրէ ոչ թէ հոգեկան իրականութիւնը, այլ վերջինիս մասին պատկերացումները, անոնց ծագման ժամանակաշրջանները։ Հոգեբանութեան պատմութեան հիմնական խնդիրն է հոգեկանի մասին գիտական պատկերացումներու ծագման եւ հետագայ զարգացման վերլուծութիւնը։ Դարեր շարունակ ծագած եւ միասին հերթափոխած են հոգիի, գիտակցութեան, վարքի մասին շարք մը պատկերացումներ։ Հոգեբանութեան պատմութիւնը կոչուած է վերստեղծելու այդ հերթափոխի պատկերը, դուրս բերելու ձեւաւորման օրինաչափութիւնները։[1]

Առարկան եւ խնդիրները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեբանութեան՝ իբրեւ գիտութեան, ուսումնասիրութեան առարկան կը տարբերի հոգեբանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան առարկայէն, անոր համար անհրաժեշտ է տարբերակել զանոնք։ Հոգեբանութիւնը՝ իբրեւ գիտութիւն, կ'ուսումնասիրէ հոգեկան կեանքի փաստերը, կառուցուածքներն ու օրինաչափութիւնները, իսկ հոգեբանութեան պատմութիւնը կը նկարագրէ եւ կը բացատրէ, թէ ինչպէս անոնք բացայայտած են մարդկային բանականութիւնը։ Հոգեբանութեան առարկան զգայութիւններու, ընկալման, յիշողութեան եւ կամքի, յոյզերու եւ բնաւորութեան իրականութիւնն է, ապա հոգեբանութեան պատմութեան առարկան այլ իրականութիւն է՝ հոգեկան աշխարհի ճանաչումով զբաղած մարդոց գործունէութիւնը։ Հոգեբանութեան պատմութեան խնդիրներն են.

  • Իւրաքանչիւր դարաշրջանին մէջ հոգեկան կեանքի օրինաչափութիւններու հերթափոխութեան ուսումնասիրութիւնը։
  • Այլ գիտութիւններու հետ հոգեբանութեան կապի բացայայտումը։ Հոգեբանութեան կապը այլ գիտութիւններու հետ կը բնութագրէր անոր զարգացումը պատմութեան բոլոր փուլերումն մէջ։ Այս գիտութեան զարգացման վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են թուաբանութիւնը, բնագիտութիւնը, կենսաբանութիւնը, հոգեբանութիւնը, աստղագիտութիւնը եւայլն։ Այս գիտութիւններու շրջանակներուն մէջ կը կուտակուին հոգեկան երեւոյթներու մասին գիտելիքներ, նաեւ հոգեբանութեան մէջ կ'օգտագործուին այդ գիտութիւններու ձեւերը։

Հոգեբանութեան պատմութիւնը պէտք է նաեւ հաշուի առնէ ուսումնասիրուող դարաշրջանին գիտութեան յատուկ կարգավիճակը։

  • Բացայայտել հոգեբանական գիտելիքներու ծագման եւ ընկալման կախուածութիւնը ընկերամշակութային կառուցուածքէն, գաղափարախօսական ազդեցութենէն, հասարակական պահանջէն։
  • Ուսումնասիրել գիտութեան կայացման մէջ անձի, անհատականութեան դերը։
  • Հոգեբանութեան՝ իբրեւ գիտութեան, զարգացման օրինաչափութիւններու սահմանումը։
  • Հոգեբանական տարբեր մօտեցումներու ծագման եւ զարգացման որոշիչներու դուրս բերումը։
  • Հոգեբանական գիտութեան արդէն յայտնի ուղղութիւններու կանխատեսման ապահովումը։
  • Ճիշդ հոգեբանական խնդիրներու ուսումնասիրուածութեան արդի վիճակի բացատրումը։
  • Հոգեբանական գիտութեան անցեալի կառուցուածքաւորումը անոր ճանաչումի ապահովման նպատակով։

Հոգեբանութեան պատմութեան ուսումնասիրումը թոյլ կու տայ ճշդել հոգեբանութեան դերը գիտութիւններու համակարգին մէջ եւ հանգամանքները, որոնց ազդեցութեամբ ան փոխուած է։ Ոչ միայն հոգեբանութիւնը կախուած է այլ գիտութիւններու ձեռքբերումներէն, այլ վերջիններս նոյնպէս փոխուած են՝ կախուած հոգեկան աշխարհի տարբեր կողմերու ուսումնասիրումէն։[2]

Գիտակարգի տեղը այժմու հոգեբանութեան համակարգին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեբանութեան պատմութիւնը համալրուած գիտակարգ է, որ կը համադրէ գիտելիքներ հոգեբանութեան առանձին ոլորտներէն եւ խնդիրներէն։ Ան թոյլ կու տայ այդ գիտելիքները միաւորել համակարգին մէջ, հասկնալ հոգեբանութեան կայացման տրամաբանութիւնը, անոր առարկային փոփոխման պատճառները, խնդիրները։ Ինչպէս փիլիսոփայութեան պատմութիւնը, այնպէս ալ հոգեբանութեան պատմութիւնը կը սորվեցնէ ոչ միայն փաստերուն, այլեւ հասկնալու, գնահատելու հոգեբանական առանձին երեւոյթներ եւ մօտեցումներ։ Հոգեկանի վերաբերեալ տարբեր մօտեցումնեու վերլուծութիւնը կ'օգնէ մշակել ոչ վարդապետական հայացքներ տարբեր տեսութիւններու վերաբերեալ։ Հոգեբանութեան պատմութիւնը կը պատասխանէ այն հարցին, թէ ինչպէս կը զարգանայ հոգեբանութեան գիտութիւնը։ Այս հանգամանքը թոյլ կու տայ որոշարկելու անոր դերը.

Հոգեբանութեան պատմութիւնը ունի ոչ միայն տեսաճանաչումի, այլեւ գործնական նշանակութիւն. ոչ թէ ուղղակի կը հաւաքէ գիտելիքներ, այլ կը ստիպէ անոնց «աշխատիլ» կենսագործունէութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ։ Ան կը կատարէ միջբնագաւառային կապերու գործառոյթ՝ բացայայտելով հոգեբանութեան եւ այլ գիտութիւններու փոխազդեցութեան գործընթացը անոնց զարգացման ընթացքին։ Շօշափելի է հոգեբանութեան ազդեցութիւնը ճիշդ գիտութիւններու վրայ. օրինակ՝ մանկավարժութիւնը անմիջականօրէն կախուած է հոգեբանութեան ձեռքբերումներէն։ Բժշկութիւնը, անդամազննութիւնը, հոգեբանութիւնը, հոգեբուժութիւնը նոյնպէս հաշուի առած են հոգեբանական սկզբունքներն ու գաղափարները։

Ներկայիս կ'առանձնացուին հոգեբանութեան աւելի քան հարիւր յատուկ եւ կիրառական ճիւղեր։ Անոնց վերափոխումը հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայական, ընկերային գիտութիւններու համալիր փոխազդեցութեան վերաբերեալ վառ օրինակ է։[3]

Հոգեբանութեան պատմութեան առաջին աղբիւրները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգիի մասին առասպելական պատկերացում. զգայական ընկալուող որեւէ առարկայ (անշունչ եւ շնչաւոր) ունին հոգի։ Հոգին կը լքէ մարդկային մարմինը վերջին շունչով եւ ըլլալով անմահ՝ թափառելով կենդանիներոււ եւ բոյսերու մէջ։ Հին յոյները հոգին անուանած են «փսիխէ», անով պահպանուած են այն պատկերացումները, որ կեանքը կապուած է բնագիտական եւ օրկանական հիմքի հետ։ Հետաքրքրական է, որ խօսելով հոգիի մասին՝ հնագոյն մարդիկ կապուած են իրարու արտաքին աշխարհի (օդ) երեւոյթները, օրկանիզմը (շնչառութիւն) եւ հոգեկանը։ Առանձնայատուկ է աստուածներու անոնց ընկալումը՝ օժտուած խորամանկութեամբ կամ իմաստութեամբ, վրէժխնդրութեամբ կամ մեծահոգութեամբ, նախանձով կամ բարոյականութեամբ։

Բնազանցական իմաստով հոգեկանութիւնը աշխարահայեացք է, ըստ որու՝ հոգին կեանքի հիմնական սկզբունքն է։ Կը հանդիպի Արիսթոթէլի հետ, առանձնայատուկ զարգացում ապրած վերածնունդի դարաշրջանին «Համաշխարհային հոգիի» մասին ուսման մէջ։

Մօտեցում ամբողջ աշխարհի շնչաւորութեան մասին, որուն բնութիւնը իմաստաւորուած է իբրեւ միասնական, նիւթական ամբողջութիւն։ Տիեզերքը կը շարժի նոյն օրինաչափութեամբ, կեանքը կախուած է հոգիի հետ։ Հիլոզոիզմի ընկերամշակութային արմատները կը հասնին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հին աւանդական համայնքներ, որոնք բնութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ միասնական ամբողջական կենդանի օրկանիզմ։

Վերածնունդի դարաշրջանին հիլոզոիզմը հնադարեան մտածողներու գաղափարներու ազդեցութեամբ կ'օգտագործուէր մարդու՝ իր գիտակցութեան ու բնութեան, միասնութեան հիմնաւորման համար։

Նոր ժամանակներու փիլիսոփայութեան մէջ հիլոզոիզմի դրսեւորումը կապուած է կենդանի էակներու զգայունակութեան եւ մարդոց քով մտածողութեան, գիտակցութեան կայացման նախադրեալներու փնտռտուքին հետ։

Մարդու հոգեկանի, գիտակցութեան հասկացութեամբ հիլոզոիզմը կը ներկայանայ իբրեւ «միամիտ փորձ»՝ հոգեկան երեւոյթներու արմատները փնտռելու նիւթական աշխարհին մէջ։

Հին եգիպտական աղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.ա. 4-րդ հազարամեակին Եգիպտոսի մէջ ստեղծուած է «Մեմֆիսեան աստուածաբանութեան յուշարձան» կրօնաճառը։ Անոր հիմնական գաղափարներն են.

  • մարդու զգայութիւնները (լսողութիւն, տեսողութիւն եւայլն) եւ անոր շնչառութիւնը ստեղծուած են Աստուծոյ՝ Փթախէի, կողմէն։
  • Զգայութիւններն ու շնչառութիւնը հաղորդագրութիւն կ'ուղարկեն սրտին։
  • Սիրտը դիտարկուած է իբրեւ գիտակցութեան աղբիւր։
  • Լեզուն կը կրկնէ այն, ինչ «մտածուած է» սրտով[4]։

Փաստօրէն, փորձ եղած է բացատրելու համար մարդու գործունէութիւնն ու վարքը։

Հին չինական աղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.ա. 8-րդ դարուն Չինաստանի մէջ գրուած է «Ներքինի Մասին Գիրքը»։ Հիմնական գաղափարներն են.

  • Կեանքի հիմքը օդաձեւաւորող աշխոյժ սկիզբն է՝ «ցի»ն։
  • «Ցի»ին մարդուն կը հաղորդէ խօսքի ունակութիւն, եւ կը կառավարէմիտքերը։
  • Միտքերու կեդրոնը սիրտն է, իսկ յոյզերունը՝ լեարդը։
  • «Մարմնի իշխանը սիրտն է»։
  • Խառնուածքի սկիզբը կը կազմեն երեք հիմքեր. «ցի»ի գերակշռմամբ մարդիկ անհաւասարակշռուած են, շարժուն (մարդ-կապիկ), լեղին՝ ուժեղ եւ քաջ մարդիկ (մարդ-վագր), լորձ՝ քիչ շարժունակ, դանդաղ մարդիկ (մարդ-օձ[2]

Հին հնդկական աղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.ա. 1, 5 հազարամեակ առաջ Հնդկաստանի մէջ ձեւաւորուած են վետաները (վետա-գիտելիք)։ Անոնց հիմնական գաղափարներն են.

  • Մարդը ստեղծուած է նախանիւթէն, որուն ի սկզբանէ յատուկ է աշխոյժ եւ կարգ ու կանոնի ուժերու միջեւ հակադրութիւն։
  • Զգայական գործընթացը եւ մտածողութիւնը ունին ընդհանուր հիմք՝ շնչառութիւն:
  • Մարդու կեանքը ենթարկուած է ցեղային սկիզբներուն՝ բարիին եւ չարին։
  • Բանականութիւնը յատուկ է ինչպէս մարդուն, այնպէս ալ կենդանիներուն եւ բոյսերուն մէջ, բայց մարդու մէջ այն կը կատարելագործէ։
  • Մահկանացուն կը դառնայ «անմահ» բառի մէջ։
  • Մարդու համար կենսակարեւոր բոլոր գործընթացներու հիմքին մէջ ինկած է շնչառութիւնը (Փրանա)։
  • Մարդու հոգին կ'անցնի այլ աշխարհ ժամանակաւոր (այսինքն՝ կը խօսուի երկրորդ ծնունդի մասին՝ վերածնունդ եւ վերափոխում) եւ վերադառնալով այս աշխարհ՝ կը հետեւի Քարմա-ի կանոններուն. «ով կատարելագործուած է, չի վերափոխուիր»:
  • Զգայութիւնը (տեսողութիւն, լսողութիւն) կախուած է մտքերէն:
  • Մարդու կատարելագործման ուղին ինկած է ճշմարիտ ճանաչման հիմքին մէջ։
  • Ճանաչումը կրնայ ելլել բարձր եւ ցած մակարդակի։ Առաջինը կը ճանչնայ բացարձակ հոգին՝ Պրահման (աշխարհի սկզբնապատճառ), երկրորդը՝ բնութեան առարկաներն ու երեւոյթները[5][6]:

Պատմութեան պարբերացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեբանութիւնն ունի բազմադարեան պատմութիւն. առաջին գիտական պատկերացումները ծագած են Ք.ա. 6-րդ դարուն։ Ուստի հարց ծագած է հոգեբանութեան պատմութեան պարբերացման մասին, որու խնդիրն է, գործընթացի տարաբաժանումը, փուլերու առանձնացումը, անոնց բովանդակութեան սահմանումը։

Հոգեբանութեան պատմութեան մէջ կ'առանձնանան երկու մեծ ժամանակաշրջաններ.

  • Առաջինը, երբ հոգեբանական գիտելիքը զարգացած է փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ այլ գիտութիւններու՝ յատկապէս բնագիտութեան, ընդերքին մէջ: Այս փուլը ժամանակային առումով կ'ընդգրկէ Ք.ա. 6-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դարու կէսը։
  • Երկրորդը, երբ հոգեբանութիւնը զարգացած է իբրեւ ինքնուրոյն գիտութիւն՝ 19-րդ դարու կիսուն մինչեւ մեր ժամանակները։

Ի հարկէ, այս երկու ժամանակաշրջաններու առանձնացումը պայմանական է եւ չի պահանջեր յատուկ հիմնաւորումներ[2]:

Մինչեւ գիտական հոգեբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին դարու փիլիսոփայական հոգեբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յոյն առաջին փիլիսոփաները, փորձելով հասկնալ մարդկային բնութիւնը, կը գիտնան, որ աշխարհի մասին պատկերացումը, ինչպէս նաեւ մարդոց վարքի բացատրումը հիմնուած է առասպելներու վրայ։ Անոնք համոզուած էին, որ իւրաքանչիւր մարդու մէջ կայ բան մը, որ թոյլ կու տայ անոր մտածել, որոշումներ կայացնել, անհանգստանալ, տիրապետել իրեն։ Այդ բանը «հոգին էր»՝ աննիւթական, նման կրակի կամ շունչի[7][8][9]:

Հեպոքրաթ կեանքը դիտարկած է իբրեւ փոխուող գործընթաց։ Ըստ անոր՝ օդը այն ուժն է, որ կը պահպանէ օրկանիզմի անքակտելի կապը աշխարհի հետ, ուղեղին մէջ կ'իրականացնէ հոգեկան գործընթացները։ Կեանքի հիմքին ինկած միակ միասնական նիւթական սկիզբը բացառուած է անոր կողմէն. «եթէ մարդը ըլլար միասնական անբաժանելի, ապա երբեք չէր հիւանդանար, իսկ եթէ հիւանադանար, ապա բուժիչ միջոցը պէտք է միակը ըլլար: Բայց այդպիսի բան գոյութիւն չունի»:

Ապագայ հոգեբանական գիտութեան համար այս բացատրական սկզբունքը կարեւոր նշանակութիւն ունէր. առաջին հերթին, առաջ քաշուած էր տեսութիւն, որու համաձայն՝ մարդոց միջեւ վարքի տարբերութիւնները կարելի է խմբաւորել վարքի որոշ ընդհանուր յատկանիշերով. անով իսկ դրուած է մարդոց միջեւ անհատական տարբերութիւններու գիտութեան հիմքին ինկած տիպաբանական սկզբունքը։ Երկրորդ՝ Հիփոքրաթ աղբիւրը եւ պատճառը կը փնտռէր օրկանիզմին մէջ. հոգեւոր որակները կախուածութեան մէջ դրուած էին մարմնականի հետ։ Քանի որ այն ժամանակ ջղային համակարգի դերը յայտնի չէր, ուստի Հիփոքրաթի տիպաբանութիւնը համարուած է «հիւմորըլ» (լատիներեն «հիւմոր»՝ հեղուկ)[10]:

Հերակլիտէս (Ք.ա. 6-րդ դարու վերջը-5-րդ դարու սկիզբը) տիեզերքը նկարագրած է «անմար կենդանի կրակի», իսկ հոգին՝ «փսիխեան», կայծի տեսքով։ Այս կերպ հոգին ներառուած էր ընդհանուր օրինաչափութիւններու մէջ՝ զարգանալով այն նոյն կանոնով (լոկոս) տիեզերքը։

Հերակլիտէսի անունին հետ կապուած է շրջապատող աշխարհի ճանաչումի գործընթացին քանի մը մակարդակներու առանձնացումը։ Զգայութեան անդամներու գործունէութիւնը առանձնացնելով բանականութենէն՝ ան նկարագրած է մարդու ճանաչողական աշխուժութեան արդիւնքները՝ ապացուցելով, որ զգայութիւնները կու տան «մութ», քիչ տարբերակուած գիտելիք, այն դէպքին, երբ մտածողական գործունէութեան արդիւնքը՝ «լուսաւոր» յստակ գիտելիքն է։ Սակայն բանական եւ զգայական ճանաչումը չեն հակադրուիր, այլ զիրար կ'ամբողջացնեն։

Ան նաեւ առաջինը ցոյց տուած է հասուն մարդու եւ երեխայի տարբերութիւնը, քանի որ ըստ անոր՝ տարիքի հետ մեծնալով՝ հոգին կը դառնայ «աւելի չոր եւ տաք»: Ըստ Հերաքլիթի՝ «չոր հոգին» իմաստուն է, անոր համար ալ փոքր երեխան, որու «հոգին խոնաւ է», աւելի գէ կը մտածէ, քան մեծը։

Ան ներմուծած է «Լոկոս» եզրը՝ կանոն, օրէնք, որու համաձայն՝ «ամէն ինչ կը հոսի, կը շարժի»:

Տեմոքրիթի տեսութեան հիմքը կը կազմեն այն գաղափարը, որ աշխարհը կազմուած է փոքր, անտեսանելի մասնիկներէն՝ հիւլէներէ, որոնք կը տարբերուին ձեւով, շարժմամբ: Մարդը, ինչպէս նաեւ ամբողջ բնութիւնը, կազմուած է հիւլէներէ, որոնք կը ձեւաւորեն անոր մարմինն ու հոգին։ Հոգին նոյնպէս նիւթական է եւ կազմուած է մանր, շրջանաձեւ հիւլէներէ՝ աւելի շարժուն, քանի աշխուժութիւն պէտք է հաղորդեն ներքին մարմնին։ Ըստ Տեմոքրիթի՝ հոգին մարմնի աշխուժութեան աղբիւրն է։ Մարդու մահէն ետք հոգին կը ցրուի օդին մէջ, ուստի կը մահանայ ոչ միայն մարմինը, այլ նաեւ հոգին։

Ըստ Տեմոքրիթ՝ հոգին կը գտնուի «գլուխին մէջ» (բանական մաս), կուրծքին մէջ (առնական մաս), լեարդին մէջ (ցանկական մաս) եւ զգայարաններուն մէջ։ Ընդ որուն, զգայարաններու հիւլէները մակերեսային են եւ կրնան շփուիլ անտեսանելի պատկերներու՝ շրջապատող առարկաներու պատճէններու հետ։ Կը ստացուի որ մեր բոլոր զգայութիւնները (տեսողական, լսողական) հաղորդակցային են։ Ընդհանրացնելով զգայարաններու տուեալները՝ մարդը կ'անցնի յաջորդ հասկացողական մակարդակին, որ մտածական գործունէութեան արդիւնք է։

Հոգեբանական ճանաչումի պատմութեան մէջ սոփեստներու գործունէութիւնը բացայայտած է նոր առարկայ. մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու հաստատում այնպիսի միջոցներու օգտագործմամբ, որոնք կոչուած են ապացուցելու, ներշնչելու փափաքած դրոյթ։ Առաջնային ծրագիրը մղուած է խօսքային եւ մտածական գործունէութեան ուսումնասիրութիւնը՝ վերջինս օգտագործելով մարդոց ձեռնավարութեան (manipulation) ենթարկելու համար։ Խօսքն ու միտքը լեցուն են պայմանականութիւններով եւ կախուած են մարդու հետաքրքրութիւններէն ու հակումներէն[11]:

Փլէյթօն կը կարծէր, որ շրջապատող առարկաները արդիւնք են հոգիի, գաղափարի եւ անշունչ նիւթի միաւորման։ Ըստ Փլէյթօ-ի՝ հոգին կամ գաղափարը անմահ են, անփոփոխ։ Այն մարդու բարոյականութեան շտեմարանն է։ Փլէյթօն կը գտնէր, որ վարքը պէտք է դրդուի բանականութեամբ, այլ ոչ թէ յոյզերով, եւ հանդէս գալով Տեմոքրիթի տեթերմինիզմի տեսութեան դէմ՝ հաստատած է մարդու ազատութեան, բանական վարքի հնարաւորութիւնը։ Ըստ Փլէյթօ-ի՝ հոգին բաղկացած է երեք մասերէ՝ ցանկական, կրքոտ եւ բանական։ Ցանկական եւ կրքոտ հոգիները պէտք է ենթարկուին բանականին, որ միակն է, որ վարքը կը դարձնէ բանական։ Հոգիի նկարագրման մէջ Փլէյթօ-ն կ'օգտագործէ սեւ եւ սպիտակ չափանիշներ՝ ապացուցելով, որ կան հոգի լաւ եւ գէշ մասեր։ Անոր համար բանական մասը միաժամանակ լաւն է, իսկ ցանկականը եւ կրքոտը՝ ցած են եւ վատ[12]:

Արիսթոտէլ սկիզբ դրած է հոգիի՝ իբրեւ հոգեբանական գիտելիքի առարկայի նոր հասկացումին։ Անոր համար հոգիի աղբիւր կը հանդիսանային ոչ թէ բնագիտական մարմինները կամ անմարմին գաղափարները, այլ օրկանիզմը, որուն մարմնականը եւ հոգեւորը կը կազմեն անբաժանելի ամբողջութիւն։ Ըստ Արիսթոտէլի՝ հոգին ինքնուրոյն էութիւն չէ, այլ կենդանի մարմնի կազմակերպման ձեւ է, միջոց. «կ'ապրի, կը մտածէ, կը սորվի եւ ոչ թէ հոգին, այլ ամբողջ օրկանիզմը»[13]: Հոգին կենդանի մարմնի կազմակերպման միջոց է, որու գործունէութիւնը կը կրէ նպատակադիր բնոյթ, ընդ որուն հոգին բնորոշ է բոլոր կենդանի օրկանիզմներուն եւ ենթակայ է առարկայական ուսումնասիրման։ Ան չի կրնար գոյատեւել առանց մարմնի եւ միեւնոյն ժամանակ մարմին չէ. հոգին մարմինէն բաժնել կարելի չէ։

Բնութեան մասին իրենց պատկերացումներու մէջ էպիկուրականները կը հիմնուէին Տեմոքրիթի հիւլէականութեան վրայ։ Սակայն ի տարբերութիւն վերջինիս ուսմունքի՝ Էպիկուր կը գտնէր, որ այդ մասնիկները կրնան շեղիլ իրենց օրինաչափութիւններէն։

Ըստ Էպիկուրի՝ բնութեան եւ անոր մէջ մարդու տեղի պատկերը նպաստած է հոգիի խաղաղութեան, վախերէն ազատման ձգտումին։

Հոգիի մասին հայկակական պատկերացումները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժողովրդական հաւատալիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերու անմիստիկական հաւատալիքներուն մէջ մեծ նշանակութիւն են հոգիի մասին ժողովրդական պատկերացումները, որոնք իրենց համարժէքները ունին աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու հաւատալիքներուն մէջ։ Այս պատկերացումներուն մէջ կը դիտուին «մարդկային հոգի» հասկացութեան զարգացումը՝ իր բազմաթիւ դրսեւորումներով եւ իմաստաւորումներով։ Այդ պատկերացումներուն մէջ հոգին 4 հիմնական ձեւով կը ներկայանար՝ հոգին իբրեւ շունչ, հոգին իբրեւ տեսիլք, հոգին իբրեւ մարմնական հոգի եւ հոգին իբրեւ ոգեղէն արտայայտութիւն։

Հոգին՝ իբրեւ շունչ, պատկերացումը հոգիի ընկալման նախնական տարբերակն է, երբ կ'ընկալուէր քամիի կամ օդի տեսքով։ Ըստ ժողովրդական պատկերացումներու՝ մադու մարմինը կ'ապրի հոգիի շնորհիւ։ Սակայն հոգին կրնայ լքել մարդու մարմինը նաեւ կենդանութեան օրոք, մասնաւորապէս քնացած ժամանակ կամ անգիտակից վիճակին մէջ։ Լքելով մարմինը՝ հոգին կը թափառի ամէնուր. կ'ուղղուի անդրաշխարհ, կը հանդիպի մահացած ազգականներուն հետ։ Քանի որ երազը կեանքի պատճէնն է, երբ հոգին մարմինը կը լքէ ժամանակաւոր, իսկ մահուան ժամանակ հոգին կը լքէ ընդմիշտ, եւ այդ է պատճառը, որ մահացածը եւս ունի այն բոլոր իրերու կարիքը, որ կ'օգտագործէր կեանքի ընթացքին եւ այդ է պատճառը, որ հանգուցեալի հետ կը դնէին անհրաժեշտ բոլոր իրերը՝ հագուստ, աշխատանքային գործիքներ, սնունդ: Մարմնական հոգին ժողովուրդի կողմէն կ'ընդունուէր իբրեւ կեանքի նիւթական հիմք, ան կը բնակի մարդու սիրտին եւ արեան մէջ։ Երբեմն հոգիի մասին պատկերացումներուն ան կը ներկայանար իբրեւ անմարմին, ոչ նիւթական երեւոյթ, որ մարդու մահէն ետք կրնայ արտայայտուիլ ցանկացած էակի տեսքով։

Հայերը մեծ հաւատք ունէին ճակատագրի նկատմամբ։ Ըստ պատկերացումներու մահուան օրը կը կանխորոշուի երեխայի ծննդեան պահէն։ Երբ կը մօտենայ այդ օրը մարդուն կը յայտնուի մահուան հոգին եւ կը վերցնէ հանգուցեալի հոգին։ Այդ հոգին հայերու քով ընդունուած էր «Գրող» անունով, որ կը յայտնուէր մահուան շեմին գտնուող մարդոց եւ կը վերցնէ անոնց հոգին։ Գրողը՝ իբրեւ մահուան հոգի, կը գործէր իր ուղեկիցներուն հետ, որոնք կը կոչուէին «Գրողի գզիր»:

Յովհան Որոտնեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհան Որոտնեցին իր «Ո ստեղծ զսիրտս նոցա» աշխատութեան մէջ առանձնացուցած է հոգիի բնութեան վերաբերող 10 կարծիք։ Անոնք են՝

  • հոգին իբրեւ մարմին,
  • հոգին կը համարեն անմարմնական, բայց ոչ գոյացութիւն, այլ պատահական գոյութիւն,
  • հոգին անմարմին գոյութիւն է, բայց «եւ գոյութիւն՝ ըստ բազմազան տեսակի բազմազան հոգի»,
  • հոգին անմարմին է, բայց ունի եռամասնեայ գոյութիւն,
  • Աստուած սկիզբէն ստեղծեց հոգին, տեղաւորեց երկինքին մէջ, իսկ օրինազանցութենէն ետք միաւորեց մարդկային մարմնի հետ,
  • մարդու հոգին Աստուծմէ է,
  • ինչպէս մարմինը կը ծնի մարմինէն, այնպէս ալ հոգին կը ծնի հոգիէն, այսինքն՝ ծնողներէն,
  • հոգին անմարմին է, բայց իր գոյութիւնը ստացած է մարմնականէն,
  • հոգին կը գոյանայ նախախնամութեամբ,
  • Արարիչը իւրաքանչիւր մարմինի համար կը ստեղծէ նոր հոգի([14], էջ 22)։

Որոտնեցին կ'ելլէ այն հիմնադրոյթէն, որ մարդը երկու անկախ գոյութիւններու՝ հոգիի եւ մարմնի միասնութիւն է, որու իւրաքանչիւր բաղադրիչ ունի իր բնորոշ յատկութիւնները։ Անոնց միջեւ ընդհանուրը այն է, որ երկուքն ալ արարուած գոյութիւններ են. առանց մարմինի եւ կամ առանց հոգիի մարդ չի կրնար ըլլալ։ Հոգին պարզ, անտեսանելի եւ թափանցող գոյացութիւն է, ուստի ուր ալ գտնուի կը թափանցէ մարմինի մէջ եւ կը շնչաւորէ անոր իւրաքանչիւր մասը, իսկ մարմինը զուրկ է թափանցելու յատկութենէն, որովհետեւ իր բնոյթով թանձր գոյացութիւն է։ Մարմինը չի կրնար առանց միջնորդի ինքն իրեն տեսնել, մինչդեռ հոգին իրեն կը տեսնէ եւ կը քննէ։ Հոգին մարմինի էութիւնն է, կենդանութեան պատճառը, ձեւն ու նպատակը։ Հոգին հանդէս կու գայ իբրեւ իմաստութեան եւ գիտութեան ենթակայ, նիւթ (մէջբերուած է`ըստ [14], էջ 23)։

Նոր ժամանակներու հոգեբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17-րդ դարը Արեւմտեան Եւրոպայի ընկերային կեանքին արմատական փոփոխութիւններու դարաշրջան էր, գիտական յեղափոխութեան եւ նոր աշխարահայացքի յաղթանակի ժամանակաշրջան։ Հոգեբանական տեսութեան մէջ երկրաչափական եւ նոր մեգենագիտութեան ձեռքբերումներու օգտագործման առաջին ուրուագիծը տրուած է ֆրանսացի թուաբանագէտ, փիլիսոփայ Ռընէ Տըքարի կողմէ։ Իր հետազօտութիւններուն մէջ Տըքար կողմնորոշուած է օրկանիզմի ձեւի վրայ՝ որպէս մեքենագիտականօրէն աշխատող համակարգի։ Անով իսկ մարմինը, որ մինչ այդ կը դիտարկուէր որպէս շնչաւոր՝ օժտուած հոգիով, կ'ազատէր հոգիի ազդեցութենէն եւ միջամտութենէն։

Ըստ Ճօն Լօքի ուսմունքին՝ «գիտակցութեան մէջ ոչինչ կայ, որ չ՛ըլլար նաեւ զգայութիւններուն մէջ» (There is nothing in understanding that has been previously in sensitivity)[15]: Ան ապացուցած է, երեխայի հոգեկանը կը ձեւաւորէ միայն կեանքի ընթացքին։ Հանդէս գալով Տըքարի դէմ, որ իր ճանաչումի տեսութիւնը հիմնաւորած է մարդու քով բնածին գաղափարներու առկայութեամբ, Լօքը ապացուցած է այդ դրոյթի սխալականութիւնը. «Եթէ գաղափարները բնածին ըլլային, անոնք յայտնի կ'ըլլային եւ՛ մեծերու եւ երեխային: Այս պարագային դժուար չէր ըլլար երեխայի քով թուաբանութեան, լեզուի, բարոյական օրինակի մասին գիտելիքներու ձեւաւորումը: Բայց բոլոր դաստիարակները գիտեն, որ երեխաներուն գրել-կարդալ սորվեցնելը դժուար է, ընդ որուն, տարբեր երեխաներ նիւթը իւրայատուկ կը դարձնեն տարբեր արագութեամբ»: Ըստ Լօքի՝ գոյութիւն ունի մէկ ապացոյց եւս բնածին գաղափարներու բացակայութեան վերաբերեալ. եթէ գաղափարները բնածին ըլլային հասարակութեան բոլոր անդամները պէտք է հետեւէին քաղաքական եւ բարոյական նոյն համոզումներու, իսկ այդպիսին ոչ մէկ տեղ չի դիտուիր։ Աւելին, տարբեր ժողովուրդներ ունին տարբեր լեզուներ, օրէնքներ, Աստուծոյ մասին տարբեր պատկերացումներ։ Դաւանանքի տարբերութիւնը յատկապէս կարեւոր էր Լօքի տեսանկիւնէն, քանի որ Տըքար Աստուծոյ գաղափարը կը համարէ բնածին հիմնական գաղափարներէն մէկը[15]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Теплов Б.М. О культуре научного исследования // Избранные труды. Т. П.— М., 1985.
  2. 2,0 2,1 2,2 Ярошевский М.Г. История психологии.— 3-е изд.— М., 1985
  3. Пиаже Ж. Психология, междисциплинарные связи и система наук.— М., 1966.
  4. Виноградова Л.Н. Материальные и бестелесные формы существования души // Славянские этюды. Сборник к юбилею С.М. Толстой. М., 1999.
  5. Кёйпер, Ф. Б. Я. Труды по ведийской мифологии. М., 1986
  6. Лафарг П. Происхождение и развитие понятия души. М., 1923.
  7. Асмус В.Ф. Античная философия. М., 1976.
  8. Лукреций К. О природе вещей М., 1958
  9. Фреззр Д. Д. Золотая ветвь. М., 1980.
  10. Ярошевский, Михаил Григорьевич. История психологии от античности до середины ХХ в.. — Москва, 1996. — 416 с.
  11. Зарубежное философское антиковедение : Критич. анализ / [Кулиев Г. Г., Курбанов Р. О., Драч Г. В. и др.]; Отв. ред. Д. В. Джохадзе; АН СССР, Ин-т философии. — М.: Наука, 1990. — 236 с.
  12. Платон. Собрание сочинений. В 4 т. / Под общ. ред. А. Ф. Лосева, В. Ф. Асмуса, А. А. Тахо-Годи. (Серия «Философское наследие»). — М.: Мысль. 1990—1994. (наиболее полное и лучшее на данный момент русскоязычное издание)
  13. Аристотель. Сочинения. В 4 т.// Т. 1./ О душе. / Пер. П. С. Попова в переработке М. И. Иткина. / Ред. и вступ. ст. В. Ф. Асмуса. 1975. 552 стр (Серия «Философское наследие»). М.: Мысль, 1975—1983
  14. 14,0 14,1 Սեյրան Զաքարեան․ Յովհան Որոտնեցիի ուսմունքը հոգիի եւ մարմինի հարաբերակցութեան մասին, [1]
  15. 15,0 15,1 Локк Дж. СОЧ.: В 3 т. Т. 1.Опыт о человеческом разумении — М., 1985.
  • Ждан А.Н. История психологии как становление ее предмета։ Дисс. на соиск. ст. доктора психол. наук.— М., 1994. (ռուսերէն)
  • Кун Т. Структура научных революций. М., 1977. 2. Левин К. Переход от аристотелевского к галилеевскому способу мышления в психологии //Левин К. (ռուսերէն)
  • Василюк Ф.Е. Методологический анализ в психологии.— М., 2003. (ռուսերէն)