Մալաբար Ուղղափառ Եկեղեցի
Մալաբար ուղղափառ եկեղեցի, Թովմաս առաքեալին կողմէ հիմնուած եկեղեցի, որ ծանօթ է նաեւ «Մալաբար ուղղափառ եկեղեցի» անունով: Եղած է հարուստ եկեղեցի մը իր պատմութեամբ, ծիսագիտութեամբ ու գործունէութեամբ:
Պատմական Ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբար, Հնդկաստանի հարաւ-արեւմտեան կողմը փոքր երկիր մըն է: Ըստ արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներու աւանդութեան, Թովմաս Առաքեալ Մալաբար կու գայ 52 թուին քրիստոնէութիւնը քարոզելու, ուր դարձի կը բերէ ժողովուրդը եւ կը հիմնէ եօթը կեդրոններ: Իսկ Գ. դարուն այնտեղի քրիստոնեաները հոգեւոր եւ առեւտրական յարաբերութիւններու մէջ կը մտնեն Պարսիկ եկեղեցւոյ հետ: Առաքեալին նահատակութենէն ետք, քրիստոնեաներ հետզհետէ կը բազմանան Մալաբարի մէջ: Ասիկա կը կատարուի օտար վաճառականներու միջոցով, որոնք կը հաստատուին երկրին մէջ եւ խառն ամուսնութեամբ, գերիներու մկրտութեամբ եւ անուղղակի աւետարանչութեամբ, կը տարածեն քրիստոնէութիւնը:
Մալաբարի քրիստոնեաներուն վաղեմի պատմութեան մասին, շատ քիչ տեղեկութիւններ կան աղբիւրներու չգոյութեան պատճառով: Եւրոպացիներու Հնդկաստան գալէն առաջ, Մալաբար եկեղեցին ոեւէ Հնդիկ պատմիչ չէ ունեցած: Իսկ ինչ որ պահուած էր, դժբախտաբար, կաթոլիկներ՝ կրօնական մոլեռանդութենէ տարուած, փճացուցած են 1599-ին: Կարճ տեղեկութիւններ կարելի է քաղել յոյն, ասորի, նեստորական եւ այլ հեղինակներէ:
Հետագային վաճառականութեան առիթով եւ հալածանքի պատճառով, քրիստոնեաներ, յատկապէս ասորիներ, կու գան Մալաբար եւ կը զօրացնեն տեղւոյն եկեղեցին:
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբար եկեղեցին յաճախ կը ճանչցուի «Մալաբարի Ասորի Եկեղեցի», «Մալաբարի Յակոբիկեան Եկեղեցի», «Մալաբարի Ուղղափառ Ասորի Եկեղեցի» կամ «Մալաբարի Ուղղափառ Եկեղեցի» անունով: Իսկ իր ժողովուրդը՝ «Մալաբարի Ասորիներ» կամ «Ս. Թովմասի Քրիստոնեաներ» կոչումով: Մալաբարցիներուն ծիսական լեզուն ասորերէն եղած է եւ յարաբերութիւն ունեցած են Արեւելեան Ասորական եւ կամ Քաղդէական եկեղեցւոյ հետ: Իսկ «Սուրբ Թովմասի Քրիստոնեաներ» կոչումը՝ Թովմաս Առաքեալին Մալաբար քարոզութեան հետեւանքով յառաջ եկած, ապա բազմացած քրիստոնեաներու ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ: Ներկայիս Մալաբարցիները կը նախընտրեն իրենց եկեղեցին անուանել «Արեւելքի Ուղղափառ Եկեղեցի» եւ կամ պարզապէս «Մալանքարա Սաբհա», որ կը նշանակէ «Մալաբար Եկեղեցի»: Ե. դարուն քրիստոնէութիւնը այնքան կը զարգանայ Մալաբարի մէջ, որ տեղւոյն եկեղեցին քահանաներ կը ղրկէ Ասորիք -Ասորական Եկեղեցի-, աւելի հմտութիւն ստանալու եւ միանգամայն օգնելու Ասորի վարդապետներուն վերաքննելու Պօղոսի Թուղթերուն ասորական հին թարգմանութիւնը: Մալաբարէն գացողներ թէ՛ ասորերէն եւ թէ յունարէն գիտէին, անոնցմէ կը յիշուի Դանիէլ Հնդիկ Երէցը:
Մալաբար Եկեղեցին Մահմետականութեան Շրջանին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զ. դարուն, Մահմետականութեան տարածումէն ետք, Մալաբար Եկեղեցին գրեթէ կը զրկուի քրիստոնեայ աշխարհին հետ յարաբերելէ: Այնուհետեւ, իր միակ ջանքը կ'ըլլայ մեծ խնամքով պահել իր հաւատքն ու աւանդութիւնը, Ս. Թովմասի հաստատած եկեղեցիներուն հիմնավայրերն ու անունները: Անիկա իր կղզիացման պատճառով որեւէ նպաստ չէ բերած քրիստոնէական ընդհանուր Եկեղեցւոյ դաւանական մտածողութեան կամ քրիստոնէական արուեստի, մշակոյթի եւ ծէսի զարգացման: Մալաբար Եկեղեցւոյ գոյատեւումը կը պարտի գերագոյն զոհի մատուցման, որ դարերով իր հաւատացեալներուն մէկտեղման եւ միութեան պատճառը հանդիսացած է:
1490-էն 1653
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]•1490-էն մինչեւ 1599, Մալաբար Եկեղեցին Նեստորական Եկեղեցւոյ ազդեցութեան տակ կ'իյնայ:
•1560-ին, Հաւատաքննական Ատեանը կը հաստատուի, սարսափեցնելու համար Մալաբարի քրիստոնեաները:
•1599-էն մինչեւ 1653, բոլորովին կ'ենթարկուի Լատին եկեղեցւոյ տիրապետութեան: Այսպէս, Կաթոլիկներ, իրենց դէպի Արեւելք տարածման ընթացքին, կը ջանան Մալաբար եկեղեցին ամբողջովին իրենց ենթարկել:
•Մալաբար Ուղղափառ եկեղեցւոյ նուաճումը Պապական Լատիններէն, կը կատարուի 1599-ին Տիամպերի (Diamber) ժողովին մէջ, որ Մալաբարի քրիստոնեաներու պատմութեան ամէնէն տխուր էջը կը ներկայացնէ:
Կաթոլիկները ամէն տեսակ ստորին միջոցներու կը դիմեն անոնց հաւատքը, ծէսերն ու արարողութիւնները, սովորոյթներն ու աւանդութիւնները լատինացնելու: Մալաբար եկեղեցւոյ համար այս յիսուն չորս տարիները (1599-1653) «Բաբելոնեան Գերութեան» ժամանակաշրջան մը կ'ըլլայ:
•1653-ին, երբ Փորթուկալցիք Միջագետքէն Մալաբարի քրիստոնեաներուն օգնութեան եկող Ահաթալլա կամ Ատալլա Եպիսկոպոսին վիզէն մեծ քար մը կը կապեն եւ ծովամոյն կ'ընեն զայն. ժողովուրդը այլեւս չի կրնար համբերել եւ կ'ապստամբի: Քսան հինգ հազար հոգի, Քոչինի մէջ, Կունեն խաչէն պարան մը կը կապեն եւ զայն ձեռքերնին բռնած, հանդիսական երդում կ'ընեն մարտնչելու Փորթուկալցիներուն դէմ, մերժելու պապն ու անոր եկեղեցին եւ հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին եւ աւանդութեանց:
Պառակտումները սակայն կանգ չեն առներ: Վերջին յիսուն տարուան ընթացքին, Մալաբար եկեղեցին, բաժնուած երկու կուսակցութեանց, շարունակ ներքին պայքարներու եւ վէճերու թատր կը հանդիսանայ:
1910-1960 Թուականներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1910-1960 տարիներուն ընթացքին, միաբնակ եկեղեցիներուն մէջ ամէնէն կարեւոր եւ մեծ դերը Մալաբար եկեղեցին կատարած է մասնակցելով Էքիւմենիք շարժումներուն եւ ժողովներուն: Մալաբարի եկեղեցւոյ կրօնանուէր անդամներն են, որոնք ներկայիս կարեւոր դիրք գրաւած են Հնդկաստանի կրթական, տնտեսական եւ ճարտարագիտական կեանքին մէջ: Անոնց ձեռքն է նաեւ Եթովպիոյ կրթական գործին կարեւոր մէկ մասը:
Անգլիական պետութեան հարիւր յիսուն տարուան տիրութենէն եւ արեւմտեան միսիոնարներու չորս հարիւր տարուան քարոզչութենէն ետք, Հնդկաստանի բնակչութեան միայն երկու առ հարիւրը քրիստոնեայ եղած է:
Հակառակ Մալաբար եկեղեցւոյ խորապէս երկփեղկման, վերջին յիսնամեակին, Մալաբար եկեղեցին ունեցած է իր պատմութեան մեծագոյն հոգեւոր եւ իմացական զարթօնքը: Քանի մը տարիներու ընթացքին ան հանդիսացած է ոչ միայն բարձրագոյն ուսմանց վառարան մը, այլ Մալաբար եկեղեցւոյ մշակութային եւ դաւանական ուսմանց կեդրոնը:
Ուսում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբարի Ուղղափառ եկեղեցին ունի երկու ուսումնարան եւ գործող վանքեր, որոնք կու տան բարձր վկայականներ: Անոնք են.
•Քոդդայամի Ուղղափառ Աստուածաբանական Դպրեվանք 1815:
•Նակփուրի Ս. Թովմաս Ուղղափառ Աստուածաբանական Դպրեվանք 1969:
Խորհուրդներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ս. Հաղորդութիւն, Ձեռնադրութիւն, Ս.Պսակ կամ Ամուսնութիւն, Ապաշխարութիւն, Օծումն հիւանդաց:
Ժամերգութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբար եկեղեցին ունի եօթը ժամերգութիւններ, որոնք սովորաբար բաժնուած են երկու բաժիններու: Առաջին մասը կը բաղկանայ առաւօտեան, առաջին եւ երրորդ ժամու ժամերգութիւններէն, որոնք առաւօտուն յաջորդականութեամբ կը կատարուին: Երկրորդ մասը կը բաղկանայ վեցերորդ, իններորդ, երեկոյեան եւ հանգստեան ժամերգութիւններէն, որոնք արեւմուտքին՝ յաջորդաբար կը պաշտուին:
Տօնական օրերու յատուկ արարողութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբարի քրիստոնեաները ունին տօնական օրերու յատուկ արարողութիւններ, որոնք առանձնայատուկ հանգամանք մը ունին.
- Աւագ Հինգշաբթի՝ Ոտնլուայ,
- Աւագ Ուրբաթ՝ Կարգ Թաղման,
- Զատիկ,
- Հոգեգալուստ:
Շարականները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարականներու իմաստով, Մալաբար եկեղեցին ունի ութ ձայներ: Շարականները ժամանակի ընթացքին ասորերէնէ Մալաեամերէնի թարգմանուած են, բայց կարգ մը հոգեւորականներու կողմէ կը շարունակուին երգուիլ ասորական եղանակով: Այսօր Մալաեամերէնով կ'երգեն իրենց եկեղեցական բոլոր երգերը:
Մալաբարցիներ շատ խստապահանջ են պահեցողութեան մէջ, մանաւանդ՝ Մեծ Պահքին նկատմամբ: Հայ եկեղեցւոյ պէս, անոնք ֆիզիքական սնունդէ որոշ զրկանքներ կը պահանջեն. ինչպէս նաեւ խուսափելով գինիէն եւ սեռային յարաբերութենէն:
Անոնք կը շեշտեն հաղորդուելէ առաջ պահեցողութիւն ընելը, այսինքն՝ հաղորդուողը գոնէ օր մը ծոմ պէտք է պահէ:
Պահեցողութենէն անկախ, Մալաբարի եկեղեցին մեղանչողներուն համար պատիժներ կը սահմանէ, որոնցմէ են.
•Դրամական տուգանք,
•Ֆիզիքական պարտադրանք,
•Աւագ Ուրբաթ եկեղեցւոյ շուրջ ծնրադիր քալել,
•Լեղի ըմպելի խմել:
Մալաբարի եկեղեցւոյ պահեցողութեան օրերն են.
•Զատիկէն առաջ յիսուն օր,
•Ծնունդէն առաջ քսանհինգ օր,
•Քսաներեք օր՝ Ս. Կոյսի տօներուն,
•Տասներկու օր՝ Առաքելոց,
•Երեք օր՝ Յովհաննու մարգարէին,
•Հայ եկեղեցւոյ նման՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը:
Ծնունդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբարեան եկեղեցւոյ վաղ ժամանակներուն մէջ, իբրեւ եկեղեցւոյ տօնացոյց գործածուած է Յուլեան տոմարը, որուն համաձայն Ծնունդն ու Աստուծայայտնութիւնը կը տօնէին տարբեր օրերու ընթացքին: Այսուհանդերձ, 1952-ին այս եկեղեցին կ'ընդունի Գրիգորեան տոմարը: Ասկէ ետք Ծնունդը կը սկսի տօնել 25 Դեկտեմբերին:
Եկեղեցական արարողութենէն անկախ, Մալաբարի եկեղեցին սովորութիւն մը ունի պաշտամունքէն ետք, եկեղեցիէն դուրս ելլելով բացօթեայ բակի մը մէջ յատկանշական տօնախմբութիւն մը կատարելու: Այդ տօնախմբութիւնը կ'ընթանայ հետեւեալ հերթականութեամբ.
•Երբ ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս կ'ելլէ, խաչաձեւ փոսի մը մէջ գտնուղ արմաւենիի տերեւներուն վրայ խունկ կը նետէ:
•Ընթերցուածներ կը կարդացուին:
•Քահանայ մը կը վառէ այդ տերեւներու կոյտը եւ ժողովուրդը կը սկսի «Փառք ի Բարձունս» երգել:
•Իրենց ձեռքը մոմեր բռնած երեք անգամ կը դառնան խարոյկին շուրջ:
•Տաճարին շուրջ թափօր կը դառնան: Այս թափօրին ընթացքին մարդիկ իրենց ձեռքը մոմ, խաչ եւ հովանոց կը բռնեն՝ Քրիստոսի Ծննդեան առթիւ իրենց ուրախութեան իբրեւ արտայայտութիւն:
•Բոլորը հարաւային դուռնէն տաճար կը մտնեն եւ այն ատեն պաշտամունքային արարողութիւնները սկիզբ կ'առնեն:
•Կը սկսի Ս. Պատարագը:
Ըստ մեկնաբաններու, այս արարողութիւնները կը խորհրդանշեն մարդկութեան կրապաշտութենէն աստուածապաշտութեան դարձը:
Միջինք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջինքին պատարագ կը մատուցուի եւ այդ ընթացքին խաչի վերաբերում տեղի կ'ունենայ. այն խաչ՝ որ գիշերային ժամերգութեան զետեղուած կ'ըլլայ ատեանին մէջ: Այդ խաչով անդաստան կը կատարուի, ապա կրկին իր տեղը զետեղելով պատարագը կը շարունակուի: Պատարագի աւարտին հաւատացեալները կը համբուրեն այդ խաչը եւ այդպիսով կը մեկնին իրենց տուները:
Աւագ Հինգշաբթի եւ Ոտնլուայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս օրը նոյնպէս Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ սովորաբար հաւատացեալները կը ստանան Ս. Հաղորդութիւն:
Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի եպիսկոպոսի մը կողմէ: Ան նախ տասներեք սարակաւագներով եւ քահանաներով թափօր կազմած կը մտնէ եկեղեցի, եւ կ'ուղղուի դէպի Ս. Սեղան: Երբ բեմ կը բարձրանայ անոր աջին կը նստին վեց քահանաներ եւ ձախին՝ նոյպէս վեց քահանաներ: Ան կրտսերագոյն քահանայէն կը սկսի լուալ ոտքերը: Ոտնլուայի ընթացքի Աւետարանական ընթերցումներ տեղի կ'ունենան, մինչեւ որ եպիսկոպոսը հասնի ամէնէն աւագ քահանային: Այն ատեն կը կարդացուի Պետրոս առաքեալի լուացման մերժումին դրուագը, ապա կը լուացուի աւագագոյն քահանային ոտքն ալ:
Այս արարողութենէն ետք Եպիսկոպոսը ոտքի կ'ելլէ եւ ընթերցուածներու աւարտին օրհնութեամբ կ'եզրափակէ ոտնլուայի արարողութիւնը: Ասկէ ետք հաւատացեալները կը համբուրեն եպիսկոպոսին ձեռաց խաչը եւ թափօրով կը վերադառնան խորհրդարան՝ աւանդատուն:
Սովորութիւններ Եւ Ծէս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբարի քրիստոնեաներ իրենց բարքերով, սովորութիւններով եւ ծէսով կը տարբերին Արեւելեան եւ Արեւմտեան քրիստոնեաներէն, որովհետեւ ազդեցութիւն կրած են Հնդկական կրօնքէն եւ մշակոյթէն: Մալաբարի քրիստոնեայ հաւատացեալներ իրենց կրօնքին մասին չեն կարդար, այլ կը լսեն: Կը դիտեն կռատուններու արձանները, սրբազան պարերն ու արարողութիւնները եւ անոնց միջոցով կը սորվին իրենց կրօնքը: Անոնցմէ շատ քիչեր ծանօթ էին ասորական լեզուին. բերանացի ուսուցումով էր, որ գաղափար կազմեր էին Աստուածաշունչի մասին: Ս. Պատարագը կը սորվէին իր ծիսական, խորհրդական եւ թատերական արարներով: Այս ձեւը յարմար եւ դիւրին էր իրենց համար, որովհետեւ ներդաշնակ էր հնդկական կրօնի ուսուցման ձեւին հետ:
Մալաբարի Եպիսկոպոսները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբարի եպիսկոպոսները մենակեաց դէմքեր էին, որոնք եկեղեցւոյ շրջափակի մասնաւոր տուներուն մէջ կ'ապրէին, եւ ժողովուրդին ու քահանայական դասուն հետ յարաբերութեան մէջ չէին: Անոնց պաշտօնն էր միայն ձեռնադրել եւ Սրբալոյս միւռոն մատակարարել: Ծխական քահանաներն էին, որոնք հովուական, վարչական եւ խորհրդապաշտական գործերը կը կատարէին: Կրօնքը իրենց համար իմացական տարազներու գումար մը չէր, այլ՝ կեանքի ճանապարհ մը: Ներկայիս, սակայն, եպիսկոպոսներուն դերը բոլորովին փոխուած է: Անոնք մօտէն կը հսկեն իրենց հօտին եւ ծխատէր քահանաներուն հետ, ճշմարիտ հովիւներն ու առաջնորդները հանդիսացած են բանաւոր հօտին:
Մալաբարցիներու Եկեղեցական Տօնախմբութիւններն ու Արարողութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալաբարցիներու եկեղեցական տօնախմբութիւններն ու արարողութիւնները հետաքրքրական են եւ առանձնայատուկ բնոյթ մը ունին: Արարողութիւնները շքեղօրէն եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ կը կատարուին: Բոլոր տօնական օրերը ունին նախատօնակ: Երեկոյեան ժամերգութեան լրումին հանդիսաւոր թափօր կը դառնան տաճարին շուրջ եւ ի նշան ցնծութեան պայթակներ կ'արձակեն եւ կը թմբկահարեն: Եկեղեցական թափօրներուն շքեղութիւն կը բերեն իրենց արքայական գեղապաճոյճ հովանոցները, թմբուկները, ջահերն ու կերոնները, վառօդ պայթեցնող հրազէնները, քշոցները, սիրամարգի փետուրներով պճնուած կլոր հովահարները զորս ընդհանրապէս փիղի վրայ կը բեռցնեն, եւ իրենց դասական նուագերգութիւնը:
Միջինքին եւ Աւագ Հինգշաբթի օր, յատուկ արարողութիւններ կան պահոց վերաբերութեամբ: Այս օրերուն անխմոր հաց կը պատրաստուի, որուն ճիշդ կեդրոնը արմաւենիի տերեւներէ խաչ մը կը յօրինուի: Հնդկընկոյզի կաթէն, փլանթենէ (տեսակ մը պանան) եւ շաքարի ռուպէն կը պատրաստուին մասնաւոր ըմպելի մը, որ կը խորհրդանշէ Վերջին Ընթրիքի գինին: Ասիկա օրհնութիւն կը նկատուի, տեսակ մը կրկնումը Վերջին Ընթրիքին:
Սովորութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիւանդութեանց պարագային, Մալաբարցիները հետաքրքրական սովորութիւններ ունին: Ժողովուրդի հասարակ դասակարգը լուսնոտութիւնը, յիմարութիւնն ու ջղային հիւանդութիւնները կը վերագրէ չար ոգիներու ազդեցութեան: Իրենց կողմէ դիտուած է, որ այս հիւանդութիւնները ընդհանրապէս Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրեր կը պատահին: Զանոնք բուժելու լաւագոյն միջոցը նկատուած է այրել Ծաղկազարդի Կիրակիին արմաւենիի տերեւներէ կազմուած խաչը եւ անոր մոխիրէն մաս մը խառնելով ջուրին մէջ խմել: Ասկէ զատ աղօթագիրք մըն ալ կը դրուի հիւանդին բարձին ներքեւ: Եթէ հիւանդութիւնը շարունակուի քահանան կը կանչուի որ դեւերը հանէ: Ան արարողութիւնը կը կատարէ հետեւեալ ձեւով. նախ՝ Աւետարան մը կը դնէ հիւանդին գլխուն, կը բանայ զայն եւ հատուած մը կը կարդայ անկէ: Ապա կը խաչակնքէ ճակատը: Ներկաներ կ'արտասանեն Հաւատամքը: Յետոյ քահանան կը հրամայէ չար ոգիին որպէսզի դուրս ելլէ:
Եթէ այս միջոցին ալ դրական արդիւնք մը չունենայ, քահանան Հաւատք բառը ասորերէն լեզուով թուղթի մը վրայ կը գրէ: Ապա կ'այրէ եւ հիւանդին կու տայ, որ ջուրով խմէ զայն: Երբեմն ալ Տէրունական Աղօթքը կը գրէ լաթի մը վրայ եւ իբրեւ հմայեակ, հիւանդին թեւին կը կապէ զայն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ASSEMANI, Bibliotheca Orientalis (Rome, 1719–28); DE SOUZA.
- Orientale Conquistado (2 vols., Indian reprint, Examiner Press, Bombay).
- Gouvea Antonio de (2003)։ Malekandathil Pius, խմբգր․։ Jornada of Dom Alexis de Menezes: A Portuguese Account of the Sixteenth Century Malabar։ Kochi: L. R. C. Publications։ ISBN 9788188979004 .
- Fr. tr. De Glen, Histoire Orientale etc. (Brussels, 1609); DU JARRIC.
- Jarric Pierre du (1615)։ Thesaurus rerum Indicarum։ Sumptibus Petri Henningii.
- Paulinus a. S. Bartholomaeo (1794)։ «India Orientalis Christiana'»։ Typis Salomonianis
- MacKenzie Gordon Thomson (1901)։ Christianity in Travancore։ Travancore Government Press։ ISBN 9781230341651
- Medlycott Adolphus E. (1905)։ India and the Apostle Thomas: An Inquiry, with a Critical Analysis of the Acta Thomae
- Thalian, George (1961)։ «The Great Archbishop Mar Augustine Kandathil, D: The Outline of a Vocation»։ Mar Louis Memorial Press(Postscript)[permanent dead link](PDF)[permanent dead link].
- Menachery G (1973) The St. Thomas Christian Encyclopedia of India, Ed. George Menachery, B.N.K. Press, vol. 2, 81-87132-06-X, Lib. Cong. Cat. Card. No. 73-905568; B.N.K. Press – (has some 70 lengthy articles by different experts on the origins, development, history, culture ... of these Christians, with some 300 odd photographs). Vol. 1, 1982. Vol. 3, 2010.
- Mundadan, A. Mathias. (1984) History of Christianity in India, vol. 1, Bangalore, India: Church History Association of India.
- Podipara, Placid J. (1970) "The Thomas Christians". London: Darton, Longman and Tidd, 1970. (is a readable and exhaustive study of the St. Thomas Christians.)
- Philip, E. M. (1908) The Indian Christians of St. Thomas (1908; Changanassery: Mor Adai Study Center, 2002).
- Aprem, Mar. (1977) The Chaldaean Syrian Church in India. Trichur, Kerala, India: Mar Narsai, 1977.
- Menachery, George (2000) Kodungallur – The Cradle of Christianity in India, Thrissur: Marthoma Pontifical Shrine.
- Menachery, George & Snaitang, Dr. Oberland (2012)"India's Christian Heritage". The Church History Association of India, Dharmaram College, Bangalore.
- Acts of St. Thomas (Syriac) MA. Bevan, London, 1897
- Tisserant Eugene (1957)։ Hambye E. R., խմբգր․։ Eastern Christianity in India: A History of the Syro-Malabar Church from the Earliest Times to the Present Day։ Westminster: Newman Press
- Michael Geddes, (1694) A Short History of the Church of Malabar together with the Synod of Diamper, London. Ed. Prof. George Menachery in the Nazranies i.e. The Indian Church History Classics I, 1998.
- Puthur, B. (ed.) (2002): The Life and Nature of the St Thomas Christian Church in the Pre-Diamper Period (Cochi, Kerala).
- T.K Velu Pillai, (1940) "The Travancore State Manual"; 4 volumes; Trivandrum
- Menachery G (ed); (1998) "The Indian Church History Classics", Vol. I, The Nazranies, Ollur, 1998. 81-87133-05-8.
- Menachery, George. Glimpses of Nazraney Heritage.SARAS 2005 Ollur.
- Palackal, Joseph J. Syriac Chant Traditions in South India. PhD, Ethnomusicology, City University of New York, 2005.
- Joseph, T. K. The Malabar Christians and Their Ancient Documents. Trivandrum, India, 1929.
- Leslie Brown, (1956) The Indian Christians of St. Thomas. An Account of the Ancient Syrian Church of Malabar, Cambridge: Cambridge University Press 1956, 1982 (repr.)
- Thomas P. J; (1932) "Roman Trade Centres in Malabar", Kerala Society Papers II.
- Marco Polo.(1298) LATHAM, R. (TRANSL.) "The Travels" Penguin Classics 1958
- Bjorn Landstrom (1964) "The Quest for India", Double day English Edition, Stockholm.
- Francis Eluvathingal (ed), Syro-Malabar Church Since the Eastern Code, Mary Matha Publications, Trichur, 2003.
- Francis Eluvathingal, "Patriarchal and Major Archiepiscopal Curia in the Eastern Catholic Legilations based on CCEO Canons 114–125" ORISI, Kottayam, 2009.
- Roman Documents on the Syro-Malabar Liturgy։ Issue 213 of Oriental Institute of Religious Studies, India։ Kottayam: Oriental Institute of Religious Studies։ 1999։ ISBN 81-86063-49-8
- Brock Sebastian P. (2011a)։ «Thomas Christians»։ in Sebastian P. Brock, Aaron M. Butts, George A. Kiraz եւ այլք։ Gorgias Encyclopedic Dictionary of the Syriac Heritage: Electronic Edition։ Gorgias Press։ արտագրուած է՝ 22 September 2016
- Menon A. Sreedhara (1965)։ «Portugese and the Malabar Church»։ Kerala District Gazetteers: Ernakulam (Trivandrum: The Superintendent of Government Presses, Government Press): 128, 131–144
- Brown Leslie W. (1956)։ The Indian Christians of St Thomas: An Account of the Ancient Syrian Church of Malabar։ Cambridge: Cambridge University Press
- Mingana Alphonse (1926)։ «The Early Spread of Christianity in India»։ Bulletin of the John Rylands Library 10 (2): 435–514։ doi:10.7227/BJRL.10.2.7։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-17
- Neill Stephen (2004) [1984]։ A History of Christianity in India: The Beginnings to AD 1707։ Cambridge: Cambridge University Press։ ISBN 9780521548854
- Mundadan Mathias (1967)։ The Arrival of the Portuguese in India and the Thomas Christians Under Mar Jacob, 1498-1552։ Bangalore: Dharmaram College