Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճար
մայր տաճար | |
---|---|
Երկիր | Արցախի Հանրապետութիւն |
Նուիրուած | Յիսուս |
Կարգավիճակ | Պետական նշանակութեան յուշարձան |
Ճարտարապետ(ներ) | Սիմոն Տէր-Յակոբեան |
Ճարտարապ. ոճ | հայկական ճարտարապետութիւն |
Կառուցման սկիզբ | ԺԹ. դար |
Վիքիպահեստում |
Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցի, Հայ առաքելական եկեղեցի Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի մէջ։ Շուշիի մայր տաճարը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի կեդրոնը։ Ներառուած է Շուշի քաղաքի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ եւ կը հանդիսանայ Արցախի խորհրդանիշներէն մէկը։ Կառուցուած է 1868-1887 թուականներուն։ Գանձասարէն ետք` Արցախի երկրորդ կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոնն է[1]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաճարը կը յիշուի Մեսրոպ Թախիտեանի «Ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան» գիրքին մէջ (1820)։ Ըստ Շահէն Մկրտչեանի, զանգակատունը կառուցուած է եկեղեցիէն աւելի կանուխ, եւ ներկայի տաճարին փոխարէն, ԺԸ. դարուն այլ եկեղեցի մը գոյութիւն ունեցած է։
Եկեղեցին կառուցած են Պարսկաստանի Ղազանչի գիւղէն Շուշի գաղթած հայերը, որու պատճառով ալ եկեղեցին կոչուած է Ղազանչեցոց: Կը պատմուի, որ մարդիկ եկեղեցին կառուցած են գլխաւորաբար իրենց արհեստին միջոցով, որն էր ղազան (կաթսայ) պատրաստելը: Կաթսաները ծախելով, մարդիկ գումարները ոչ թէ իրենց բարեկեցութեան, այլ եկեղեցի կառուցելու համար օգտագործած են[2]:
Մինչեւ որ նոր եկեղեցին կառուցուի, ճարտարապետները մեծ հարցի մը դէմ յանդիման կը գտնուին՝ ըստ օրէնքի, իւրաքանչիւր պատարագէ առաջ, պատարագիչ քահանան մեղքերու թողութիւն պէտք էր խնդրէր այլ քահանայէ մը, եւ լսէր հետեւեալ խօսքերը. «Թող քու ականջներդ լսեն, թէ ինչ կը բարբառեն քու շրթներդ», սակայն եկեղեցին ունէր միայն մէկ քահանայ, այդ իսկ պատճառով ճարտարապետները կ'որոշեն կառուցել ընդյատակեայ սենեակ մը, ուր տեղի կ'ունենար հրաշքը՝ քահանան իր մեղքերուն թողութիւն կը խնդրէր, ապա կը լսէր իր ձայնը, որ կ'ըսէր. «Թող քու ականջներդ լսեն, թէ ինչ կը բարբառեն քու շրթներդ»։ Այս երեւոյթը միակն է աշխարհի վրայ, որ մինչեւ օրս ալ գոյութիւն ունի Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ։
Զանգակատունը կառուցուած է շուշեցի Աբրահամ Խանդամիրեանցի կողմէն։ Զանգակատան արեւելեան պատին արձանագրութիւնը կ'ըսէ.
Կառուցման թուականը արձանագրուած է հարաւային պատին վերին հատուածին վրայ[3]։
Եկեղեցւոյ մէջ պահուած է Ս. Գրիգորիսի Աջը[4]:
Եկեղեցին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սրբատաշ կաթնագոյն կրաքարով կառուցուած Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին հայկական ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկն է[5]:
Տաճարը կառուցելու ատեն, ղարաբաղցի շինարարները օգտագործած են հայկական ճարտարապետութեան հին աւանդոյթները եւ վերադարձած գմբէթաւոր կառոյցներու տիպին, որ ամենատարածուածն էր հայկական ճարտարապետութեան նախորդ շրջաններուն՝ Զ.-Է. եւ Թ.-Ժդ. դարերուն[6]:
Քաղաքին ճիշդ կեդրոնը կառուցուած եկեղեցին զգալիօրէն բարձր է բոլոր շէնքերէն եւ շրջապատին կանաչապատ բլուրներուն համայնապատկերին կարծես կ'իշխէ ոչ միայն սարահարթին,այլ ամբողջ ընդարձակ Կարկառի հովիտին վրայ: Յատկապէս ակնբախ է գմբէթը, որու սլացիկ թմբուկը ամբողջ կառոյցին վեհութիւն մը եւ շքեղութիւն մը կը հաղորդէ[7]:
Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքին գլխաւոր մասին շինարարական արձանագրութեան համաձայն` կառուցումը սկսած է 1868-ին եւ աւարտած 1887-ին, իսկ 20 Սեպտեմբեր 1888-ին, Մակար Ա. կաթողիկոս օծած է եկեղեցին:
Եկեղեցին 34․7 մեթր երկայնքով, 23 մեթր լայնքով եւ 35 մեթր բարձրութեամբ ուղղանկիւն յատակագիծով, խաչաձեւ գմբէթաւոր յօրինուածքով կառոյց մըն է։ Չորս ճակատներէն կը բացուին կիսակամարներ։ Ունի 3 մուտք՝ արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն, որոնք ունին միանման ճարտարապետական յօրինուածք մը եւ որոնց առջեւ կառուցուած է երեքական դռներով բոլորաշէն նախամուտքեր։ Նախամուտքերու վերնամասերուն վրայ բացուած են փոքրիկ խաչաձեւ լուսամուտներ։ Գմբէթը յենած է չորս հաստահեղոյս մոյթերու վրայ[3]։
Եկեղեցին հարուստ է զարդաքանդակներով՝ դռներուն, լուսամուտներուն կամարներուն վրայ եւ այլուր։ Լուսամուտներն ունին 1 մեթր լայնք, 5 մեթր բարձրութիւն։ Պատերուն առկայ են հայատառ բազմաթիւ արձանագրութիւններ[3]։
Թմբուկը թեթեւցնելու համար, 16 նիստերը մշակուած են իրարու մէջ ներգծուած պատուհան-որմնախորշերով, իսկ նիստերուն վերնամասը կ'աւարտի զարդերով, որոնց գագաթներէն կը սկսին գմբէթին վեղարի ծաւալին կողերը։
Երկրաշարժի ատեն անշարժ զանգուածին մէջ շինուած խորշերը կը ծառայեն իբրեւ մեղմիչներ[3]։
Ս. Ամենափրկիչը շրջապատուած է հրեշտակներով: Շեփորով հրեշտակները կը խորհրդանշեն Աւետարանի վերջին յարութիւնը: Երբ դատաստանի օրը հրեշտակը փողը փչէ, բոլոր մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, իսկ ողջ մարդիկ նոյն վայրկեանին պիտի մահանան եւ դարձեալ յարութիւն առնեն: Շեփորով հրեշտակները դրուած են զանգակատան վրայ, քանի որ անիկա աշխարհի փողն է, որ մարդիկը միշտ եկեղեցի կը հրաւիրէ: Այսօրուան հրեշտակները նոր են, քանի որ Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ եղած տարիներուն արձանները քանդուած են: Հրեշտակները Շուշի քաղաքի խորհրդանիշը դարձած են:
Զանգակատունը կը գտնուի եկեղեցիէն քանի մը մեթր դէպի արեւմուտք, երեք յարկանի շինութեամբ: Մուտքին կը գտնուին փողեր բռնած հրեշտակներու արձանները, որոնցմէ մէկը պատկերուած է Շուշի քաղաքին զինանշանին վրայ:
Հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շուշիի ջարդերէն ետք՝ 1920-ին, եկեղեցին կը փակուի։ Քաղաքին մէջ բնակող ազերիներուն կողմէ անիկա կը սկսի օգտագործուիլ իբրեւ պահեստանոց, իսկ հետագային` իբրեւ ինքնաշարժի տնակ։ Անկէ առաջ ալ՝ իբրեւ գոմ: Այդ ժամանակահատուածին կը քանդուին եկեղեցւոյ մուտքին գտնուող հրեշտակներու արձանները եւ կ'աւերուի գմբէթը։
Եկեղեցին մասամբ կը նորոգուի 1981-1988-ին:
Արցախեան պատերազմին եկեղեցին հակամարտող կողմերուն համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր։ Հայկական կողմին համար անիկա խորհրդանիշ կը հանդիսանար, իսկ ազերի զինուած ուժերուն համար՝ հրթիռներու պահեստանոց։
8 Մայիս 1992-ին, Շուշիի ազատագումէն ետք, հոն կ'այցելեն Արցախի ռազմաքաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարները։ Կը շարունակուի եկեղեցւոյ եւ զանգակատան նորոգումը, որ կ'աւարտի 1998-ին: Եկեղեցին կը վերաբացուի եւ մեծ հանդիսութեամբ կ'օծուի 19 Յուլիս 1998-ին` Քրիստոսի Պայծառակերպութեան օրը:
Աւերուած գմբէթը եւս կը վերականգնի 1998-ին։
Արցախեան երկրորդ պատերազմին՝ 8 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ազրպէյճանի ռազմաօդային ուժերուն կողմէ կը հրթիռակոծուի եւ կը վնասուի եկեղեցւոյ գմբէթը[8]:
Պատկերներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճար
-
Զանգակատան 2-րդ յարկը տեղադրուած հրեշտակներու քանդակներէն
-
Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ընդհանուր տեսքը, 2013-ին
-
Գմբէթին տեսքը՝ ներսէն
-
Զանգակատունը
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ղազանչեցոց եկեղեցի
- ↑ «Ղազանչեցոցի Մայր Տաճար»։ www.360greatarmenia.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-15
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 Կաղապար:Գիրք:Մկրտչեան:Պատմա-ճարտարապետական յուշարձաններ
- ↑ «ՍՈՒՐԲ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ՂԱԶԱՆՉԵՑՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ - HelpMe.am»։ helpme.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-17-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-15
- ↑ Հայկական ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը
- ↑ Ճարտարապետութիւն
- ↑ «Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցի»։ www.findarmenia.com։ արտագրուած է՝ 2020-10-15
- ↑ «Հրետակոծութենէն վնասուեր է Շուշիի Ս.Ղազանչեցոց եկեղեցին. լուսանկարներ»։ www.1lurer.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-10-08